Մտորումներ սուրիացիներու քաղաքացիութիւն շնորհելու շուրջ

Առօրեայ թոհուբոհի մէջ անհրաժեշտ է յետա­դարձ ակ­­նարկով վեր­­յի­­­շել ցարդ կա­­տարուած­­նե­­­րը եւ ըստ այնմ մեկ­­նա­­­բանել վեր­­ջին զար­­գա­­­ցումնե­­րը։

Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան փախստա­­կան­­նե­­­րուն քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն տա­­լու մա­­սին իր ելոյ­­թով դար­­ձեալ օրա­­կարգ կը զբա­­ղեց­­նէ։ Հիւ­­սիս Ատ­­լանտեան Դա­­շին­­քի ժո­­ղովէն վե­­րադար­­ձին իր կա­­տարած յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը ան­­գամ մը եւս պատ­­ճառ դար­­ձան թեր ու դէմ կար­­ծիքնե­­րու ար­­ծարծման։

Յի­­շենք որ «Արա­­բական Գա­­րուն» կո­­չուած ապստամ­­բութիւննե­­րու հո­­սան­­քին Սու­­րիա հաս­­նե­­­լով, ամ­­բողջ արեւմտեան աշ­­խարհը մեծ ոգե­­ւորու­­թեամբ խրա­­խու­­սե­­­ցին Պա­­շար Ասա­­տի դէմ զի­­նեալ ապստամ­­բութիւ­­նը։ Եւ­­րո­­­պական եր­­կիրնե­­րու եւ ԱՄՆ-ի քա­­ղաքա­­կան եւ դի­­ւանա­­գիտա­­կան բնոյ­­թով այդ խրա­­խուսման Թուրքիա մաս­­նակցե­­ցաւ զի­­նուո­­րական մի­­ջոց­­նե­­­րով։ Այ­­լեւս գաղտնիք չէ որ մարտնչե­­լու հա­­մար Սու­­րիա փու­­թա­­­ցող շա­­րիաթա­­կան ջո­­կատ­­նե­­­րը իբ­­րեւ անցման կէտ օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­ցին Թուրքիոյ սահ­­մաննե­­րը։ Սաու­­տի Արա­­բիոյ եւ Քա­­թարի նիւ­­թա­­­կան աջակ­­ցութեամբ, Թուրքիա զէնք ու զի­­նամ­­թերք ապա­­հովեց ապստամբնե­­րուն։ Երկրի վար­­չութիւ­­նը ան­­պաշտօն պա­­տերազմ հռչա­­կեց հա­­րեւան երկրի իշ­­խա­­­նու­­թեան դէմ, ամէն գնով օժան­­դա­­­կեց ընդդի­­մադիր շար­­քե­­­րուն։ Կոր­­ծա­­­նիչ պա­­տերազ­­մի հե­­տեւան­­քով բազ­­մա­­­միլիոն սու­­րիացի­­ներ հար­­կադրուեցան գաղ­­թել Լի­­բանան եւ Թուրքիոյ նման հա­­րեւան եր­­կիրներ։

Թուրքիա զլա­­ցաւ փախստա­­կան­­նե­­­րուն գաղ­­թա­­­կանի իրա­­վիճակ շնոր­­հե­­­լէ։ Անոնք ըն­­դունեց իբ­­րեւ հիւր, որոնք օրի­­նական ոչ մէկ պա­­հանջ կրնա­­յին ներ­­կա­­­յաց­­նել։

Էր­­տո­­­ղանի վեր­­ջին ելոյ­­թը թէեւ կարգ մը սու­­րիացի­­ներու մօտ ու­­րա­­­խու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռած է, քա­­նի որ քա­­ղաքա­­ցիու­­թեան իրա­­ւունք ստա­­նալով պի­­տի կրնան օգ­­տուիլ ըն­­կե­­­րային զա­­նազան իրա­­ւունքնե­­րէ։ Բայց աւե­­լի մեծ մա­­սը ապա­­գայի նկատ­­մամբ հե­­ռան­­կար մը չի տես­­ներ Թուրքիոյ մէջ եւ իր առա­­ջին նա­­խընտրու­­թիւնը կը մնայ պա­­տերազ­­մին դա­­դարի­­լը եւ եր­­կիր վե­­րադառ­­նա­­­լու հնա­­րաւո­­րու­­թիւնը։ Կայ նաեւ զան­­գուած մը որ յետ այ­­սու Սու­­րիոյ մէջ ալ ապա­­գայ չի տես­­ներ եւ կը յու­­սայ արեւմտեան եր­­կիրնե­­րու մէջ նոր կեան­­քի մը ձեռ­­նարկել։

Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի ելոյ­­թը ու­­րիշ գետ­­նի մը վրայ նոր բա­­նավէ­­ճերու առիթ ստեղ­­ծեց։ Թուրքիա իր հիմ­­նադրու­­թեան տա­­րինե­­րէն ի վեր զա­­նազան մի­­ջոց­­նե­­­րով վե­­րացու­­ցած է իր իսկ քա­­ղաքա­­ցինե­­րուն իրա­­ւունքնե­­րը։ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ան­­մի­­­ջապէս յա­­ջոր­­դող շրջա­­նին միայն մէկ ան­­գամ գոր­­ծա­­­ծուե­­լու դրու­­թեամբ ան­­ցա­­­գիր­­ներ ստա­­ցող­­ներ ան­­վե­­­րադարձ հե­­ռացան երկրէն, թո­­ղելով իրենց բո­­լոր ու­­նե­­­ցուած­­քը։ 1922-ին յա­­ջոր­­դող տա­­րինե­­րուն բնակ­­չութեան փո­­խանակ­­ման ծրա­­գիրով բազ­­մա­­­թիւ յոյ­­ներ պար­­տա­­­դիր գաղ­­թե­­­ցին Յու­­նաստան։ 1939-ին նոյն ճա­­կատագ­­րին են­­թարկուեցան Մու­­սա Լե­­րան եօթը գիւ­­ղե­­­րու հայ բնա­­կիչ­­նե­­­րը։ 1964-ին այս ան­­գամ յոյն փոք­­րա­­­մաս­­նութիւ­­նը ճա­­շակեց նման դժբախ­­տութիւն։ Բազ­­մա­­­հազար յոյ­­ներ հար­­կադրուեցան 48 ժա­­մուան մէջ իրենց ծննդա­­վայ­­րը լքե­­լու, իրենց հետ ու­­նե­­­նալով միայն 20 քկ. բեռ եւ 20 ԱՄՆ տո­­լար տա­­րադ­­րամ։

1980-ի զի­­նուո­­րական հա­­րուա­­ծէն ետք այս ան­­գամ ալ բռնա­­կալ զօ­­րավար Էվ­­րէն երկրէն խոյս տուած ընդդի­­մադիր­­նե­­­րու քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւնը ջնջել փոր­­ձեց։

Երբ կը խօ­­սուի օտար երկրա­­ցինե­­րու՝ այս օրի­­նակին մէջ սու­­րիացի­­ներու քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն շնոր­­հե­­­լու մա­­սին բնա­­կանա­­բար զա­­նազան­­ներ ալ կը յի­­շեց­­նեն երկրին քա­­ղաքա­­ցին ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ իրա­­ւունքնե­­րէն զրկուած հա­­յերու, յոյ­­նե­­­րու, ասո­­րինե­­րու եւ այ­­լոց մա­­սին։

Սա­­կայն որ­­քա՞ն իրա­­ւացի է հիմ­­նադրու­­թեան շա­­ղախին մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերու արիւ­նը խառ­նուած պե­տու­թե­նէ արդարութիւն ակնկալել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