Համայնք ըլլալով ըռէսմէն յարգ չգիտնալու իլլէթ մը ունինք վէսսէլամ։ Զաթը էզէլ-էպէտ «աֆէրիմ» ըսելը էն զօր պանը էղած է, ան չբաւերի պէս, մէյ մըն ալ. ով քիմ արժէնքաւոր է, ով քիմ ֆայտա կը պերէ, անիկա եա չտեսնալու կու գաք, եա տա մրոտելով կետնէ կետին զարնելու ճամբայ մը կը կտնաք։ Պազի մարդ աճի պիպէր ուտելը ան խըտար կը սիրէ քիմ. իւլսէր կ՚ըլլայ, պասուր կ՚ըլլայ, տապազներ կը թափէ կենէ ալ ուտելէն վազ չ՚անցնիր։ Ըսես նէ քիմ. «պիպէր մ՚ուտեր, էնկինար կեր» «էօ էօ…» կ՚ընէ։ Չ՚սիրեր չիւնքիւն, ֆայտալը պանը չ՚սիրեր։ Տուք ալ թըփխը աս մօտելն էք, ծեզի ֆայտա պերելիք պանին իթիպար չէք ըներ։
Հա, մէյ մըն ալ ընդհանուր ըլլալով պուտ մը սիւմսիւք եւ սմսեղուկ էք. ինչ կ՚ուզէ ըլլայ, ով ինչ կ՚ուզէ ընէ, կը բաւէ քիմ ծերին ըռահաթը չփախի։ Փարայի կործերը իտարէ ընողները ծերին տեղը որոշում կու տան. չհաւնիք նէ էն առաջ պուտ մը մըզըլտանմիշ կ՚ըլլաք, էտէւէն շուտ մը կը վարժուիք, եայըլմիշ կ՚ըլլաք կը նստիք։ Աս պիչիմ «կեն+վօ=կօ» կ՚երթայ իշտէ։
Պատրիարքին փոխանորդէն գոհ չէք ամա թահամմիւլ կ՚ընէք, ինչո՞ւ. չիւնքիւմ կարգ մը պատճառներով պազի անձերուն կործին կու գայ։ Ո՞վ էն անոնք. էս ի՜նչ կիտնամ, տուք պրպտեցէք. տէ չարէն նայեցէք։ Ետքը դպրոցներուն կացութիւնէն, կէնճերուն հայերէն չգիտնալէն, ուսուցիչի պակասութիւնէն գոհ չէք։ Փէք աղէկ, ի՞նչ կ՚ընէք. թաղականները ինչի որոշում տան նէ «հա» կ՚ըսէք եա տա չօճոխնիդ օտար դպրոց կը տնէք։ Թաղականները ի՞նչ կ՚ընեն. եա էշ-տօ՞ստ հաթըր-կէօնիւլ, եա տա կառավարութեան եաղճիութիւն։ Ինչո՞ւ՝ ան ալ էս չիտեմ տուք պրպտեցէք։ Անոնք ալ աս պիչիմ, իրենց կէօրէ պատճառներով, խօշերնուն չկացած, կործերնուն չեկած տնօրէններուն, ուսուցիչներուն կործերնուն շախ տէյիմ վերջ կու տան, ճիշտը ըսելով—առանց խպնելու կը վռնտեն։ Տահա Եշիլգիւղի տնօրէնին խնդիրը թազէ իքէն, կիւզէլիմ չօճոխ Սեւան Տէյիրմենճեանիս խնդիրը էլաւ։ Ինսաֆ չունիք ինսաֆ… ասանկ արժէնքաւոր չօճոխները խօլայ չեն հասնիր կոր։ Թէք թիւք էլլայ նէ վրան թողալու էք, տուք ի՞նչ կ՚ընէք կոր. ամէն ատենուան պէս. Քէօստէք։ Միշտ կ՚ըսեմ, շատ իրաւունք ունիմ մենծամասնութիւնը ինչ է նէ փոքրամասնութիւնն ալ անոր էօզէնթի մէկ քօփյան է։ Պօշա չեն ըսեր «պալըք պաշտան քօքար» տէյիմ։ Ասանկ հոտեցէք իշտէ։