5 Օգոստոս։ Արեւածագէն ժամ մը առաջ։ Ուղեցոյց Նունէն զբօսաշրջիկներ բերած է Նորավանք, Օրբէլեաններու իշխանական տոհմի մատուռ-դամբարան։ Բոլորը կը նկատեն, թէ կիսամութ, միայարկ, քառանկիւն այդ տապանատունը իր պարզութեամբ հակապատկեր մը կը կազմէ Նորավանքի քանդակազարդ այլ շինութիւններուն հետ։
-Ուշադի՛ր եղէք արեւելեան ճակատի փոքր լուսամուտին։ Ինչո՞ւ է ան շեղակի։ Կարծէք թէ Սիրանէս ճարտարապետը սխալ շինած է զայն... Ոչ։ Որովհետեւ, ամէն տարի այսօր, 5 Օգոստոսին տեղի կ՚ունենայ «Նորավանքի հրաշքը»։ Օրուայ առաջին լոյսը կ՚անցնի այդ լուսամուտէն, կ՚իջնէ իշխան Էլիկում Օրբէլեանի պառկած առիւծի պատկերով այս տապանաքարին վրայ ու հոն կը յայտնուի պայծառ խաչ մը։
Ականատես ըլլալ այսպիսի հրաշքի՝ հազուագիւտ փորձառութիւն է։ Ոմանք բջիջային հեռաձայնները, ոմանք ալ լուսանկարի գործիքները պատրաստած են արձանագրելու համար այդ իւրօրինակ երեւոյթը։ Սպասման խորհրդաւոր պահը նաեւ կը ստեղծէ «օգոստոս»ի եւ «Օգոստոս»ներու մասին խօսելու կարճատեւ առիթ մը։
-Պէտք է ընդունիլ, թէ Օգոստոսը իր նախկին փայլը կորսնցուցած բառ մըն է, Նունէ։ Այժմ, ամսանուն մը միայն։ Մեր մօտ յիշելի է «Օգոստոսի աղուէս» արտայայտութիւնը, «սաստիկ նիհար»։
- Թէեւ ան ամիսներուն ամենէն արեւափայլն է, աւելի պայծառը, աւելի ջերմը։
- Ճիշդ է։ Եւ նայելով իր ստուգաբանութեան, այդպէս պէտք է որ ըլլայ. մեծ, պատկառելի ու կայսերական։ «Օգոստոս»ը փոխառութիւն մըն է լատիներէն augustus բառէն, հռովմէացիներու ութերորդ ամիսը, որ այդպէս կոչուած է Օգոստոս կայսրի անունով-Imperator Caesar Divi filius Augustus, ծնեալ՝ Gaius Octavius։
-Այն կայսրը, որուն արեւելեան քաղաքականութեան մէջ կարեւոր տեղ ունեցած էր մեր երկիրը։ Գիտակցելով, թէ Հայաստանը նուաճել կարելի չէ, կայսրը զայն իր ազդեցութեան ենթարկել փորձած է նշանակուած գահակալներու միջոցով։
-Սակայն հայ թագաւորները, մինչեւ Ք.Ա. առաջին դար վարած են ինքնուրոյն քաղաքականութիւն։ Նունէ, բառը նախապէս augusta է եղած- «սուրբ, նուիրական», յետոյ «կայսրուհի, թագուհի, արքայուհի, տիկնանց տիկին, աշխարհատիկին, ինքնակալուհի»։ Այս կոչումը տրուած է նաեւ Տիրամօր՝ «Օգոստոս Տիրուհի, Օգոստատիրուհի»։
-Եւ, Օգոստոս 15-ի մերձակայ Կիրակի օրը Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնն է։
-Մեզի ծանօթ որպէս նաեւ «Խաղողօրհնէք»։ Նունէ, «Օգոստոս»ը որպէս տիտղոս, Հռոմի ծերակոյտի եւ ժողովուրդին կողմէ նախ յատկացուած է, մեր յիշած Հոկտաւիանոս Կեսար կայսրին, ապա հռովմէացի այլ կայսրերուն։
