Վերջին օրերուն զօռլու մէվզուներէն նէ Գերմանիայէն էլած որոշումին, նէ ալ վաքըֆներուն սիրտ հատնում խնդիրներուն պըլշկելու նիյէթ ունիմ։ Էս օղջ է իքէն պօյունա քէֆլի պաներ կը գրէի, հիմա պազի ան խըտար «քէօր քէօր փարմաղըն կէօզիւմէ» պաներ կ՚ըլլայ կոր քիմ. հիչ մէջէս չի գալէն մէճպուր մէկ էրկու խորաթայ կ՚ընեմ կոր։ Աս անգամ անցած տարձածին աչքս անկաճս կոցեմ եւ քէֆլի պան մը պիտի գրեմ։ Անցած Կիրակի զգանչելի քօնսէրի մը ամէն ատենուան պէս անտեսանալիօրէն ներկայ կտնուեցայ։
Պէշիկթաշի քաղաքապետութիւնը. քանսէրլի չօճոխներուն ի նպաստ քօնսէր մը թէրթիպ ըրած էր։ «Ֆուլեա Սանաթ» ըսուած ատ տեղը հիչ չէի տեսած։ Աման ատ կողմերն ալ ինչ կէօքտէլէններ շինուեր է, իմին կէնճութեանս հոնտեղները մարդաբնակ պիլէմ չէին։ Էս զաթը արթըխ Պոլիսը ինքզինքս օտարի պէս կը զգամ կոր, նոր նոր թաղեր օրթա էլան, հելէ քէօփրիւին անդիի թարաֆը անցնիս նէ սանքիմ ուրիշ քաղաք մըն էս։ Ըսէք պիտի քիմ «ո՞ր քէօփրիւն» հախ ունիք, ամէն թարաֆ քէօփրիւ էղած է, իմացայ քիմ մէկ հատ տահա կը շինեն կոր էղեր։ Աման ինձմէ անցեր է արթըխ, ինչ ապուր կ՚ուզեն ուտեն, կը բաւէ քիմ կիւզէլիմ քաղաքը տահա շատ մաֆ չընեն։
Նէյսէ նէ նիւթէն չհեռանամ տէ քօնսէրին գամ. Գարին Պօզքուրթս իլէն Պիւլէնթ Քիւլէքչի տէյիմ մէնշուր օփէրայի թէնօր մը պարապար, սքանչելի ռէփէրթուարով մը ըռէսմէն անկաճներուն զիյաֆէթ քաշել տուին։ Գարինս քիմ միեւնոյն ատեն շատ յաջող օփէրաթէօր ժինէքօլօկ մըն է, քռիստալի պէս ծան մը ունի շիտակը։ Էս անիկա Հրանդիս օրաթօրյօին քօնսէրին մտիկ ըրած էի, պամպաշխա պան մըն էր եանի եա։ Քօնսէրին առաջին մասը էն զօր օփէրայի կտորներով մարիֆէթները օրթա թափեց, երկրորդ մասն ալ տահա փօփիւլէր եւ թեթեւ երգեր երգեց եւ թէ ամէն լեզուով։ Մէկն ալ օրաթօրյօէն «Ջութակ» անունլու սօլօն էր։ Խօշ ալ պան մը ըրին. երգէն առաջ Պէրպէրեան Պերճուկս բեմ հրաւիրեցին եւ իր գրած երգին բառերը թրքերէն ըլլալով արտասանեց, ետքն ալ Գարինս հայերէնը երգեց։ Ան խըտար մենծ զգացում կար քիմ միլլէթին աչքերը լեցան։
Չմոռնամ ըսելու քիմ Պէշիկթաշին նոր կազմուած չօճոխի քօրօն ալ քօնսէրին մաս կազմած էր։ Խըյախ ծափահարուեցան։ Էհ տարոսը մօտ ատենէն յայտնուելիք մերին Լուսաւորիչ երգչախումբին չօճոխներուն ըսենք։