ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ
gozdekazaz@agos.com
Հրանդ Տինքի ոճիրի մասնակից եղած պետական պաշտօնեաներու դատավարութիւնը կը շարունակուի 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մօտ։ Դատավարութեան այս փուլի առաջին երկու օրերուն ներկայ գտնուեցան ձերբակալուածներ Ալի Ֆուաթ Եըլմազէր, Ռամազան Աքեիւրէք եւ Էրճան Տէմիր։ Ոչ ձերբակալեալներէն Ճելալէտտին Ճերրահ, Ռէշատ Ալթայ, Մուհիտտին Զէնիթ, Ֆարուք Սարը, Ահմէտ Իլհան Կիւլէր եւ Սապրի Ուզուն եւս ներկայ էին դատական նիստին։ Բանտարկեալ Օկիւն Սամասթ տեսալսողական դրութիւնով մասնակից եղաւ։ Էնկին Տինչ եւ Էրհան Թունճէլ ինչպէս նախորդ նիստերուն, այս անգամ ալ կը բացակայէին առանց որեւէ պատճառաբանութիւն մը ներկայացնելու։ Խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան եւս կը հետեւէր դատավարութեան։ Այս նիստը սկսաւ ամբաստանեալ Մուհիտտին Զէնիթի պաշտպանութեամբ։ Ան յայտնեց թէ հոգեբանական ծանր ճնշումներու տակ պատասխանած է դատախազի կարգ մը հարցումներուն, զորս այժմ կը մերժէ։ Ան նշեց որ ոճիրէն տասը ամիս առաջ արդէն պատկան իշխանութիւնները տեղեակ պահած է մօտեցող վտանգին մասին, ուրեմն անիմաստ է զինք զինեալ կազմակերպութեան մը անդամ ըլլալով այս ոճիրի կատարման համար օգնած ըլլալու մեղադրանքով ամբաստանել։ «Երեք անջատ տեղեկագիրներով զարգացումները փոխանցած եմ համապատասխան մարմիններուն։ Ուրեմն ինչպէ՞ս զիս կրնան ոճիրը կազմակերպելու մէջ մեղադրել։ Տինքի ոճիրին մէջ թերացումը կը կայանայ ո՛չ թէ լրաքաղութեան պահուն, այլ քաղուած լուրերը համակարգելու պահուն։ Ես ոչ թէ այս դաւադրական ոճիրի մասնակիցը եղած եմ, այլ դաւադրութիւնը հրապարակած։ Ամբաստանագրին մէջ կը պնդուի որ Տրապիզոն երթալով Էօզճան Տէմիր եւ Ֆարուք Սարըի հետ միասին ոչնչացուցած եմ փաստերը։ Ես ոճիրէն եօթ ամիս առաջ կապերս խզած եւ Պայպուրթ գացած էի, ինչպէ՞ս կրնամ փաստերը ոչնչացնել։ Ես միայն պարտականութիւնս կատարած եմ, հետեւաբար կը պահանջեմ որ անպարտ հռչակուիմ եւ դուրս ելլեմ դատական հետապնդումէ»։
Ամբաստանեալի այս պաշտպանութենէն ետք դատախազը, դատակազմը, Տինք ընտանիքի եւ մեղադրեալի իրաւապաշտպանները հարցաքննեցին Մուհիտտին Զէնիթը։ Այդ շրջանակէ ներս ուղղուած հարցումները կեդրոնացած էին կորսուած մօտ 20 «F5» տեղեկագիրներու, ոճիրէն ետք Էրհան Թունճէլի եւ Ալի Ֆուաթ Եըլմազէրի հետ կատարուած հեռախօսազրոյցներուն Տրապիզոն երթալուն շուրջ։ Զէնիթ պնդեց որ Էրհան Թունճէլ իրեն հակասական տեղեկութիւններ կը փոխանցէր եւ ինք ալ չէր ուզեր այդ կասկածելի տուեալներով տեղեկագիր պատրաստել։ Ան վերջապէս յայտնեց որ ոճիրէն առաջ չէր լսած Օկիւն Սամասթի անունը։ Ան ակնարկելով ոճիրէն ետք Էրհան Թունճէլի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին, ըսաւ որ այդ տեսակ զրոյցները կասկածեալը խօսեցնելու կը միտի եւ ինք ալ ահա այդ է որ ըրած է։ Զէնիթին հարցուեցաւ իր կողմէ պատրաստուած տեղեկագրին մէջ «Եասին Հայալ ի գին ամէն բանի Հրանդ Տինքը պիտի սպաննէ» ձեւով գրի առնուած տեղեկագրին որո՞ւ կողմէ «աղմկալի գործողութիւն» ըլլալով փոխուիլը։ Զէնիթ այս հարցումին հակասական պատասխաններ տուաւ։ Նախ ըսաւ որ չի յիշեր, ապա նշեց որ ինք «պիտի սպաննուի» գրած է։ «Բաժնի պետ Էնկին Տինչ, Էօզքան Մումճուի հետ խորհրդակցելով շարադրեց»։
Զէնիթի հարցաքննութենէն ետք Տրապիզոնի Լրաքաղութեան պետ Էրճան Տէմիր իր պաշտպանութիւնը կատարեց։ Տէմիր բացի Տինքի սպաննուելու մասին տեղեկագիր ղրկելը, Զէնիթի բոլոր խօսքերը մերժեց։ Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպան Պահրի Պելեն վերջին երկու նիստերուն բացակայող Էրհան Թունճէլին յաջորդ նիստին ներկայ գտնուիլը պահանջեց։