PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Կանչ «Դռնբացէք»ի

Հայ գրականութեան ամենասիրուած բանաստեղծներէն Պարոյր Սե­ւակ, Կո­միտաս վար­դա­պետի ձօ­նուած իր նշա­նաւոր գոր­ծի՝ «Անլռե­լի Զան­գա­կատուն»ի տո­ղերուն մէջ կը դի­մէ մեծ եր­գա­հանին, «բայց դրուատ­ման ի՞նչ խօս­քե­րով փա­ռաբա­նեմ քեզ վար­դա­պետ» կը հարցնէ ու կը շա­րու­նա­կէ իր ճա­րահա­տու­թիւնը «թէ աղ­քատ է թուում յան­կարծ, բա­ռարա­նը մեր հայ­կա­զեան» տո­ղերով։

Նման ճա­րահա­տու­թեան կը մատ­նըւինք երբ կը հար­կադրուինք թրքա­կան մա­մու­լին օգ­տա­գոր­ծած նա­խատին­քի բա­ռամ­թերքին հա­մապա­տաս­խան հա­յերէն բա­ռեր փնտռելու։ Եշիլ­գիւղի օդա­կայա­նի ահա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մէն ետք Թուրքիոյ հա­մարեա բո­լոր օրա­թեր­թե­րը յա­ջորդ օր գոր­ծա­ծեցին «հաին­լեր», «ալ­չաքլար», «քալ­լէշլեր», «քահ­պէ­լեր», «քան­սըզլար» եւ այլ նուաս­տա­ցու­ցիչ բա­ռեր։ Հետզհե­տէ կա­ղապա­րուած այս բա­ռամ­թերքի հարստու­թիւնը ակա­մայ մտա­ծել կու տայ մշա­կոյթնե­րու եւ անոնց լե­զուա­կան հարստու­թեան եւ նոյնպէս աղ­քա­տու­թեան մա­սին։ Ան­շուշտ որ վե­րեւ յի­շուած թրքե­րէն բա­ռերուն կամ ածա­կան­նե­րուն հա­մապա­տաս­խաննե­րը գտնուին հա­յերէ­նի մէջ ալ։ Պար­զա­պէս անոնց նման փո­խաբե­րական իմաստնե­րով եւ այս աս­տի­ճանի շռայ­լութեամբ սպա­ռու­մը ան­սո­վոր է մե­զի հա­մար։ Ինչ պի­տի նշա­նակէ եթէ «քան­սըզլար» բա­ռը թարգմա­նենք «արիւ­նա­զուրկ»։

Իրա­կանու­թեան մէջ թրքա­կան մա­մու­լին հայ­հո­յան­քի բնոյ­թով այս բա­ռերը իր խո­րագիր­նե­րուն մէջ այսքան առատ գոր­ծա­ծելն ալ ու­րիշ տե­սակ ճա­րահա­տու­թեան մը ապա­ցոյցն է։ Անի­րաւը ակա­մայ իր բար­կութիւ­նը կ՚ար­տա­յայ­տէ նման եղա­նակով, այ­սինքն հայ­հո­յան­քով։

Ցա­ւալի է այն իրո­ղու­թիւնը որ ապ­րած երկրի կլի­ման կ՚ազ­դէ բո­լորին վրայ։ Հետզհե­տէ Թուրքիոյ հայ հա­սարա­կու­թիւնն ալ կը տա­րուի այս տե­սակի հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րով։ Վեր­ջա­պէս մեր մէջ ալ քիչ չեն այն մար­դիկ որոնք իրենց որ­դեգրած սխալ ուղղութեան բեր­մամբ դա­տապար­տուած են ի՜նչ ի՜նչ եղա­նակ­նե­րով եւ երբ տրա­մաբա­նական բա­ցատ­րութիւ­նով մը չեն կրնար դուրս գալ իրենց մատ­նուած անե­լէն, կը դի­մեն ան­պատշաճ եղա­նակ­նե­րու։ Կա­մայա­կան որո­շու­մով ու­սուցի­չը կը զրկեն իր պաշ­տօ­նէն եւ որով­հե­տեւ այդ որո­շու­մը ար­դա­րաց­նող տրա­մաբա­նական բա­ցատ­րութիւն մը չեն կրնար ներ­կա­յաց­նել, «Դպրո­ցի վար­չութիւ­նը դժգո­հու­թիւն չու­նե­նայ իսկ մեր որո­շու­մը ան­փո­փոխ է», կ՚ըսեն։ Չեն հան­դուրժեր որե­ւէ քննա­դատու­թեան։ Իրենք առանց խոր­հե­լու կ՚ըսեն այն ինչ որ միտ­քերնին կու գայ, բայց երբ ու­րի­շը այդ խօս­քե­րուն հա­կազ­դէ, փո­խանակ իրենց միտ­քը պաշտպա­նելու, կը մե­ղադ­րեն զի­րենք քննա­դատո­ղը։ Յա­ճախ հան­դի­պած ենք նման քննա­դատու­թիւննե­րէ ետք «ազ­գա­յին կամ հո­գեւոր սրբու­թիւննե­րը նա­խատե­լու» մե­ղադ­րանքին։ Այս բո­լորին մէջ կը սի­րեն նաեւ «հաս­տա­տու­թիւնը խնա­յել» կա­ղապար խօս­քը յա­ռաջ բե­րելու։ Իրենք ու­զածնին պի­տի ըսեն, իսկ երբ դուն մե­ղադ­րես հաս­տա­տու­թեան վնա­սած պի­տի ըլ­լաս։ Իրաւ ալ խել­քէ հե­ռու երե­ւոյթ է բայց ամ­բողջո­վին պա­տած է մեր հա­մայնքա­յին կեան­քը։

Այս ախ­տի մէջ կա­րեւոր բա­ժին ու­նի թա­փան­ցի­կու­թեան որ­պէս սկզբունք բա­ցակա­յու­թիւնը։ Ան­շուշտ որ կան նիւ­թեր կամ խնդիր­ներ, որոնք պի­տի պա­հան­ջեն որոշ գաղտնա­պահու­թիւն։ Կան­խա­հաս հրա­պարա­կումնե­րը կրնան խո­չըն­դո­տել իր հու­նին մէջ զար­գա­ցող այս կամ այն լու­ծումը։

Սա­կայն պէտք է գիտ­նալ որ հա­սարա­կական խնդիր­նե­րու քննարկման մի­ջոցին միայն բա­ցառու­թիւն ըլ­լա­լու է «դռնփակ ժո­ղով»ի դրու­թիւնը։

Եթէ կը զգանք որ նե­խած հոտ կու գայ, աւե­լի լաւ է դռնե­րը բա­նալ, քան ապա­կանա­ծը պա­հել ջա­նալ դռնփա­կի մի­ջոց­ներով։