Կեանքը անհամար անակնկալներ կը մատուցէ ապրողին։ Մտքովս իսկ չէր անցներ թէ երկու օր առաջ պիտի ապրէի այնպիսի ապրումներ որոնք զիս տարին 44 տարիներ ետք, վերյիշելու համար կեանքի քաղցր պահեր։
Կեդրոնական Սանուց Միութեան մէջ մէկտեղուած ենք խումբ մը ընկերներ։ Նախապէս ճշդուած ծրագիրով պիտի այցելենք մեր դպրոցի աւագ սաներէն մէկուն տունը։ Երբ Կարապետը, Աննան, Զաւէնը, Հայկազունը, Յովհաննէսը (Կուլաք), Սեդան (Քորքոր) ու ես ուղղուեցանք մեր իրաւագէտ ընկերոջ Արա Ղուպեսերեանի միութեան հարեւանութեամբ Չիմէն փողոցի տունը, հետերնիս քանի մը շիշ այդ ժամանակուայ աժան եւ ընտիր գինին «Հեթիթեր» ունէինք միայն եւ աղոտած պիստակներ։ Կարմիր կրաղիւսներով երկյարկանի բնակարան մը, որուն նկուղի ընդարձակ սենեակը կը պատկանէր Արային։ Այդ տարիներուն մեզմէ քիչեր միայն ձայնասկաւառակ նուագող գործիքներ ունէինք։ Իսկ Արան ունէր «Gerard» մակնիշով գործիք մը, որ իր stereo կազմով բարձրորակ ձայն կ՚ապահովէր։ Այդ գիշեր երկիւղածութեամբ լսեցինք Պէթհովէնի 9-րդ համանուագը՝ Հէրպէրթ Ֆոն Քարաեանի ղեկավարած Պերլինի ֆիլհարմոնիքի կատարումով։ Ապա վրայ հասաւ գրականութեան նիւթերով հաճելի զրոյց։ Քննարկեցինք Ճէք Լանտընի հիւսիսային հէքիաթներու մէջ յայտնուող տիալէքթիկ կառուցուածքը։ Չբաւարարուեցանք այսքանով եւ Արան մեզի համար ընթերցեց Ամերիկացի այս մեծ հեղինակի «կրակ վառել» անուն պատմուածքը։
Վերջապէս օրը աւարտեցինք Չարենցեան բանաստեղծութիւններու արտասանութեամբ։
Այս առաջին այցելութեան պատճառած յագեցումը առիթ տուաւ յաջորդող հանդիպումներու։ Քանի մը տարի ետք Արաենք ընտանեօք փոխադրուեցան Վոսփորի Քիրէչպուրնու թաղամասը, ուր կրկին շարունակուեցան մեր երաժշտութեան, գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան նիւթերով լեցուն հանդիպումները։
Այս ապրումներուն վրայէն աւելի քան 40 տարիներ անցած են եւ ես զաւկիս Վարդանի, ընկերոջս դուստր Թամարի եւ ամուսնոյն՝ Էմրէճանի հետ կրկին բռնած ենք Վոսփորի ճամբան, այս անգամ Պիւյիւքտէրէյի մէջ ծովահայեաց մի այլ պատշգամբի վրայ երաժշտութիւն լսելու համար։
Ակադեմական Եքթան Թիւրքեըլմազ այս եռայարկ տան մէջ կը բնակի իր ծնողներուն հետ։ Եթէ նման եռայարկ տունի մը նկուղը Արայի յատուկ սենեակն էր, այստեղ ալ նոյն եռայարկ բնակարանի վերնայարկը կը պատկանէր Եքթանին։ Ան հին ձայնապնակներու հարուստ հաւաքածոյ մը ունի։ Տարիներու ընթացքին հաւաքած է բազմաթիւ ձայնագրութիւններ, որոնցմէ հնագոյնը կը կրէ 1898 թուականը։ Երգուածը «կռունկ» է եւ հաւանաբար ալ Կոմիտասի մշակումէն աւելի կանուխ մեկնաբանութիւն մը։ Ապա կը լսենք ԱՄՆ-ի, Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ մէջ ձայնագրուած ու հրատարակուած բազմաթիւ երգեր։ Կը տողանցեն Արեւմտեան Հայաստանի եւ Անատոլիայի բոլոր լեզուներով երգուած երգեր։ Քրտերէններ եւ թրքերէններ կը լսենք հայ եւ յոյն կատարողներու ձայնով։ Եքթան լրացուցիչ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ թէ երգիչ, երգչուհիներու, թէ այդ ձայնագրութիւններու արձանագրութեան պայմաններու եւ թէ հրատարակողներու կամ սպառողներու մասին։
Սպառող, դատարկացող գինիի շիշերը չեն մեր հարբածութեան պատճառը, այլ մատնուած երաժշտական զգլխեցուցիչ միջավայրը։
Օրը կ՚աւարտենք «Մէտ Նուչէ» հեռուստակայանի մէջ մեր հեղինակած «Պատուհան» հաղորդումին համար նկարահանումի մը խոստումը ապահովելով։
«Մենք ու Մերոնք»ի սիւնակին մէջ միշտ նախասիրութիւնը տուինք «մերոնք»ը յուզող նիւթերուն։ Եթէ այս անգամ խօսքը վերաբերած է աւելի շատ «մենք»ի, թող ընթերցողը ներող ըլլայ։