Իսթանպուլ հերթական անգամ ահաբեկչութեան թիրախ

28 Յունիս Երեքշաբթի երեկոյ ժամը 21։51-ին ահաբեկչական յարձակումի թիրախ դարձաւ Իսթանպուլի Աթաթիւրքի անուան միջազգային օդակայանը։ Երեք ահաբեկիչներ օդակայանի մուտքի դրան խուզարկումներու յատուկ ապահովական բաժնի մէջ նախ հրաձգութեամբ կրակեցին ժողովուրդին վրայ, ապա պայթեցուցին իրենց վրայ ագուցած պայթուցիկ սարքերը։ Ստեղծուեցաւ մեծ խուճապ, բազմաթիւ վիրաւորեալներ փոխադրուեցան մօտակայ հիւանդանոցներ եւ ժամանակաւորապէս դադրեցաւ օդանաւի վայրէջքները եւ չուերթները։ Օդակայանի աշտարակէն վայրէջքի պատրաստուող ինքնաթիռները ուղղուեցան դէպի Սապիհա Կէօքչէնի անուան օդակայան եւ ուրիշներ ալ Պրուսա եւ Անգարա։ Յատկապէս այս վերջին ուղղութիւններու ճամբորդները մեծ մտավախութիւն ապրեցան իրենց փոխանցուած անբաւարար տեղեկութեան պատճառաւ։ «Յատուկ պատճառներով պարտադիր վայրէջք պիտի կատարենք Անգարայի օդակայանը» ազդարարութիւնը լսողները առաջին հերթին մտաբերեցին կործանիչ երկրաշարժի մը վարկածը։ Միւս կողմէ Իսթանպուլի Կուսակալ Վասիփ Շահին եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կէսգիշերուայ ժամերուն տուին առաջին պաշտօնական յայտարարութիւնները։ Սոյն տուեալներով կը խօսուէր աւելի քան տասը զոհերու եւ յիսուն վիրաւորեալներու մասին։ Վարչապետը կը նշէր նաեւ, թէ յարձակումը կատարող ահաբեկիչները ՏԱԻՇ-ի անդամներ են։ Այս մասին վրայ հասան նաեւ ականատեսներու վկայութիւններ։ Դէպքի վայրը գտնուողներ կը պատմէին թէ ահաբեկիչները յարձակման պահուն «Ալլահու Էքպէր» գոռացած են։

Յաջորդող ժամերուն յարատեւօրէն աւելցաւ զոհերու եւ վիրաւորեալներու թիւը։ Թերթիս հրատարակութեան պատրաստուած ժամերուն մահացածները հասած էին 42-ի, իսկ վիրաւորեալները 237-ի։ Մահացողներէ երկուքը ոստիկաններ են եւ ինքնութիւնը պարզուածներուն մէջ կան զանազան երկիրներէ եկած աւելի քան 15 օտար քաղաքացիներ։

Յարձակումին զուգահեռ սկսան նաեւ մեկնաբանութիւններ։ Ուշագրաւ էր որ պայթումը կը զուգադիպէր Նախագահ Էրտողանի Իսրայէլի եւ Ռուսաստանի հետ խանգարուած յարաբերութիւնները վերականգնելու փորձերու շրջանին։ Վերջին երկու օրերու ընթացքին բանակցութիւններ կը շարունակուէին Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շրջանակներուն հետ, «Մավի Մարմարա» նաւու դէմ այս վերջիններուն կիրառած ռազմական գործողութեան շրջանակով։ Թուրքիա այդ դէպքէն ետք դիւանագիտական յարաբերութիւնները նուազագոյն սահմանի իջեցուցած էր։ Միւս կողմէ սուրիական օդային տարածքի մէջ ռուսական ռազմական ինքնաթիռի կործանումը պատճառ դարձած էր որ Ռուսաստան իր տնտեսական յարաբերութիւնները խզէ Թուրքիոյ հետ։ Այսպէսով Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան շուկան շատ ծանր վնաս կրեց։ Նոյնպէս թռչնաբուծութիւնը եւ հողագործութիւնը ծանրապէս տուժեցին Ռուսաստանի թրքական հաւամիսի եւ բանջարեղէններու, միրգերու ներածումին դէմ դրած սահմանափակումով։ Էրտողան այս խոչընդոտները լուծելու համար կը փորձէր հաշտութեան եղանակներ որոնել, բայց յայտնի է որ այդ որոնումը անհանգստութիւն պատճառած է ճիհատական շրջանակներու մօտ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