Էղածը իմացայ նէ էրէսս թօխաթ կերածի պէս էղայ։ Ծերին հաշւոյն-կտնուած տեղէս անկարելի է ամա. կետնին եօթը խաթ տակը անցած զգացի։ Աշքօլսուն Աթէշեան, եանի եա, աշքօլսուն։ Քուկին ազգդ հարուր տարի ստախօսի տեղ թող դրուի, իրեն պատկանող հողերուն վրան սանքիմ լութուֆ էղածի պէս թող ապրի, հա քիմ արթըխ պուտ մը ծանը բարձրացունելու, իրաւունքը պաշտպանելու առիթներ ստեղծուիլ պաշլայէ, սա ըրած պանդ նայէ։ Կը վայլէ՞ մի, ազգին արժանապատուութիւնը տաս փարանոց ընելով, պիւթիւն աշխարքին իլլալախ ըրած մարդուն եաղ քաշելը։ Չեմ հասկնար կոր. աս տեսակ որոշումները անանկ «էս ըրի, էղաւ» կ՚ըլլա՞յ մի։ Ատանկ պան մը պահանջո՞ղ մի էղաւ, համայնքին ընդհանուր հոգեբանութիւնը հի՞չ մի կարեւորութիւն չունի։ Պէ պապամ, զաթը միլլէթին աչքը վրադ է, զաթը մենծամասնութիւնը քեզմէ խօշլաշմիշ չըլլար կոր, զաթը նստած աթոռդ խախուտ է… հի՞չ մի չես մտածեր քիմ. հիմա պիւսպիւթիւն շիմշէքները վրադ քաշելու պէտքութիւն չկայ տէյիմ։
Ասիկա թամ Բագրատիս ըսածին պէս. քաքին վրան թիւյ տնկել է։ Անիկա պաց պաց գրելու քաշուեր տէ կէտ կէտ դրեր է ամա Լուցիքային լեզուն քիլիտ չի պռներ։ Ախ ախ… փարա չըներ կոր իշտէ, էրդում թէօպէ փարա չըներ կոր, միլիոն անգամ ինքզինքիս «քէֆլի չեղող պան մի գրեր» կ՚ըսեմ կոր, չըլլար կոր։ Շիտակը կ՚ուզէք նէ աս անգամ պուտ մը մեր թարաֆէն ալ էղած մեղադրանքները պատճառ էղան տէ էրկու սաթըր գրել ուզեցի։ Եանի եա կիտցած ըլլաք քիմ աս թարաֆէն ալ մարդ. աս էօտլէկութեան հախ չէ տուած։ Նէյսէ նէ. ինտոր է նէ պօշա կայրէթ է, կեցէք պարէմ պուտ մը մէվզուն թեթեւցունեմ։
Տուք ատ, ժողովուրդին արան յաճախ կործածուած «քաքին վրան թիւյ տնկել» խօսքը ուրկէ էլած է կիտէ՞ք։ Էֆէնտիմ. վախտին գիւղերուն մէջ տուներուն պէտքարանները պարտէզը կ՚ըլլար։ Ծմեռը անծրեւով ծունով մաքրելը խօլայ է ամա ամառ էկաւ մի, տաքը, ճուրի խըթութիւնը ֆիլան… էհ փիսութիւն։ Անոր համար մենծ պէտքը էկողը ծառքը թիւյ մը կ՚առնէ տամ կ՚ելլայ, կործը լմնցաւ մի թիւյը վրան կը տնկէ կ՚ինջնայ էղեր։ Անկէ ետքը խօլայ է, կարճ ատենէն ճօզուր ճօզուր արեւուն տակ էղածը չեղածը քար կը կտրի հէլպէթ։ Թիւյէն պռնելնուն պէս թախ հեռուն դաշտին օրթան ֆըրլաթմիշ կ՚ընեն էղեր։ Օխ թէրթէմիզ։ Պուտ մը ժպտեցա՞ք։