Պոլսոյ 16 հայ վարժարաններու մէջ Կեդրոնականը ունի յատուկ նշանակութիւն։ Ի տարբերութիւն մեր թաղական կամ միաբանական դպրոցներէն, ան Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի, Գարակէօզեան եւ Գալֆայեան որբանոցներու հետ կը գոյացնէ ազգային վարժարաններու կազմը։ Շարունակութիւնն է Կարինի Սանասարեան վարժարանի եւ իր պատմութիւնը կ՚արդարացնէ բազմաթիւ երեւելի սաներով։
Ափսոս որ ներկայ դրութեամբ Կեդրոնականի այս յատկութիւնները կ՚անտեսուին եւ դպրոցը կը դառնայ հոգեւոր շրջանակներու սուր սլաքներուն նշաւակը։ Խելքէ ու տրամաբանութենէ հեռու զրպարտութիւններ կ՚ուղղուին դպրոցի հասցէին։ Օրինակի համար կղերական մը հրապարակաւ կրնայ պնդել, թէ դպրոցէ ներս անաստուածութիւն կը քարոզուի։ Խնամակալ մը կրնայ իր պաշտօնավարած հաստատութիւնը մեղադրել, որ վերջին տարիներուն ոչ մէկ շրջանաւարտ յաջողած է բժշկագիտական համալսարան մտնել։
Իրականութեան մէջ այս մտայնութեան տէր եղողներու գլխաւոր անհանդուրժողութիւնը կը բխի դպրոցին արձանագրած յարատեւ յաջողութենէն։ Այդ յաջողութեան մէջ շատ կարեւոր բաժին ունի բազմամեայ տնօրէնուհին, իր ուսուցչաց կազմով։ Այստեղ զանց կ՚առնենք բազմաթիւ թերութիւններ, որոնք նոյնպէս կարելի է տնօրէնութեան եւ ուսուցչութեան վերագրել։ Զանազաններ անցնող տասնամեակներու մէջ կրնան նշել անարդարութեան, անհանդուրժողականութեան բազմաթիւ երեւոյթներ, որոնք վերջապէս ի զօրու են ընկերային դաշտի վրայ գործող բոլոր հաստատութիւններու համար։ Մենք պարտաւոր ենք դպրոցի յաջողութիւնը ընդհանրացնելով դիտելու։ Այդ ընդհանրացումին մէջ Կեդրոնականի առաքելութիւնը կ՚արդարանայ լոկ իր սաներուն պատճառաւ։
Մենք այս գրութիւնով վեր առնենք ներկայ ուսանողներու յատկութիւնը եւս։ Թուրքիոյ երկրորդական վարժարաններէ ներս վերջերս ծաւալեցաւ խիստ ուշագրաւ բողոքի ցոյց մը։ Առաջին անգամ Թուրքիոյ մեծ աւանդի տէր վարժարաններէն «Իսթանպուլ Էրքէք Լիսէսի»ի սաները շրջանաւարտութեան հանդէսի պահուն մէջքով լսեցին իշխանութեան հպատակած իրենց տնօրէնի ուղերձը։ Այս աննախադէպ փորձէն ներշնչուելով «Կալաթասարայ», «Փերթեւնիյալ», «Տամ տը Սիոն»ի նման պատմական աւանդութիւն ունեցող երկրորդական դպրոցներ ձայն բարձրացուցին կրօնամոլ ուսման ծրագրին դէմ։
Եթէ այդ շարքին պիտի միանար հայ վարժարան մը, անշուշտ որ ան պիտի ըլլար Կեդրոնականը։ Արդարեւ Կեդրոնականի սաներն ալ իրենց ձայնը հրապարակեցին գրութիւնով մը եւ հասարակութեան փաստեցին իրենց ապրած երկրի նկատմամբ հաւատարմութիւնը։ Բայց որովհետեւ մեր համայնքային վարիչները կը շփոթեն հաւատարմութեան հասցէն, անոնք կը սիրեն խոնարհիլ կառավարութիւններու առջեւ։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ նման բողոքներով հանդէս եկող աւելի քան 150 վարժարաններու մէջ միայն Կեդրոնականի խնամակալութիւնը դէմ յայտարարութիւն մը հրապարակելու կարիքը զգաց։ «Միայն խնամակալութիւնը լիազօրուած է դպրոցի անունով հանդէս գալու», կ՚ըսէին իրենց հակայայտարարութեան մէջ։
Ճիշդ է որ օրինական բոլոր գետիններու վրայ այդ լիազօրութիւնը տրուած է խնամակալութեան։ Աշակերտները չեն կրնար դպրոցի կազի կամ ջուրի կամ հոսանքի մատակարարման համար համաձայնութիւն կնքել տուեալ հաստատութիւններուն հետ։ Չեն կրնար Կրթութեան նախարարութեան կամ նման պաշտօնական մարմինի դիմաց դպրոցը ներկայացնել։ Բայց ո՞վ կրնայ արգիլել անոնց իրենց կամքը հրապարակելու ազատութիւնը։ Ցանկացած դպրոցի սան, արձանագրութիւնով կը ստանայ բնական պատկանելութիւն մը, որ կը կրէ ամբողջ աշակերտութեան շրջանին եւ նոյնիսկ աւարտելէ ետք ալ։
Խնամակալութիւնը փոխանակ անհանգստանալու, թող պարծենայ իր աշակերտներուն անհատականութեան գիտակցութիւնով։