Անմահանալ սիլիքոնէ արձաններով

Գարեգին Քայա Քա­լայ­ճը, որ չորս սե­րունդէ ի վեր պղնձա­գոր­ծութեամբ զբա­ղող Քա­­լայ­­ճը գեր­­դաստա­­նին վեր­­ջին ան­­դամն է, կը շա­­րու­­նա­­­կէ իր ար­­հեստը, զոր սոր­­ված է իր հօր­­մէն։ Գա­­րեգին Քա­­յա Քա­­լայ­­ճըի գոր­­ծունէու­­թիւնը սահ­­մա­­­նափա­­կուած չէ Թուրքիայով. իր գոր­­ծե­­­րը յայտնի են նաեւ Տու­­պա­­­յիի, Քա­­թարի, Պահ­­րէյնի նման վայ­­րե­­­րու մէջ։ Քա­­լայ­­ճըի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը կը զար­­դա­­­րեն Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հին նստա­­վայ­­րը, Չան­­քա­­­յայի ապա­­րան­­քը, Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հին Իս­­թանպու­­լի ապա­­րան­­քը։ Պա­­պենա­­կան ար­­հեստէն դուրս, Քա­­լայ­­ճը այս շրջա­­նին կ՚աշ­­խա­­­տի այլ նիւ­­թով մը եւս։ Սի­­լիքո­­նէ նիւ­­թով մը ան կը սար­­քէ մեղ­­րա­­­մոմի նմա­­նող դի­­մաքանդակներ։ Քա­­լայ­­ճըի հետ զրու­­ցե­­­ցինք իր սար­­քած ար­­ձաննե­­րուն մա­­սին։

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Վար­­դան Էս­­դուգեան-Քա­­լայ­­ճը ըն­­տա­­­նիքը չորս սե­­րունդէ ի վեր կը զբա­­ղի պղնձա­­գոր­­ծութեամբ։ Սի­­լիքո­­նով մեղ­­րա­­­մոմէ ար­­ձաններ կեր­­տե­­­լու ինչպէ՞ս սկսաք։

Գա­­րեգին Քա­­յա Քա­­լայ­­ճը- Պղնձա­­գոր­­ծութեան մէջ սի­­լիքո­­նը կը գոր­­ծածուի կա­­ղապա­­րաշի­­նու­­թեան հա­­մար։ Հայրս ան­­ցեալին յայտնի պղնձա­­գործ մըն էր։ Հօրս խա­­նու­­թը Պէ­­յազը­­թի շու­­կա­­­յին մէջ միակն էր։ Այնպէս որ քա­­ղաքա­­պետա­­րանը շու­­կա­­­յի փո­­ղոցին մայ­­թե­­­րը երբ կը նո­­րոգէր, հօրս յի­­շատա­­կին նոյ­­նութեամբ պա­­հեց խա­­նու­­թին առ­­ջեւ գտնուող մայ­­թի քա­­րերը, որով­­հե­­­տեւ հայրս զա­­նոնք փո­­րած էր ու հոն քա­­րեգնդակ խա­­ղացած։ Այ­­սօր մայ­­թի այդ քա­­րը նոյ­­նութեամբ կը մնայ։

Ես ալ կը մտա­­ծէի խա­­նու­­թը նոյ­­նութեամբ թո­­ղուլ, Մա­­տամ Թու­­սո­­­յի նման կեր­­տել հօրս մէկ ար­­ձա­­­նը՝ իբ­­րեւ թէ ան հոն կ՚աշ­­խա­­­տի։ Սա­­կայն շատ սուղ էր, 150 հա­­զար փաունտ գին մը առա­­ջար­­կուեցաւ։ Հե­­տեւա­­բար հրա­­ժարե­­ցանք այս գա­­ղափա­­րէն։ Որ­­պէս պղնձա­­գործ կը շի­­նէի դի­­ման­­կարներ, մար­­դու եւ անա­­սու­­նի երես­­ներ, նախ­­շեր։ Բա­­րեկամ մը սի­­լիքո­­նի տե­­սակ մը յայտնա­­բերած էր Իտա­­լիոյ մէջ, որու քի­­լօն 8 հա­­զար եւ­­րօ կ՚ար­­ժէր։ Մենք որոշ բա­­ղադ­­րութիւն մը կա­­տարե­­լով այս նիւ­­թին կա­­ղապար մը փոր­­ձե­­­ցինք տալ։ Աւե­­լի ետք գու­­նա­­­ւորե­­ցինք։ Գու­­նա­­­ւորու­­մը ո՛չ թէ մեղ­­րա­­­մոմի նման աւար­­տին, այլ նա­­խապէս կը կա­­տարենք։ Քա­­նի որ մեր գոր­­ծա­­­ծած նիւ­­թը շատ սուղ է՝ մեր ամէն մէկ թե­­րացու­­մին ար­­ժէ­­­քը շատ ծանր կ՚ըլ­­լայ։

