ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Միայն մէկ տարի յաճախեցի Սաքըզաղաճը թաղի Մխիթարեան նախակրթարանը։ Յաջորդ տարի դպրոցը փոխադրուած էր Պոմոնթի, շատ աւելի յարմարութիւններով օժտուած շէնք մը։ 12 Յունիս Կիրակի երեկոյ երբ կրկին մտայ այդ դպրոցի դարպասէն ներս, ակամայ յիշեցի մանկութեան օրերս։ Պարտէզի հսկայ սօսին յիշեցի օրինակ։ Անոր խիտ ճիւղերուն վրայ բոյն դրած բազէն ապա։ Ինչ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէինք բազէի ճուտերուն թռչելու առաջին փորձերուն։ Զիրենք աւելի մօտէն տեսնելու համար կը բարձրանայինք երրորդ յարկի պատշգամը՝ որ իրականութեան մէջ մեզ համար արգիլեալ տարածք էր։ Իրաւունք չունէինք երրորդ յարկ բարձրանալու։ Այդ յարկը դպրոցին մաս չէր կազմեր։ Հոն էր մեր վարդապետներուն՝ տնօրէն Հայր Անտոնի, Հայր Յակոբոսի եւ բոլորին սիրելի Հայր Լեւոնի ննջասենեակները։
Տարիներ անց անգամ մը եւս հարկադրուեցանք դպրոցին պարտէզը մտնելու։ Ահաւոր տեսարան մըն էր որ մինչեւ օրս դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ։ Գրատախտակները, նստարանները, դասասեղանները, ուսուցիչներու ամպիոնները ու գրասեղանները, դպրոցի բոլոր կահոյքը անխնայ կերպով պարտէզ նետուած էին։ Շուարում կը տիրէր ամենուրէք։ Փորձեցինք առաջին հերթին անձրեւի ջուրերէն վնասուելիք առարկաները, օրինակի համար քարտէսները եւ այլ թուղթէ նիւթերը աւելի ապահով անկիւն մը հաւաքել։ Ապա կահոյքը դասաւորեցինք, կարծես թէ փոխադրուելու նախապատրաստութիւն տեսնէինք։
Այս բոլորը կը կատարուէր ընդվզումի մէջ։ Անընդունելին կատարուած էր եւ փոխարժէքը հատուցուած շէնքը գրաւած էին։ Այդ գրաւման համար օրէնք սարքած, ապա օրէնքի հիման վրայ ձեռք դրած էին ազգապատկան կալուածին։
Չեմ գիտեր, եթէ այդ օր պարտէզ խուժածներու մէջ Հրանդ Տինք չըլլար, դարձեալ նման կամք մը կը ձեւաւորուէ՞ր, բայց այդ օր կայացաւ դիմադրութեան որոշումը։ Տարածքը պիտի գրաւուէր եւ մինչեւ որ դրական ու համոզիչ լուծում մը չգոյանայ, պարտէզէն դուրս պիտի չելլուէր։
Դպրոցները տարեմիջեան արձակուրդի ելած էին, բայց աշակերտութիւնը ամէն օր իրենց ծնողաց հետ կը փութային դպրոցին պարտէզը։ «Ակօս»ի հրատարակութիւնով նիւթը փոխադրուեցաւ երկրի օրակարգին։ Թերթեր իրենց սիւնակները լայն բացած էին այս անարդարութեան դէմ։ Նման ընթացքի մէջ էին հեռուստակայանները, որոնք հաղորդումներ կը կատարէին դպրոցի պարտէզէն։ Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ հայ համայնքը յուզող խնդիր մը բազմակողմանի կերպով կը քննարկուէր երկրի մտաւորական շրջանակներուն կողմէ։ Յօդուածագիրներ կառավարութեան դէմ քննադատական գրութիւններ կը ստորագրէին իրենց սիւնակներուն վրայ։
Այս ուշադրութեան հետեւանք որպէս՝ օրէ օր կ՚աճէր զօրակցութեան համար պարտէզ այցելողներուն թիւը։ Հարեւան թրքական դպրոցի աշակերտները եւ ծնողներն ալ միացած էին այս զուսպ բողոքի արշաւին։
Այդ օրերուն համայնքային հաստատութիւններու վարիչները իրենց աւանդական զգուշութեան մէջ, հեռուէն կը դիտէին անցած դարձածները։ Միայն Մեսրոպ Բ. Պատրիարքն էր որ համարձակեցաւ այս անկարգութեան, անհնազանդութեան ցոյցի վայրը այցելել ու իր զօրակցութիւնը բերել դիմադրողներուն։
Մօտեցած էր դպրոցներու վերաբացման թուականը եւ ցարդ կարեւոր լուծում մը չէր գտնուած։ Պարտէզը գրաւողները որոշեցին դիմադրութեան սահմանը ընդլայնել։ Կապ հաստատուեցաւ միւս հայ վարժարաններու աշակերտութեան եւ անոնց ծնողներուն հետ։ Յաջորդ օր այդ դպրոցներու աշակերտներն ալ պիտի բացակայէին եւ ուսուցիչները դատարկ դասարաններով պիտի մնային։ Օրինական զանցառութենէ աւելի հասարակական անհնազանդութեան բնոյթով այս ելոյթի նախապատրաստութենէն շուտով տեղեակ եղան պետական մարմինները։ Կիրակի գիշերուայ ժամերուն կուսակալութիւն հրաւիրուեցան դպրոցի հիմնադիրը եւ խնամակալ մարմնի ներկայացուցիչը։
