PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Կեցցէ՛ անիշխանականութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան Գերմանիոյ Դաշնային Խորհրդարանի մէջ պաշտօնական ճանաչումը ակնկալող բանաձեւի քուէարկութեան նախօրեակին Թուրքիոյ բոլոր քաղաքական շրջանակները լծուած են աւանդական ուրացումի ծանօթ եղանակներուն։ Անոնց մէջ ամենաուշագրաւը ըլլալ կը թուի նորանշանակ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերը։ Թուրքիոյ Վարչապետը 1915-ի ցեղասպանութիւնը կը բնութագրէ իբրեւ «սովորական դէպք»։ Կը կրկնէ պաշտօնական տեսութեան ներկայացուցիչներուն «Պատերազմի մէջ էինք» յանկերգը։

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր այս խօսքերով հաստատած կ՚ըլլայ իրեն վերագրուած «հեղինակութենէ զուրկ» կոչումը։ Ինչպէս պիտի յիշենք, նախորդ վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուի յանկարծական գահընկումէն ետք ԱՔՓ կուսակցութեան մօտ շրջանակներ կը խօսէին ամերիկեան քաղաքական բառամթերքէ փոխ առնուած «low profile» այսինքն անհատական հեղինակութենէ զուրկ մէկու մը մասին։ Այս խօսքին շրջանառութեան մտնելով տեսանք որ բաւական շատ են «իմ հեղինակութիւնը աւելի ալ նուազ է» ըսող թեկնածուներու բազմութիւնը։ Ի վերջոյ նախագահ Էրտողան իր վստահութիւնը դրաւ ամենանուազ հեղինակութիւն ունեցողին վրայ եւ Պինալի Եըլտըրըմ 78 միլիոնանոց Թուրքիոյ վարչապետ կարգուեցաւ։ Եթէ լուսահոգի մայրս ողջ ըլլար գիտեմ թէ ինչ պիտի ըսէր։ «Վա՜յ քեզ քաղաք, որ վարչապետդ հեղինակութենէ այսքան զուրկ է»։

Սակայն կ՚արժէ խորհիլ, որ ոչ թափանցիկ բոլոր վարչութիւններու մէջ նախընտրելի յատկութիւն մըն է հեղինակութենէ զուրկ ըլլալը։ Իբրեւ օրինակ կրնանք դիտել պոլսահայ հասարակութեան խնամակալներու, հոգաբարձուներու կամ թաղականներու կազմերը։ Պիտի տեսնենք որ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը գործէ հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւն մը, որ շրջապատուած է հեղինակութիւն չունեցող նոյնիսկ անհատականութիւն չունեցող անձերէ բաղկացած կազմով մը։

Ահաւասիկ այս հեղինակութենէ զուրկ կազմերու շնորհիւ է որ ներդաշնակութիւն կը տիրէ այդ վարչական խորհուրդներէ ներս։ Եթէ կայ հեղինակաւոր առաջնորդ մը, ալ պէտք չունիս իզուր տեղ միտք մաշեցնելու, խորհուրդներու մատնուելու եւ բանավէճներու տեղի տալիք կարծիքներ առաջարկելու։

Բացառութիւնները յարգելով հանդերձ կրնանք ըսել թէ տասնամեակներ շարունակ ահա այս մտայնութիւնը տիրեց մեր ազգային հաստատութիւններու վարչական կազմերէն ներս։ Այս կաղապարէն դուրս մնացին ազգային դպրոցներու սաներուն կողմէ հիմնուած միութիւնները։ Այնտեղ որոշ չափով թափանցիկութիւն կը տիրէր եւ ցանկացող սան, եթէ յաջողէր իր դասընկերներէն զօրակցութիւն ապահովել կրնար մասնակցիլ միութեան վարչութեան։ Եկուր տես որ ժողովրդավարականութեան սկզբունքներուն հիմք դրած այս կառոյցները նշանակումով գործողներու կողմէ միշտ կասկածով դիտուեցան։ Այդ կասկածամտութեան հետեւանքով զանազան դաւադրութիւններ կատարուեցան անոնց գործունէութեան սահմանը կրճատելու համար։ Օրինակի համար Գընալը Կղզիի «Կազդուրման Կայան»ը հիմնարկութենէն ի վեր կը գործէր Գարակէօզեան Սանուց Միութեան հսկողութեան ներքեւ։ Մօտ անցեալին դաւադրական խաղերով կցուեցաւ Գարակէօզեանի խնամակալութեան։ Կան ուրիշ օրինակներ ալ։ Կեդրոնականի խնամակալութիւնը նման դաւադրութիւնով մը իր վրայ գրանցեց միութեան կտակուած կալուածը։ Հիմա ալ ոչ թափանցիկ «Յովակիմ 1461» հիմնադրամը նման խաղերով Պէյքոզի եկեղեցւոյ տարածքը խլեց Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցէն։

Այս բոլորը կը պատահին մեր « low profile» ազգային ջոջերու հլու հնազանդ վարքին հետեւանքով։

Փրկութիւն եթէ կարելի է, յետ այսու զօրակցեցէք անիշխանականներուն։ Յոյսը անոնց մօտ է։