Վ.Է.- Ամ­­բողջա­­ցու­­ցի՞ք ձեր հօր ար­­ձա­­­նը։

Գ.Ք.Ք.- Դեռ ոչ։ Հայրս մե­­զի հա­­մար փորձ մըն էր։ Ցարդ չորս ար­­ձան վեր­­ջա­­­ցու­­ցինք։ Առա­­ջինը Ճար­­տա­­­րապետ Սի­­նանն էր։ Թէեւ դեռ չենք աւար­­տած, սա­­կայն մեծ մա­­սամբ վեր­­ջա­­­ցու­­ցած ենք։ Միւ­­սը Յա­­րու­­թիւն Ամի­­րա Պէզ­­ճեանն էր, որ կը ցու­­ցադրուի Սուրբ Փրկիչ հի­­ւան­­դա­­­նոցի «Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լու» թան­­գա­­­րանին մէջ։ Աւար­­տած է նաեւ Սուլթան Ռէ­­շատի ար­­ձա­­­նը եւ կը պա­­հուի խա­­նու­­թը։ Սա­­կայն մեր կա­­րեւո­­րագոյն ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւնն է Մես­­րոպ Բ. Պատ­­րիար­­քը։

Առա­­ջին ար­­ձա­­­նը, ինչպէս ըսի, Ճար­­տա­­­րապետ Սի­­նանն էր։ Բա­­ւական դժուար էր ան­­շուշտ իր նկա­­րը գտնել։ Կայ իր մէկ դի­­ման­­կա­­­րը որ աղօտ կեր­­պով ցոյց կու տայ զին­­քը, 80-90 տա­­րեկան հա­­սակին։ Այդ նկա­­րէն ներշնչուած՝ բա­­ներ մը մէջ­­տեղ բե­­րինք։ Այդ մէ­­կը տա­­րի Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լուին, որ շատ հաւ­­նե­­­ցաւ։ Երբ կը մտա­­ծէինք ու­­րիշ անու­­նի մը մա­­սին՝ Պա­­րոն Պետ­­րոս առա­­ջար­­կեց հի­­ւան­­դա­­­նոցի հիմ­­նա­­­դիր Յա­­րու­­թիւն Ամի­­րա Պէզ­­ճեանը։ Քա­­նի որ Պէզ­­ճեանը ոչ ոք տե­­սած է՝ ոչ ոք քննա­­դատե­­լու առիթ ու­­նի։ Ար­­սէն Եար­­մա­­­նին կող­­մէ տրուած նկա­­րի մը հե­­տեւե­­լով է որ զայն ստեղ­­ծե­­­ցինք։ Գումգա­­փուի եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ գտնուող իր շիր­­մին կի­­սանդրին, կտաւ­­նե­­­րու վրայ երեւ­­ցող դէմքն ալ չէր պատ­­կա­­­ներ Պէզ­­ճեանին։ Կի­­սանդրիին եւ կտաւ­­նե­­­րու վրայ երեւ­­ցող երե­­սը կը պատ­­կա­­­նէր դե­­րասա­­նի մը, որ Յա­­րու­­թիւն Ամի­­րա Պէզ­­ճեանի փո­­խարէն նկարուած էր։

