ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Որքան սիրած էինք «Վարդավառ» բառը «վարդ» արմատով մեկնաբանել։ Վերջապէս ծաղիկներու այդ թագուհին զանազան գործածութիւններով բառարմատի մը վերածուած է մեր լեզուի մթերանոցին մէջ։ Յատկապէս իգական սեռի անձնանունն է ան զանազան տարբերակներով։ Բայց ոչ միայն իգական սեռի, քանի որ արական անձնանուններուն մէջ ալ յաճախ կը հանդիպինք զանազան գործածութիւններու։ Սակայն այս հանգրուանն ալ մեր դիմաց կը հանէ երկրորդ հաւանականութիւն մը։ Կրնա՞յ ըլլալ որ Վարդգէս, Վարդերես եւ նոյնիսկ Վարդանոյշ, Վարդուհի, Վարդիթեր անունները, իբր արմատ ունենան նոյն ինքն Վարդանը։
Ստուգաբանութիւնը կրնայ տուայտիլ այս վարկածներու միջեւ, բայց յստակօրէն կրնանք ըսել որ Վարդավառի բառակազմութիւնը ստուգուած է եւ ան կապ չունի Վարդի կամ Վարդանի հետ։ Բառը հայերէնի փոխադրուած է խեթերէնէ եւ կազմուած է «Վատառ» այսինքն «ջուր» եւ «առ» այսինքն ցողել բառերէ, որ միասնաբար կը յիշուէր «վատառառ» գործածութեամբ։ Այսքանը բաւ է որ համոզուինք, թէ մինչեւ օրս հասած Վարդավառի աւանդութեան ծագումը կը հասնի հնադարեան շումերական ծիսակատարութեան, որուն գլխաւոր նիւթն էր ջուրը։ Հայեր 301 թիւին քրիստոնէանալով փոխանակ բազմադարեան հեթանոց աւանդութիւնը ուրանալու, զայն պատշաճեցուցին նոր կրօնքին։ Այսպէսով տօնական մթնոլորտի մէջ մարդկանց զիրար թրջելու զուարճալի սովորութիւնը հասաւ մեր օրերուն։ Այստեղ շահեկան երեւոյթ մը կայ։ Համշէնցիք մօտ չորս դար առաջ քրիստոնէութենէն հրաժարելով որդեգրած են իսլամ կրօնը, բայց չեն հրաժարած երկու բանէ՝ հայախօսութիւն եւ Վարդավառի տօնակատարութիւն։ Անշուշտ անոնք այժմ կարիք չեն զգար ջրառատ այս սովորոյթը իսլամութեան հետ պատշաճեցնելու, այլ զայն կը շարունակեն իբրեւ ազգագրական աւանդոյթ։
Համահայկական այս սովորոյթը իր կենդանութիւնը կը պահէ միայն երկու վայրերու մէջ՝ մէկը Հայաստան, իսկ միւսը Համշէնի լեռնադաշտեր։ Բնական երեւոյթ մը, քանի որ միայն այս երկու վայրերուն մէջ հայերը կ՚ապրին բնօրրանի պայմաններով։ Մնացեալ բոլոր հայութիւնը զիրար թրջելու համար պիտի գոհանայ խորհրդանշական միջոցներով։ Պոլսոյ մէջ կամ սփիւռքի որեւէ մէկ անկիւն հազիւ բաժակ մը ջուր կը թափես ուրիշ հայու մը վրայ։ Աւելին անհաճոյ կրնայ ըլլալ։ Իսկ հայաստանցին նոյնիսկ խխում դարձած ըլլայ, կը բաժնէ այդ տօնական ուրախութիւնը։
Այս միտքի դեգերումներուն մէջ մենք ալ տօնական ուրախութեամբ ընթերցողին հետ կը բաժնենք ողբացեալ Սարգիս Սերովբեանի եօթը տարիներ առաջ այս էջերուն վրայ լոյս տեսած Վարդավառի գրութիւնը։
«Վարդավառ. -Հէր պիր շէյին վաքթի վար»
Այսպէս է ըսեր Վարդավառի տօնի մասին ժողովուրդն՝ ամենաիմաստուն։
Նաեւ տարեւորներ օր առաջ հանգանակութիւններ ու մատաղ կ՚ընեն եղեր երաշտի, մարախի, հիւանդութեան կամ ուրիշ արկածներու դէմ ու ժամուն մէջ կ՚աղօթեն. «Տէ՛ր պահէ մեզ Վարդավառի բուքէն ու կարկուտէն, Տէրնտասի տաք ու շոգէն…»։
Այս մասին այժմ խօսքը կու տանք Վահան Վարդապետ Տէր Մինասեանին.-
