-Բարձրութենէն կը վախնա՞ս։ 300 մէթր է։
-Ո՛չ, կ՚ըսէ ուղեկիցս։ Քանի՞ վայրկեան կը տեւէ։
-Տասնմէկ։
Երբ որ կը գոցուին «Տաթեւեր»ի դռները ու աշխարհի «յետադարձ կապով ամենաերկար» այդ ճոպանուղին կ՚ուղղուի Հալիձորէն դէպի Տաթեւի վանք, -մօտ վեց քիլոմէթրանոց ոստում կատարելով Որոտանի կիրճին վրայ-, քսանի չափ ուղեւորներու ընդդէմ յայտնուող հիասքանչ համայնապատկերը թելէ մը կախուած խօսակցութիւն կը ներշնչէ «ուղի»ներու մասին։
-Հակառակ իր պարզ տեսքին եւ կազմին, հայոց լեզուի մէջ ամենէն շատ ճամբայ կտրած բառն է «ուղի»ն։ Սիրած է ունենալ ուղեկիցներ՝ յետադաս եւ նախադաս մասնիկներ։ Չէ՞ որ առանձին ճամբորդել հաճելի չէ... Օրինակները շատ են. ուղեւոր, ուղեգնաց, ուղեւորութիւն, ուղեկցիլ, ուղեկից, ուղեգիծ, ուղեգիրք, ուղեչափ, ուղեպան, ուղետոմս, ուղեգրութիւն, ուղեցոյց...
-Եթէ չկարենանք վանքը գտնել՝ ուղեկորույս...
-Իսկ աւելի պատկերալից են անոր նախադաս մասնիկով աճած շառաւիղները. ծառուղիները Երեւանի, Հիւսիս-Հարաւ մայրուղին, Երեւանի բերդի գաղտնուղիները, բնակարաններու կոյուղիները, Սայաթ-Նովա փակուղին, Թբիլիսեան խճուղին, Արփա-Սեւան փապուղին...
-Եւ մայրաքաղաքի երիտասարդներուն ամենասիրածը՝ Սիրահարներու Այգիի ճեմուղիները...
-Եւ դեռ՝ արտուղի, կպրուղի, նրբուղի, ներքնուղի, գողուղի, զարտուղի, ջրուղի, քարուղի...
Հալիձորի գիւղը, որ թառած է կիրճի կատարին եւ ուրկէ կը սկսի արկածախնդրական այս ճանապարհորդութիւնը, դանդաղօրէն կը հեռանայ, կը փոքրանայ։ Դիտողը այժմ կ՚առանձնանայ յաճախ ուղղահայեաց՝ անտառապատ լանջերու, թաւալող ջուրերու, ջրվէժներու, ոլորապտոյտ արահետներու եւ քարքարոտ զառիվեր բլուրներու՝ վայրի, բայց հիասքանչ տեսարանով։
-«Ուղի» բառը սկիզբը այսքան ճիւղաւորուած չէր, այսքան թեւեր չէր առած։ Ունեցեր է նախա-հնդեւրոպական շատ համեստ արմատ, «uł», որ պահպանուած է հին հայերէնի նախաձեւին մէջ՝ «ուղ»։ Այս արմատէն ծագած է յունարէն αὐλός, -aulos /աւլոս- բառը, «խողովակ, անցք, ծակ»։ Յոյներու «εναυλος» էնաւլոս բառը «գետի անկողին» է, իսկ «αυλων» աւլօն բառը՝ «կիրճ, հովիտ, փոս, նեղուց»։ «Աւլոս»ը նաեւ հին Յունաստանի սրինգն էր։ Ունէր երկու տեսակ. միափող եւ երկփող։ Նոյն արմատէն եկած են խեթերէն auli, լատիներէն alvus «խոռոչ, փոր», alveus «խոռոչ, փոս, գետի անկողին», ինչպէս նաեւ՝ չեխերէն ulice, հին սլաւոներէն ulica եւ ռուսերէն «ուլիցա» բառերը, որոնք կը նշանակեն փողոց, նրբանցք, մինչ՝ լիթուաներէն aulys, լեթթոներէն aulis, սլովաքերէն ulj բառերը կը նշանակեն «մեղուի փեթակ, սնամէջ ծառ, կոճղ»։
Կիրճի յատակը այժմ կը յայտնուին Հարանց անապատն ու Սատանի կամուրջը, մէկը մարդու, իսկ միւսը՝ բնութեան ձեռքով կերտուած երկու հրաշքներ։
- «Ուղի»ն, բնականաբար, նախ կ՛ընթանար հողի վրայ։ Ապա, -քաղաքակրթութեան եւ մարդու երեւակայութեան հետ զուգահեռ-, սկսեր է ձերբազատուիլ անկէ. ընթացեր է երկաթ գիծերու վրայ, ապա թելէ մը կախուած ու վերջապէս օդի մէջ՝ առկախ, օդանաւային ընկերութիւններու համար գործածուած։
- Հասկցա՜յ... «երկաթուղի», «ճոպանուղի», բայց երրորդը...