Երբ Պէզ­­ճեանի ար­­ձա­­­նը կը փո­­խադ­­րէինք «Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լու» թան­­գա­­­րանը, հի­­ւան­­դա­­­նոցի պաշ­­տօ­­­նեանե­­րը զայն իրա­­կան կար­­ծե­­­ցին ու հար­­ցուցին թէ ի՞նչ հի­­ւան­­դութիւն ու­­նի ան։ Կա­­տակե­­ցի՝ ըսե­­լով որ մէջ­­քը բռնուած է, չի կրնար շար­­ժիլ։ Յա­­րու­­թիւն Ամի­­րա Պէզ­­ճեանի նստա­­րանին ճիշդ քո­­վը կար պատ­­րիար­­քա­­­կան գահ մը։ Ըսուեցաւ որ այս աթո­­ռին հա­­մար ալ սար­­քենք Մես­­րոպ Պատ­­րիար­­քին ար­­ձա­­­նը։ Շատ զգա­­ցուե­­ցայ, որով­­հե­­­տեւ Մես­­րոպ Պատ­­րիար­­քը ան­­ձամբ կը ճանչնա­­յի։ Ան էր որ անուանա­­կոչած էր աղ­­ջիկս։ Երբ պատ­­րիար­­քին ար­­ձա­­­նը կեր­­տել առա­­ջար­­կուեցաւ՝ ըն­­դունե­­ցայ առանց մտա­­ծելու։ Բայց ան այնքան յայտնի անձ մըն էր որ՝ ոչ մէկ թե­­րու­­թիւն պէտք է ու­­նե­­­նար ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւ­­նը։ Ահա­­ւասիկ այս պատ­­ճա­­­ռով է որ Պէզ­­ճեանին ար­­ձա­­­նը սար­­քուեցաւ երեք ամի­­սէն, բայց Մես­­րոպ Պատ­­րիար­­քի ար­­ձա­­­նին հա­­մար պա­­հան­­ջուեցաւ մէ­­կու­­կէս տա­­րի։

Վ.Է.- Ինչպի­­սի՞ ման­­րա­­­մաս­­նութիւններ ու­­նին ար­­ձաննե­­րը։

Գ.Ք.Ք.- Յա­­րու­­թիւն Ամի­­րա Պէզ­­ճեանին ար­­ձա­­­նը շու­­տով աւար­­տե­­­ցաւ քա­­նի որ ան Մես­­րոպ Պատ­­րիար­­քին նման մօ­­րուք չու­­նէր։ Ար­­ձաննե­­րուն մա­­զը, մօ­­րու­­քը եւ պե­­խերը իրա­­կան մար­­դու մազ է։ Ինչ տե­­սակ որ ու­­զէք՝ այդպէս ալ կը վա­­ճառուի։ Զոր օրի­­նակ սեւ, ալե­­հեր, եւլն.։ Ան­­շուշտ ըստ ձեր աշ­­խա­­­տան­­քին կրնայ փո­­խուիլ։ Զա­­նոնք ընտրե­­լէ ետք՝ մա­­զերը մի առ մի կը կա­­րուին։ Այս գոր­­ծո­­­ղու­­թե­­­նէն ետք վար­­սա­­­յար­­դա­­­րը կը սափ­­րէ ար­­ձա­­­նին մա­­զերը։ Երբ Մես­­րոպ Պատ­­րիար­­քին ար­­ձա­­­նը կը պատ­­րաստէինք՝ այս հար­­ցին վե­­րաբե­­րեալ դժբախ­­տութիւն մը ապ­­րե­­­ցանք։ Հինգ վայր­­կեան միայն հե­­ռացած էի վար­­սա­­­յար­­դա­­­րի քո­­վէն. երբ վե­­րադար­­ձայ տե­­սայ որ մօ­­րու­­քը սխալ կտրած է եւ փճա­­ցու­­ցած։ Հե­­տեւա­­բար մա­­զերը դար­­ձեալ կա­­րել ստի­­պուե­­ցանք։ Այս ալ առ­­նուազն եր­­կու ամիս կորսնցուց մե­­զի։

Շատ դժուար է նաեւ կեր­­պա­­­ւորե­­լու աշ­­խա­­­տան­­քը։ Կեր­­պա­­­ւորե­­լու ժա­­մանակ ան­­ձը ձեր երե­­ւակա­­յու­­թեան մէջ կը մարմնա­­ւորէք առանց մա­­զի, յօն­­քի, մօ­­րու­­քի, այ­­սինքն բո­­լորո­­վին մերկ։ Ար­­ձա­­­նը պատ­­րաստե­­լու ըն­­թացքին կա­­րեւո­­րագոյն հանգրուան­­նե­­­րէն մէկն է այս աշ­­խա­­­տան­­քը։ Յա­­ջորդ փու­­լե­­­րուն, այ­­սինքն կա­­ղապա­­րը աւար­­տե­­­լէ ետք, իրեն ձեւ մը կու տանք սի­­լիքո­­նէ այդ նիւ­­թով։ Այդ նիւ­­թը սխալ է սի­­լիքոն կո­­չել, քա­­նի որ սի­­լիքո­­նը ու­­նի եր­­կու տա­րուան կեանք, մինչդեռ այդ ար­­ձաննե­­րը կրնան հա­­րիւ­­րա­­­ւոր տա­­րիներ գո­­յատե­­ւել՝ եթէ դա­­նակով չհա­­րուա­­ծէք, այ­­սինքն դիտ­­մամբ չվնա­­սէք։ Եթէ ամ­­բողջու­­թեամբ սի­­լիքոն գոր­­ծա­­­ծէք՝ չէք ու­­նե­­­նար այդ ար­­դիւնքը, որուն հա­­սած ենք հի­­մա։ Այս նիւ­­թը ձեռք կը բե­­րենք տար­­բեր բա­­ղադ­­րութիւններ պատ­­րաստե­­լով։