-Եւ այլ երկիրներու մենատէրերուն... Եղիշէ Վարժապետ Մեծատուրեանցը Ռուսաց Աղէքսանդր Գ.ի թագադրութեան առթիւ 1885-ին գրած է «Ուղերձ», հետեւեալ խորագիրով. «Առ Օգոստափառ եւ Ինքնակալ Մեծ Կայսրն Ամենայն Ռուսաց Աղէքսանդր Գ.ի Թագադրութեան Նորին Կայսերական Մեծութեան ի 15 Մայիսի 1883 ի Մոսկվա»։
-Ուստի, բառը համապատասխան էր «Կայսերական Մեծութիւն» տիտղոսին։ Բառը ապա դարձաւ ածական՝ «վեհափառ, կայսերական»։
Մատուռին մէջ հիմա տեսանելի կը դառնան ճարտարապետական մանրամասնութիւններ, երբ բարձրացող արեւը կը սկսի լուսաւորել ներսը. յաւերժութեան նշանը կամ անիւը, կեռխաչերը, որդան կարմիր որմազարդեր եւ ամենէն կարեւորը՝ Էլիկում իշխանի տապանաքարը։
-Պարոն ստուգաբանութիւն, տապանաքարի վրայ փորագրուած է հասակով կանգնած առիւծ, որ մարմնի վերնամասով շրջուած է ու կը նայի դիտողին։ Առջեւի թաթերը կողերուն միացած են։ Դէմքը տիրական է, աչքերը՝ վեհ ու հերոսական։ Ունի բծաւոր բաշ։ Կարելի կ՚ըլլայ ընթերցել նաեւ տապանագիրը. «Թվիս ՉԽԹ (1300)։ Զգեղեցկատիպն Էլիկում, որդի մեծի Տարսաիճի, որ առոյծաւրէն խրոխտ մռընչէր ընդէմ այլասեռ գնդին։ Աղաչեմ յիշել զաղաւթքս»։ Այս խօսքերը կը վկայեն, թէ իշխանը ինչպէս «այլասեռ», օտար թշնամիներու դէմ քաջութիւններ ցուցաբերած է ճակատամարտի վրայ եւ նահատակուած 1300 թուականին։
-Նունէ՛, ինչպէս հայ քաջ իշխաններ պայծառութիւն բերած են մեր երկրին, նոյնպէս ալ այս բառը, սկսեալ Ե. դարէն, ազնուացուցեր է մեր լեզուն ու անոր տուեր՝ իշխանական ածականներ. Կորիւնի եւ Ագաթանգեղոսի մօտ ՕԳՈՍՏԱԿԱՆ «կայսերական», այլ մատեաններու մէջ ՕԳՈՍՏԱՓԱՌ «օգոստական փառքի տէր, կայսերաշուք, վսեմաշուք, պատուարժան», մակդիր մը, որ կը տրուէր կայսերական կամ թագաւորական տան անդամներուն, ՕԳՈՍՏԱԲՆԱԿ «կայսերական» եւ ՕԳՈՍՏՈՒՀԻ։ Բոլորը ծնած են նախաիտալական augeo բայէն, որ կը նշանակէ «աւելցնել, աճեցնել, աճիլ, բարձրացնել, բազմանալ, շատցնել, ճոխացնել, գինը բարձրացնել»։ Անոր ծննդակից բառերն են. նախագերմաներէն aukana, հին յունարէն «աւքսանօ» եւ գրաբար հայերէն «վաշխ»։
Նորավանք
-Այսինքն, «յաւելում, ապօրէն տոկոս, գինի անիրաւ բարձրացում»։ Ի՜նչ հեռու է «վաշխառու»ն Օգոստոսէն։ Առաջինը մանրուքներով կը զբաղի, իսկ միւսը՝ աշխարհակալութեամբ։
Արեւի ճառագայթները կը հասնին Էլիկում իշխանի տապանաքարին։ Նախ կը լուսաւորուի ճակատը, գրաւոր արձանագրութիւնը, առիւծի գլուխը... Ապա հիացում պատճառելով բոլորին, սրբատաշ այդ ճերմակ քարին վրայ կը յայտնուի օգոստափայլ խաչ մը։
-Նունէ, տե՛ս, Օգոստոսը կը շարունակէ լուսաւորել մեր պատմութիւնը...
-Կը շարունակէ լուսաւորել մեր լեզուն։