Յաջորդ առաւօտ մեծ ոգեւորութեամբ դպրոց փոխադրուեցան պարտէզ նետուած նստարաններն ու գրասեղանները եւ առաջին դասապահի զանգակով սկսաւ դասաւանդութիւնը։
Այդ պահուն ես ու Հրանդ Տինք, ձեռքերնիս մէյմէկ ցախաւել, երկու շաբաթներ շարունակուող դիմադրութեան աղբը կ՚աւլէինք պարտէզին մէջ։
Ահա մէկտեղուած ենք Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի 2015-2016 ուսման տարեշրջանի հունձքը հանդիսացող վեց երիտասարդները ողջունելու համար։ Հանդէսը պէտք է մեզ ոգեւորէ ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեան ակնկալութեամբ։
Արտակարգ բծախնդրութեամբ հարթարուած է պարտէզը։ Սակաւաթիւ աշակերտութիւն ունեցող դպրոցի մը համար բաւական բարձր է տարեվերջի ընթրիքին մասնակցողներու թիւը։ Դպրոցի այս տարուայ հունձքը վեց աշակերտներ են՝ հինգ մանչ եւ մէկ աղջիկ։ Ծափողջոյններով կ՚իջնեն դպրոցի աստիճաններէն, պարային փոքրիկ ներկայացումով մը կը բարեւեն իրենց ուսուցիչները, ծնողները եւ հրաւիրեալները։
Ապա կը սկսի Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Աչելիա Սեսլի-Սթերկիեատիսի սպաներէն երգերու տողանցքը։ Շնորհալի ուսուցչուհին գեղաձայն է եւ մեծ վարպետութեամբ կը կատարէ իր մեներգները։ Ապա ան այս անգամ կը սկսի թրքերէն երգերու շարանի։ Բեմի արհեստավարժ ելոյթներով կը փորձէ ունկնդիրներն ալ ներգրաւել, բայց կարծես այդ ցանկութիւնը արժանի արձագանգը չի գտներ ներկաներէն։ Իրենց հեզաճկուն պարով օգնութեան կը փութան պարի ուսուցչուհի Շիլա Ճանտան եւ խորհրդատու ուսուցչուհի Ալին Սինանեան Քումրալ։ Բայց այս փորձն ալ կը մնայ անպատասխան։ Զգալի է որ ներկաները հայ վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսէն ուրիշ սպասումներ ունին։ Իսկոյն ձայնագրութիւնով կը սփռուի պոլսահայոց շատ սիրելի երկու երգեր՝ «Սուտ է, սուտ է» եւ «Ախ իմ եար, սիրուն եար»։ Բայց յայտնի է որ ներկաները այս երգերէն ալ ձանձրացած էին, լսել չէին ուզեր։ Երաժշտութեան ուսուցչուհին վերջին փորձ մը ըլլալով դիմեց թուրք ազգայնականներու բնաբան դարձած «Մեմլեքեթիմ» երգին։ Ի վերջոյ հրաւիրեալներու մեծամասնութեան մեկնումէն ետք հանդէսը իր աւարտին հասաւ Զաւէն Ակայի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ մատուցած հայերէն երգերով։
Այդ պահուն աչքերուս առջեւ կը տողանցէին վերեւ նկարագրած պատկերները, սկսեալ տարեմուտին Հայր Յակոբոսի մանկապարտէզի սկսնակ սաները կարգի դնելով, ինք ալ ամենաառաջինի ձեռքը բռնած տողանցքը Սաքըզաղաճի նախկին դպրոցի պարտէզին մէջ։ Ապա Հայր Անտոնի կերպարը կը մարմնաւորուի աչքերուս առջեւ։ Վարդապետի պատուէրով մօտակայ այգիէն խոտեր հաւաքած ենք որոնցմով պիտի պատրաստենք Յիսուս մանուկի ծնած մսուրի մանրակերտը։ Տարուայ մէջ մեզ բոլորս նկարող ու տարեվերջին շատ աժան գումարով մը վաճառող Մէօսյէօ Էմիլը կը յայտնուի յիշողութեանս մէջ։ Ու ի վերջոյ Փետրուարի բուքին երկաթեայ տակառի մը մէջ այրող խարոյկին շուրջ մէկտեղուած երիտասարդութիւնը, որ վճռած էր դպրոցը չի թողուլ պետական գրաւումի դիմաց։
Կարծեմ բոլոր այս մարդիկ, ոմանք անդենական գացած, ոմանք մեզ հետ, հիասթափութիւն պիտի զգային եթէ ներկայ ըլլային այս տարուայ հանդէսին։ Բայց պիտի չարտայայտէին իրենց հիասթափութիւնը ի սէր շրջանաւարտ վեց երիտասարդներուն, որոնցմէ մեր յոյսն ու հաւատքը չենքկրնար զլանալ։