Վ.Է.- Տի­­րամայ­­րը տե­­սա՞ւ Մես­­րոպ Պատ­­րիար­­քին ար­­ձա­­­նը։

Գ.Ք.Ք.- Ճար­­տա­­­րապետ Սի­­նանը մեր խա­­ղալիքն էր, մենք զայն չըն­­կա­­­լեցինք որ­­պէս արուես­­տի գործ։ Փոր­­ձի շրջան մըն էր։ Սա­­կայն պատ­­րիար­­քը մեր գլուխ-գոր­­ծոցն է։ Ցոյց տուած եմ միայն քա­­նի մը հո­­գիի՝ ստա­­նալու հա­­մար իրենց կար­­ծի­­­քը։ Անոնցմէ դուրս մարդ չէ տե­­սած։ Տի­­րամայ­­րը եւս շատ սի­­րեց։ Նոյ­­նիսկ մե­­զի տուաւ պատ­­րիար­­քին ամե­­նաշատ սի­­րած ակ­­նո­­­ցը։ Ար­­ձա­­­նի վրայ գտնուող բո­­լոր հա­­գուստնե­­րը, մին­­չեւ կօ­­շիկն ու գուլպան, կը պատ­­կա­­­նին իրեն։

Վ.Է.- Տե­­սակ­­ցե­­­ցա՞ք պատ­­րիար­­քա­­­րանին հետ։

Գ.Ք.Ք.- Այո, այ­­ցե­­­լեցինք պատ­­րիար­­քա­­­րան։ Ճար­­տա­­­րապետ Սի­­նանը աւար­­տե­­­լէ ետք՝ տա­­րինք պատ­­րիար­­քա­­­րան եւ հար­­ցուցինք իրենց թէ ար­­դեօք կ՚ու­­զէին որ նոյնպէս կեր­­տէինք նաեւ մեր պատ­­րիարքնե­­րուն ար­­ձաննե­­րը։ Սա­­կայն դիւ­­րին չէ։ Նիւ­­թա­­­կան լուրջ ներդրում մը պէտք է։ Եթէ ծախ­­սա­­­տար աշ­­խա­­­տանք մը չըլ­­լար, ոեւէ մէ­­կէն առանց դրամ պա­­հան­­ջե­­­լու կ՚ու­­զէի կեր­­տել ու նուիրել, բայց աժան գործ մը չէ։

Պատ­­րիար­­քա­­­րանը նիւ­­թա­­­կանի պատ­­ճա­­­ռով շատ չմօ­­տեցաւ, սա­­կայն զիս յանձնա­­րարեց Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լուին։ Ես ալ հան­­դի­­­պեցայ իրեն։ Հե­­տաքրքրուեցաւ եւ կեր­­տե­­­ցինք պատ­­րիար­­քին ար­­ձա­­­նը. միայն գա­­ւազա­­նը կը պակ­­սի, թէեւ ես կը փոր­­ձեմ շի­­նել, սա­­կայն ան ու­­նի իր ասան։ Ինչպէս որ հա­­գուստնե­­րը տուած էին, թե­­րեւս ասան ալ տան։ Վեր­­ջա­­­պէս տանս մէջ պի­­տի չպա­­հեմ զայն։ Պի­­տի ցու­­ցադրուի թան­­գա­­­րանին մէջ։

Վ.Է.- Ապա­­գային ո՞ր ան­­ձե­­­րուն ար­­ձաննե­­րը կը ծրագ­­րէք կեր­­տել։

Գ.Ք.Ք.- Դեռ յստակ անուն մը չկայ, սա­­կայն կան ան­­ձեր, որոնց ար­­ձաննե­­րը պի­­տի ու­­զէի կեր­­տել։ Օրի­­նակ կ՚ու­­զէի սար­­քել Կո­­միտա­­սի ար­­ձա­­­նը։ Կիւլպէն­­կեան, Օր­­մա­­­նեան Պատ­­րիարք, Շնորհք Պատ­­րիարք, Հրանդ Տինք… Ո՞վ չ՚ու­­զեր կեր­­տել անոնց ար­­ձա­­­նը։

