ՆԱԶԱՆ ԷՕԶՃԱՆ
ozcanazan@gmail.com
Հերթապահ խմբագրապետի արշաւին մասնակցելով «Էօզկիւր Կիւնտէմ» թերթի հետ զօրակցող խմբագիրները սկսած են ձերբակալուիլ։ Թերթին մէջ միայն մէկական օր հերթապահ խմբագրապետի պաշտօն ստանձնած փրոֆ. Շեպնէմ Քորուր Ֆինճանճը, «Լրագրողներ՝ առանց սահմանի» հասարակական կազմակերպութեան Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Էրօլ Էօնտէրօղլու եւ խմբագիր Ահմէտ Նէսին իրենց մէկական օրուայ զօրակցութեան համար կը դատուին 2-էն մինչեւ 14 տարի բանտարկութեան պահանջով։ Շեպնէմ Քորուր Ֆինճանճը Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Հիմնադրամի նախագահն է եւ իր կատարած մարդասիրական աշխատութիւններուն համար արժանացած է Հրանդ Տինքի անունով տրուած մրցանակին։
Հերթապահ խմբագրապետութեան արշաւին ցարդ մասնակցած 44 լրագրողներէն 37-ին դէմ հարցաքննութիւն կատարուած էր ահաբեկչութեան քարոզչութիւն ընելու մեղադրանքով։ Հանրածանօթ մտաւորականներու ձերբակալութիւնը դժգոհութեան մեծ ալիք մը գոյացուց թէ երկրէ ներս եւ թէ արտասահմանի երկիրներուն մէջ։
21 Յունիս Երեքշաբթի օր բազմաթիւ լրագրողներ, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ եւ ձերբակալուածներու ընտանիքները մէկտեղուեցան «Էօզկիւր Կիւնտէմ» թերթի խմբագրատան առջեւ եւ պահանջեցին որ ձերբակալուածները իսկոյն ազատ արձակուին։ Այստեղ ձերբակալուած մտաւորականներէն Ահմէտ Նէսինի կինը հակազդեց ահաբեկչութեան մասին մեղադրանքին դէմ եւ ըսաւ. «Ես պարծանք կը զգամ իմ ամուսինովս։ Կը մերժեմ իրեն վերագրուած ահաբեկիչ զրպարտութիւնը։ Այս երկրի մէջ միայն մէկ ահաբեկիչ կայ եւ բոլորդ գիտէք որ ով է»։
Այս բողոքի ցոյցին մասնակցողներէն 108 լրագրողներ եւս կամաւոր եղան «Էօզկիւր Կիւնտէմ» թերթի հերթապահ խմբագիրի պաշտօնը ստանձնելու համար (անոնց մէջ է նաեւ թերթիս խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեան եւ աշխատակազմի վաստակաւոր անդամներէն Գարին Գարագաշլը)։
Նոյն օրուայ երեկոյեան զօրակցութեան երկրորդ հաւաք մըն ալ կազմակերպուեցաւ Կալաթասարայի հրապարակին վրայ։