- «Աւիաուղի»։ Բառագիւտ մըն է որ կատարեր ենք հայրենիքի մէջ։ Բարդ բառ մը, լատիներէն avis «թռչուն» եւ բնիկ հայկական «ուղի» բառերը զուգելով կազմուած, համապատասխան՝ «airlines» միջազգային բառին։
- Ինչպէս «Armavia» ընկերութիւնը, որ Հայաստանի ազգային օդանաւային ընկերութիւնն էր։
- Իսկ նոր շրջաններուն «ուղի»ն ստացեր է փոխաբերական իմաստ. գործունէութիւն, ընթացք, կեանք։ «Իմ ուղին միշտ մթին, մենաւոր/Կը գնամ իմ դժկամ ցաւի հետ» (Վ. Տէրեան)։ Ունինք պատկերալից դարձուածքներ. «Արիւնոտ ուղի»՝ զոհերով լեցուն, ծանր կեանք, «Կորագիծ ուղի»՝ ոչ շիտակ վարքագիծ, ընթացք։
- «Ուղի»ն մինչեւ ո՞ւր կրնայ երկարիլ։
- Լեզուաբանականօրէն՝ մինչեւ «յուղարկաւորութիւն» եւ անոր պարագաները. յուղարկ՝ երթալ, յուղարկաւոր, ուղերկութիւն՝ «մեռելի յուղարկաւորութիւն»։ Ամէն ուղեւորութիւն պիտի ունենայ իր վախճանը, չէ՞։ Ինչպէս այս մէկը։ Ահա՝ հասանք։
Կը բացուին Տաթեւերի դռները ու ճամբորդները կ՚ուղղուին դէպի վանական համալիր։ Բոլորը առատ ժամանակ ունին աղօթելու, լուսանկարելու, տպաւորուելու... Յուշանուէրներու խանութը ունի շրջանի տեսարժան վայրերու լուսանկարներով պատրաստուած բացիկներ։
- Մէկ հատ առնենք, տուն ուղարկենք։
- Ուղի արկանել... Ի՜նչ գեղեցիկ արտայայտութիւն։ «Ուղի» բառը բացիկներու, կամ նամակներու հետ գաւառէ գաւառ շրջած՝ առած է ինքնուրոյն ձեւեր. արցախցին ուզեր է իր ապրանքը «հղէ անել, ղարկել», երեւանցին՝ «հղու անել, ղարգել», ջուղացին՝ «աղարկել», սալմաստցին՝ «օղօրկել», ագուլիսցին՝ «ըղա՛րկիլ, ղա՛րկիլ», մշեցին՝ «օղըրգել, ըղըրգել», վանեցին՝ «էօրէօխկել», ախալցխացին՝ «ղրկել», սեբաստացին՝ «ղրգել», սվեդիացին՝ «ղրգիլ» խարբերդցին՝ «խրգիլ» ու վերջապէս ակնցին եւ պոլսեցին՝ «խրգէլ»։
Վերադարձի ճամբուն մեր ականջներուն կ՚ընկերակցի Ռոպերթ Ամիրխանեանի հմայիչ երաժշտութիւնը, Միսաք Մեծարենցի բառերով հիւսուած, ուր «ուղի» բառը սէր եւ խաղաղութիւն կը ներշնչէ բոլորին.
«Կարմիր ծաղիկ մը գարունի
Առտու մը ինծի նուիրեցիր.
Խանդաղատանք մը յորդեցաւ
Իմ նուաղկոտ լանջքիս տակ՝
Ու թովանքը համբոյրին հուր։
Ու մետաքսէ ուղի մը զիս
Սէր-Ծաղիկին տարաւ ածուն»։
Տաթեւի վանքը