Կա­­րիք ու­­նինք միայն նե­­ցու­­կի։ Թէեւ չեմ գի­­տեր, որ­­քա՞ն ճիշդ է նման բա­­նի մը հա­­մար նե­­ցուկ խնդրել, երբ հա­­սարա­­կու­­թիւնը ու­­նի բազ­­մա­­­թիւ խնդիր­­ներ, սա­­կայն վեր­­ջա­­­պէս այս մէ­­կը տար­­բեր է… Այս մէկն ալ չենք կրնար ան­­տե­­­սել, որով­­հե­­­տեւ եթէ յե­­տաձ­­գենք՝ թե­­րեւս եր­­բեք չկա­­րենանք կեր­­տել, վեր­­ջա­­­պէս չենք գի­­տեր, թէ ինչքան պի­­տի ապ­­րինք… Շատ գե­­ղեցիկ գործ մը ընել պի­­տի տա­­յի հօրս, բայց հի­­ւան­­դա­­­ցաւ, մուրճի եր­­կու հա­­րուած միայն զար­­կաւ, ու այդպէս մնաց…

file://localhost/Users/mac/Desktop/kaya33.jpg

Այս պատ­­ճա­­­ռով դրա­­մաշ­­նորհ ստա­­նալու հա­­մար կրնանք դի­­մումներ կա­­տարել, եթէ ոմանք նա­­խաձեռ­­նակ ըլ­­լան ու մե­­զի նե­­ցուկ կանգնին՝ այս աշ­­խա­­­տան­­քը կրնանք շա­­րու­­նա­­­կել։

Վ.Է.- Թէ՛ պղնձա­­գոր­­ծութիւ­­նը, թէ ար­­ձա­­­նագոր­­ծութիւ­­նը միաս­­նա­­­բար ընել ար­­դեօք դժուարու­­թիւն կը յա­­րու­­ցէ՞։

Գ.Ք.Ք.- Ան­­շուշտ, եր­­կուքը միասին բա­­ւական կը դժուարաց­­նէ մեր աշ­­խա­­­տան­­քը։ Պէտք է ըսել որ բուն աս­­պա­­­րէզիս՝ պղնձա­­գոր­­ծութեան վե­­րաբե­­րեալ մեծ նա­­խագիծ մը գո­­յու­­թիւն չու­­նի։ Մի­­ջոցէ մը ի վեր գոր­­ծե­­­րը կ՚ըն­­թա­­­նան դան­­դաղ, նոյ­­նիսկ գրե­­թէ դադրած են։ Աւե­­լի առաջ գոր­­ծեր սար­­քած էի Four Seasons Bosphorus Hotel-ի, W Hotel-ի, Raffles Hotel-ի, «Աթա­­թիւրք» օդա­­կայա­­նի պա­­տուոյ սրա­­հին հա­­մար։ Ու­­նիմ նաեւ բազ­­մա­­­թիւ աշ­­խա­­­տանքներ, զորս մէջ­­տեղ բե­­րած եմ գոր­­ծա­­­կից նա­­խագ­­ծողնե­­րու գոր­­ծակցու­­թեամբ եւ օգ­տուելով Օս­­մա­­­նեան եւ Սել­­չուքեան ոճէն։ Անոնցմէ մէկն է Սկիւ­­տա­­­րի Շա­­քիրին մզկի­­թը, որ պաշ­­տա­­­մունքի բա­­ցուած է եօթը տա­­րի առաջ։

Բա­­ցի ասոնցմէ, մզկիթ­­ներ կեր­­տած եմ նաեւ Քա­­թարի, Պահ­­րէյնի մէջ։ Քա­­նի որ այժմ նման նա­­խագիծ մը չկայ՝ կրնանք այս ար­­ձաննե­­րը շի­­նել։ Եթէ պղնձա­­գոր­­ծութեան վե­­րաբե­­րեալ աշ­­խա­­­տանք մը ու­­նե­­­նայի՝ ան­­կա­­­րելի պի­­տի ըլ­­լար կա­­տարել այլ աշ­­խա­­­տանք մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