Մօտաւորապէս տասը տարի է որ ահազանգ կը հնչեցուի թրքահայ հասարակութենէ ներս պառակտումի երեւոյթներուն մասին։ Ազգ ըլլալէ դադրած եւ հետզհետէ կրօնական համայնքի մը դիմագիծը ստացած է հայաշխարհի կարեւորագոյն հատուածներէն մէկը հանդիսացող պոլսահայութիւնը։ Նման կերպարանափոխութիւնը անշուշտ որ պատահական չէր։ Հանրապետական Թուրքիոյ կառավարութիւնները անսայթաք ծրագրի մը հիման վրայ յաջողեցան հայ ազգը քայքայել։ Կայսրութեան շրջանին ալ ազգը թէեւ կը ներկայանար պատրիարքով, բայց անոր կողքին որոշ ծանրութիւն ունէին աշխարհականներն ալ։ Մանաւանդ որ այդ աշխարհականները ունէին քաղաքական դիմագիծ։ Բնականաբար Յակոբ Պարոնեանի կամ Երուանդ Օտեանի երգիծանքին նիւթ դարձած «Չարշըլը Արթին Աղա»ներ եւ «Թաղականի կնիկ»ներ բոլոր ժամանակներու յատուկ կերպարներ են, սակայն նորէն ալ անցեալի գաղափարական հարստութենէն շատ քիչ հետք մնացած է այսօրուայ պոլսահայութեան։ Ափսոս որ այդ շատ քիչի հետեւանքով ձայն գտնող միտքերն ալ ընդհանուրի անունով խօսող պահպանողականներու կողմէ կը հալածուին։
Հալածանքի եղանակներէն մէկն է բարոյական մարդասպանութիւնը։ Ինչ մեղք որ այս տեսակի մարդասպանութիւնը իր արժանի պատիժը չի գտներ գործող իրաւական համակարգին մէջ։ Մարդու մը կեանքին ֆիզիքապէս սպառնալն ունի իր հետեւանքները։ Բայց նոյն մարդուն գաղափարներուն պատճառաւ պաշտօնազրկութիւնը անպատիժ ընթացք մըն է։ Եւ ցաւալին այն է որ թրքահայ հասարակութեան ցոլացուցած բոլոր ախտերը կը բխին երկրի տրամադրութիւններէն։ Կարծես օր ըստ օրէ բռնակալի մը կերպարը իւրացնող նախագահի փոխարէն հայ հասարակութիւնն ալ պարտաւոր է ունենալ իր «միքրոբռնակալ»ները։ Նոյնքան անհանդուրժող, նոյնքան մեծխօսիկ, նոյնքան տարուած մեծութեան սնամէջ բարդոյթէն։
Ի վերջոյ Թուրքիա 80 միլիոնի մօտեցող իր բնակչութիւնով, ընդ միշտ ունեցաւ այլընտրանքային ուղիներ որոնող միտքեր։ Միտքեր՝ որոնք ընկալած են համաշխարհային նոր դրուածքը եւ առաջարկներ ունին արդի հրամայականներու համակերպելու կամ դիմադրելու ուղղեալ։ Իսկ մենք մեր բնակչութեան զուգահեռ, այդ միտքերով ալ փոքրիկ թիւ մը կը ներկայացնենք։ Զուրկ ենք երրորդ հազարամեակի պարտադրած մարտահրաւէրները մեկնաբանելէ եւ պահանջուած միջոցներով դիմագրաւելէ։ Թերեւս լոկ այս պատճառաւ կ՚արժէ որ յատուկ ուշադրութիւն ընծայենք այդ փոքր թիւին։ Որովհետեւ իրենց բացակայութեամբ մենք ո՛չ թէ պնդուածին նման աւելի համերաշխ հաւաքականութիւն մը պիտի կազմենք, այլ ընդհակառակը բոլորովին պիտի այլասերինք նոր ժամանակներու կեղծ բարքերուն մէջ։
Իսկապէս մեծ է խնդիրը, որուն մէջ Աթէշեանի պատրիարքի փոխանորդ մնալը, թաղականներու կամ բարերարներու ինքնակամ գործելակերպը այնքան ալ կարեւոր նշանակութիւն պիտի չունենան։ 560 տարուայ աւանդութեան մը քայքայումն է որ կ՚ապրինք։ Ազգի, ժողովուրդի գիտակցութենէն համայնքի, գաղութի ճղճիմութիւն դէպի վիժած մեր հասարակութիւնը եթէ պիտի ցանկայ պատմական աւանդութեան անսասանութիւնը, պարտի իր բոլոր տարրերով ուշքի գալ եւ ելքի իմաստուն միջոցներ որոնել, փոխանակ օրը ազատելէ։ Ճիշդ ալ այս է մեր խնդիրը։ Հանրապետութեան շրջանին չենք յաջողած մեր դիմաց ծառացած որեւէ խնդիր լուծել, այլ գոհացած ենք օրը նուազագոյն վնասով ազատելով։
Ազգի դէմ գործուած ոճիրէն 100 տարի անց, ահա այդ օրը փրկելու ռազմավարութիւնը սնանկացած է եւ հասած ենք ճակատագրական այլընտրանքին, պիտի արտօնե՞նք որ անարժան եւ պատահական մէկը մեր անունով խօսի, թէ ոչ ձայն պիտի բարձրացնենք մեր կամքն ալ տեսանելի դարձնելու համար։