Հայկական Փարիզի դասական վայրերէն մէկն է Լատինական թաղին մէջ գտնուող Սամուէլեան գրատունը։ Վերջին շրջաններուն թէեւ շաբաթը քանի մը օր միայն իր դռները ան կը բանար յաճախորդներուն առջեւ, սակայն մանաւանդ գրատան հայ այցելուները ուխտագնացութիւն մը կատարելու պէս կը մտնէին այդ յարկէն ներս, ուր օտար գիրքերու կողքին կարելի էր հանդիպիլ հայ գիրքերու եւ հանդէսներու ընտիր հաւաքածոյի մը։
Սամուէլեան գրատան սեփականատէրն էր Արմէն Սամուէլեան, որ կը շարունակէր իր հօր՝ Հրանդ Սամուէլի գործը։ Իր մահը կու գայ եզրափակելու հին ոստանի մը դասական շրջանը։
Արփի Թոթոյեան Փարիզէն կը տեղեկացնէ, թէ Սամուէլեան գրատունը արեւելեան մշակոյթներու հետ հայկական հին ու ժամանակակից հատորներու կարեւոր կեդրոն մըն էր։ Նոյն ատեն էր նաեւ դիմումի ու հանդիպումի կեդրոն մը ամբողջ աշխարհի հայագէտներուն, հայ գիրքով հետաքրքրուողներուն համար։
Գրատունը հիմնուած էր Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամ Հրանդ Սամուէլի կողմէ, 1930-ին։ Հ. Սամուէլ մօտիկ գործակից մըն էր Շաւարշ Միսաքեանի, յատկապէս պատմական նիւթերով իր խմբագրականներով։ Ան եղած է հօրը մահէն ետք Արփիկ Միսաքեանի գլխաւոր զօրավիգներէն մէկը ու իր խմբագրականները «Յառաջ»ի մէջ լոյս տեսած են մինչեւ իր մահը՝ 1977։ Այդ թուականէն գրատունը կը վարէին քոյր-եղբայր՝ Ալիս Սամուէլեան-Ասլանեան ու Արմէն Սամուէլեան։ Դժբախտաբար առաջինը ներկայիս կը գտնուի հանգստեան տուն մը, իսկ Արմէն առողջական լուրջ հարցերով վերջին տարիներուն ցանցառօրէն կրնար գտնուիլ գործին գլուխը։
Այսօր ֆրանսահայ գաղութը կը սգայ Արմէն Սամուէլեանի կորուստը, նոյն ատեն ափսոսալով գաղութի հիմնարար այս հաստատութեան անստոյգ ապագան։ Սամուէլեան գրատան անհետացումով «Յառաջ»էն ետք պիտի խզուի անցեալին հետ կարեւոր կապերու թերեւս վերջինն ալ, քիչ մը եւս շեշտելով «հայկական» կալուածին անտիրութիւնը...։
Ողբացեալ Սամուէլեանին յուղարկաւորութիւնը կայացաւ Չորեքշաբթի, Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մայր տաճարին մէջ։