ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Գերմանիոյ խորհրդարանի 2 Յունիսին ընդունած որոշումէն անմիջապէս ետք Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի Թուրքիոյ նախագահին ուղղեալ նամակը ընդվզում պատճառած էր համայն հայութեան համար։ Մանաւանդ Հայաստանէ ներս բազմաթիւ լրատու գործակալութիւններ իրենց սիւնակները լայն բացին այս նիւթի շուրջ եւ այսպէսով բողոքի ալիք մը բարձրացաւ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդին դէմ։ Մանաւանդ Արամ Սրբազանի Հռոմի Փրանկիսկոս Պապի այցելութեան օրերուն Հայաստան ճամբորդելու լուրը ալ աւելի սրեց բողոքի այս ալիքը։ Վերջապէս Էջմիածինէն յայտարարուեցաւ, որ այս օրերուն չի նախատեսուիր Պոլսոյ պատրիարքի այցելութիւնը դէպի Մայր Աթոռ։ Իսկ 22 Յունիս Չորեքշաբթի առաւօտուայ ժամերուն խումբ մը պոլսահայեր իրենց դժգոհութիւնը յայտնելու համար փութացին պատրիարքարան եւ սեւ ծաղկեպսակ մը տեղադրեցին պատրիարքարանի մուտքին, որուն վրայ գրուած էր՝ «Մե՛նք պիտի ընտրենք մեր պատրիարքը»։ Բողոքողները յատկապէս կը շեշտադրէին այս հանգամանքը, ըսելով որ պահանջուածը 555 տարուայ աւանդութեան մը գործադրութիւնն է եւ ոչ աւելին։ Թրքահայ մամուլը, որ ընդհանրապէս կ՚անտեսէ Պատրիարքարանի հասցէին կատարուած վերջին քննադատութիւնները, այս անգամ իր սիւնակները բացաւ բողոքի աննախադէպ վերջին ցոյցին։
Ցաւալի է տեսնել որ ամբողջ երկիրը պատող սրուած իրավիճակը իր ճիրաններուն մէջ կ՚առնէ նաեւ Թուրքիոյ հայութիւնը, քանի որ պարկեշտութենէ ու պատշաճութենէ հեռու ամէն վարք սկսած է ընդունելի դառնալ։ Ուրիշ տեսակ դպրոցի հիմնադիր մը պիտի չյանդգնէր՝ «դպրոցի վարչութիւնը ինչ որ ալ ըսէ՝ մեր որոշումը անփոփոխ է» ըսելու։
Նման օրերուն կ՚արժէ ապաւինիլ Աշուղ Ճիվանիի տողերուն, որ պիտի երգէր՝. «Ձախորդ օրեր ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան, վհատելու չէ վերջ կ՚ունենան կու գան ու կ՚երթան…»։ Այստեղ մեզի կը մնայ ներկայ ձախորդ օրերը պատմութենէ դաս քաղելով յաղթահարել՝ խուսափելով այս փորձանքաբեր օրերուն միջոցին անբուժելի նոր վէրքեր գոյացնելէ մեր արդէն յոգնատանջ մորթին վրայ։