«Չկայ աշխարհիս մէջ տօն մը, որ հնագոյն ըլլայ Վարդավառէն։ 4-5 հազար տարուան տօն է այս, զի հաստատուած է Նոյ Նահապետէն։ Բոլոր հայերն ի վաղուց անտի կը տօնեն Վարդավառը, ամէն տեղ եւ ամէն ատեն գոյնզգոյն ծաղիկներով, կարմիր վարդերով վարդապսակ զարդարուեցան եւ զարդարեցին նաեւ իրենց բագինները կամ տաճարները, անոր համար այս տօնը Վարդավառ կոչուեցաւ։ Հայերն իրարու վրայ ջուր սրսկեցին կամ գետերու եւ ձորերու մէջ լողացին, աղաւնիներ թռցուցին ի յիշատակ Նոյի եւ Ջրհեղեղին։ Հին ատեն այս տօնին օրն էր Նաւասարդի առաջին օրը, Ամանորը, տարւոյն առաջին օրը։ Այս հինաւուրց տօնը, ա՛լ աւելի փառաւորապէս սկսաւ կատարուիլ, երբ զայն Գրիգոր Լուսաւորիչ նուիրագործեց Կեսարիայէն Սուրբ Կարապետի մարմինն ի Մուշ փոխադրելով»։
Այսպէս կ՚ըսէ Անգիր Դպրութեան մէջ Վահան Վրդ. Պարտիզակցին, յիշելով, որ Վարդավառի օրերուն անցորդ մը ուրիշ անցորդ մը կը հրէ դէպի լիճն կամ առուն, որ ոտքէն գլուխ թրջուի։ Թրջուողն ալ նոյնը կ՚ընէ ուրիշի մը եւ այսպէս կը շարունակուի։ Իսկ Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի վանքը Վարդավառի շաբաթը ուխտավայր էր շրջանի հայերուն, մանաւանդ աշուղներու եւ լարախաղացներու համար, որոնք առաջիննները իրենց սազը գիշեր մը կը թողէին Ս. Կարապետի խորանի առաջ ու հազիւ անկէ վերջ կը դառնային ժողովուրդի երգիչ. իսկ լարախաղացները եկեղեցւոյ գմբէթներու միջեւ պրկուած լարերու վրայ արդէն ուխտաւոր ժողովուրդին ցոյց կու տային իրենց ճարպիկութիւնը։
Այս աւանդութիւնը, հոգ չէ թէ մասամբ, կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը, աշխարհի բոլոր Ս. Կարապետի ձօնուած եկեղեցիներուն ու անդաստաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Սկիւտար թաղի մշեցւոց Ս. Կարապետ եկեղեցին։ Արդէն տարօնցիները աշխարհի վրայ ուր որ գացեր են, անպայման հիմներ են իրենց եկեղեցին ու անուաներ՝ Սուրբ Կարապետ։
Այսօր Վարդավառը բառական իմաստով մեծապէս կորսնցուցած ըլալ կը թուի իր սկզբնական շրջանի փայլն ու աւանդոյթները, ինչպէս օրինակ, Վարդավառէն առաջ խնձոր չուտուիլը կամ այլ աւանդոյթներ, սակայն ջրցօղումը պահուած է իբրեւ հին հայոց ջրապաշտութեան հաւատալիք, որուն մէջ պէտք է փնտռուի Վարդավառ բառին ստուգաբանութիւնը, որ միշտ կարծուած է թէ վարդ բառին հետ կապ ունի, եւ սակայն անուանի լեզուաբան Գր. Ղափանցեան ապացուցած է որ այս բառը կը ծագի խեթերէն wadar=ջուր եւ arr=ցօղել- այսինքն՝ wadar arr=ջրցօղում բառէն, եւ ինչպէս նշած էինք «վատար-առ»ը դարձած է վարդավառ, ինչպէս կարգ մը այլ բառերու մէջ ունինք նման դրափոխութիւններ՝ խստոր-սխտոր, կապերտ-կարպետ եւլն.
Վարդավառի գրութիւնը կ՚աւարտենք Վարդավառի «մանի»ով մը.
«Ծառան տակը մնացի,
Փէշտիմալըս լուացի.
Խապար էրէք իմ մօրկան
Ես հոս ղէրիպ մնացի։
Հիւանդ եմ, հալուկ չունիմ,
Ճահիլ եմ, եարուկ չունիմ.
Եարըս դրած խէֆէսը,
Տեսնելու ճարուկ չունիմ։
Տարին տասներկու ամիս,
Խնծորը հոտաւ գօտիս.
Նէ խնծորին տէրն էկաւ,
Նէ եարիս խապարն էկաւ»։
(Ս.Ս. - «Ակօս», 17 Յուլիս 2009)