Հրանդ Տինք Հիմնարկի կազմակերպութեամբ հայերէնի խտացեալ դասընթացները սկսան 11 Յուլիս թուականին։ Մէկուկէս ամսուայ հեռանկարով մեկնարկող դասընթացներուն կը մասնակցին ակադեմական շրջանակներէ եկած հետաքրքիր անձեր։ Դասերը կ՚ընթանան երկու մակարդակի վրայ, որոնց առաջին մակարդարին կը մասնակցին բնաւ հայերէն չգիտցողներ, իսկ երկրորդ մակարդարին Մեսրոպեան տառերուն ծանօթ եղողներ։ Զուգահեռաբար կը շարունակուի նաեւ յետմիջօրէի ծրագիրը, որուն կը հետեւին հայկական մշակոյթի մասին իրենց գիտելիքները յառաջացնել ուզող դարձեալ կարեւոր համեմատութեամբ ակադեմականներ։ Անոնցմէ շատերը իրենց ուսումնասիրած նիւթերու բերմամբ կը հետաքրքրուին հայերէնով։ Ընկերային գիտութիւններու զանազան նիւթերով հետաքրքիր այս խմբաւորումներուն մէջ կը հանդիպինք պատմաբաններու, հնագէտներու, քաղաքական գիտելիքներ սերտողներու եւ այլոց։ Կարելի է համառօտ կերպով ըսել թէ Հրանդ Տինք Հիմնարկը անգամ մը եւս կը ձեռնարկէ խիստ շահեկան աշխատութեան մը։ Հետեւանքը այժմէն յայտնի է թէ գոհացուցիչ պիտի ըլլայ, քանի որ դասընթացներու մասնակիցները ոչ թէ սիրողական դրդումներով, այլ բոլորովին արհեստավարժ գիտակցութեամբ կը մասնակցին եւ կ՚ուզեն զիրենք զինել իրենց համար խիստ կարեւոր գիտելիքով։
Մինչ այդ այլ կազմ մըն ալ ամէն օր կը հետեւի հայկական մշակոյթին ուղղուած դասընթացներուն։ Երկու ծրագիրներուն համար ալ պաշտօնակոչուած են մասնագէտ ուսուցիչներ։