ԳԱՐԻՆ ՊԱԼ
karinbal89@gmail.com
Հայկական վարժարաններէ ներս վերջին շրջանին յաճախ կը պատահին աշխատանքէ հեռացումներ եւ պաշտօնի փոփոխութիւններ որոնք կը մղեն մտածելու ուսուցիչներու իրաւունքներու նիւթին շուրջ։ Ուսուցիչ մը ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանէ իր իրաւունքը երբ հեռացուի իր պաշտօնէն։ Երիտասարդ ուսուցիչ մը ինչպէ՞ս տեղեակ պիտի դառնայ իր իրաւունքներուն։ Նիւթեր՝ որոնք այդքան ալ յստակ չեն։ Այս մասին զրուցեցինք ուսուցիչներու հետ որոնք մատնանշեցին բացակայութիւնը հաստատութեան մը, որ պիտի կարենար զիրենք տեղեակ պահել իրենց իրաւունքներուն մասին կամ պաշտպանել զանոնք։ Իրենց հետ զրուցեցինք նաեւ պետական վարժարաններու եւ քօլէժներու մէջ պաշտօնավարող իրենց պաշտօնակիցներուն հետ եղած տարբերութիւններուն ու այլ ակնկալիքներուն մասին։ Բաւական խօսուն է այն պարագան որ մեր զրուցակիցները չուզեցին յայտնել նոյնիսկ իրենց անունները կամ իրենց պաշտօնավարած հաստատութիւններուն անունները։
Ոմն Ա- «Մարդիկ հարցերը կը փորձեն լուծել ծածկաբար»
Ինչպէս այլ հաստատութիւններու մէջ պաշտօնավարողները, այնպէս ալ ուսուցիչները անշուշտ ունին բազմաթիւ հարցեր մեր հասարակութեան մէջ, որ դեռ կը շարունակէ մնալ որպէս համայնք։ Նախ եւ առաջ մարդիկ հարցերը կը փորձեն լուծել ծածկաբար։ Անշուշտ այս մէկը ունի իր ընկերա-քաղաքական պատճառները։ Մեր հասարակութեան մէջ ուսուցիչներու ամենամեծ հարցը թերեւս միասնաբար պայքարելու հնարաւորութենէն, կազմակերպեալ կառոյցէ մը զուրկ ըլլալու կացութիւնն է։ Այս պատճառով ուսուցիչները երբ վռնտուին կամ մոպպինկի ենթարկուին՝ չունին հարթակ մը ուր կարենային պայքարիլ միասնաբար։ Հետեւաբար ուսուցիչները իրենք զիրենք ապահով չեն զգար։ Ակնյայտ է որ մեր վարժարաններուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչները չունին արհեստակցական միութեան (սենտիքա) նման կառոյց մը։ Երբ ուսուցիչ մը անիրաւութեան ենթարկուի՝ կամ կը լռէ բոլորովին եւ կամ իր իրաւունքը կը ջանայ պաշտպանել անհատապէս, ինչ որ մեծ աղմուկ մը չի ստեղծեր։ Չեմ կարծեր որ Ուսուցչաց Միութիւնը ունենայ գործառոյթ մը։ Ան առնուազն կրնայ համատեղել ուսուցիչները եւ կամ ստեղծել տարածք մը, ուր անոնք կարենան քննարկել զիրենք յուզող նիւթերը։
Ընդհանրապէս քօլէժներու մէջ կրթութիւնը կը մեկնի առեւտրական նպատակներէ եւ ուսուցիչ-գործատու-աշակերտ յարաբերութիւնները կրնան վերածուիլ արհեստականի. աշակերտները կը դառնան յաճախորդ, իսկ ուսուցիչները՝ կրթութիւն վաճառող։
Ոմն Բ- «Հարկաւոր է նոր նախաձեռնութիւն մը»
Մեր համայնքէն ուսուցիչ մը երբ կը պարտադրուի հրաժարելու՝ բաւարար տեղեկութիւն չունի իր իրաւունքներուն մասին եւ չի գիտեր թէ ուր պիտի դիմէ։ Կը բացակայի այն հարթակը, որ պիտի պաշտպանէր կամ նեցուկ պիտի ըլլար իրեն։ Հետեւաբար միջոց մը ետք կը սկսին անբաւարար դառնալ իր անհատական ջանքերը։ Այլ է պարագան պետական վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներուն, որոնք ունին միութիւններ։ Երբ նման հարց մը պատահի, միութիւնը նեցուկ կը կանգնի, փաստաբան կը տրամադրէ եւ կը պաշտպանէ իրաւունքները։ Ունինք Ուսուցչաց Միութիւն, սակայն ան դեր մը ունի՞ մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ։
Ոմն Գ- «Դպրոցի վարչութիւնը ուսուցի՞չ, թէ խամաճիկ կը փնտռէ»
Աշխատանքէ հեռացումը վերածուած է նորոյթի մը, որ պէտք է կիրարկել ամէն տարեվերջին։ Ինչո՞ւ նորոյթ մըն է։ Առաջին հերթին թէ՛ պաշտօնի կոչելու, թէ հեռացնելու ժամանակ պէտք է պատասխանել որոշ հարցումներու։ Պաշտօնի կոչելու ժամանակ թեկնածուին ունեցած գիտական եւ զգացական յատկութիւններէն դուրս, կարեւորութիւն կ՚ընծայուի իր որ մէկ համայնքայինի ազգականը կամ բարեկամը ըլլալը։ Չեմ կրնար ըսել թէ տարուան մը ժամկէտով գործի ընդունուած ուսուցիչը ինքզինք ապահով կը զգայ։
Դպրոցը ամբողջութիւն մըն է։ Կարելի չէ առանձինն երեւակայել ուսուցիչը, ծնողը, աշակերտը եւ վարչութիւնը։ Եթէ խանգարում մը պատահած է՝ ամէն ոք պէտք է ինքզինք հարցաքննէ։
Թագուհի Հալաճեան- «Ուսուցչաց Միութիւնը որեւէ ներգործութիւն չունի»
Մենք որպէս Ուսուցչաց Միութիւն այս նիւթի մէջ որեւէ ներգործութիւն չունինք։ Մեր վարժարանները անցեալին ունէին փոքրամասնական դպրոցի կարգավիճակ եւ Լոզանի դաշնագրի համաձայն կը գործէին։ Սակայն երկար ժամանակէ ի վեր դրութիւնը փոխուած է եւ հայկական դպրոցները ունին մասնաւոր դպրոցի կարգավիճակ, հետեւաբար ուսուցիչները ոչինչ կրնան ընել գործէ հեռացուելու պարագային։