ԼՈՒՑԻՔԱ ՏՈՒՏՈՒ

Լուցիքա Տուտու

Պէքլէյէ կեցիր

Միշտ օր մը պէլքիմ կ՚ըլլայ տէյիմ յոյս կ՚ընենք, կենէ ալ աս երկրին օրէնքի կապուած կործերը հիչ մէկ ատեն չկարգադրուիր։ Նէ դատարանները պէտք էղածին պէս կ՚աշխատին, նէ ալ հախ հուքուք ըսուածը կը կիրարկուի։ Ամէն պան, թէփէն նստողներուն մէնֆաաթին ուղղութիւնով «քիթապընա ույտուր»ի կը վերածուի։ Տուն ալ հայրենակից ըլլալով պէքլէյէ կեցիր քիմ օր մը իրաւունքիդ տիրանաս։ Իշտէ. վախըֆներուն սէօզտէ վերադարձուած իրաւունքներուն մէսէլէն օրթան է։ Պօմօնթի Մխիթարեանին կործը ըսեսնէ, իրաւ «եըլան հիքայէսի» դարձաւ։ Տուն ուզածիդ չափ փաստ ցուցուր, իրաւունք ունեցիր, անոնք կենէ կիտցածնին կը կարդան։

Պօյունա կ՚ըսեմ, կենէ պիտի ըսեմ. երկրին ընդհանուր մտայնութիւնը ինչ է նէ համայնքէն ներս մտայնութիւններն ալ նոյնը կ՚ըլլայ կոր։ Հէլպէթ քիմ մերիննները ատ պիչիմ առաւ-փախաւութիւններ, հիլէպազութիւններ չունին ընդհանուրին պէս ի՛նչ մեղքս պահեմ համայնքին երեւելիներուն բարի նիյէթին եւ նամուսին լեզու չեմ կրնար երկարել ամա տարիներ տարիսի, վախըֆի ժողովներ կ՚ընեն, կը հաւաքուին, պօյունա նոյն պաները կը խորաթեն եւ թիւրլիւ մը արդիւնքի չեն հասնիր. ինչո՞ւ։ Ովքե՞ր, ի՞նչ տեսակ մէնֆաաթներ կրնան ունենալ, խելքս չի հասնիր։ Ի՞նչ պան արգելք կ՚ըլլայ տէ, աս խըտար տարի է. «սա պանը ընել պէտք է, սա պիչիմ շարժիլ պէտք է» կ՚ըսեն կ՚ըսեն տէ թիւրլիւ մը չեն կրնար կիրարկել։

Պատրիարքի սէչիմը չեն կրնար իրականացնել, հաւուզի խորաթայ մըն է կը տառնայ օրթալըխը, միլիմ մը չի յառաջանար։ Սէօզտէ զէնկին վախըֆները պէտք ունեցողներուն ծառք էրկարելու էն ամա ո՞ւր է. տահա հիչ ատանկ պանի մը շահիտ չեղանք։ Էն մենծերէն էղող Գարակէօզեանին իլէն Սուրբ Փրկիչին պաշխանները «ընենք» կ՚ըսեն կոր էղեր, փէք աղէկ, ո՞վ «չընենք» կ՚ըսէ կոր. Պէյօղլուն իլէն Օրթագիւղը՞ մի… շա՞տ մի զօր է համոզելը։ Օրթան գումար մը կայ նէ եանի եա որեւէ եկամուտ մը, անիկա զաթը համայնքին չի՞ պատկանիր մի։ Հէմ պաշխան ըսածդ աս օր կայ վաղը չկայ, սաաթ մը առաջ արդիւնք մը չելլայ նէ, անոնք կ՚երթան ուրիշները կու գան, սանքիմ աս խըտար տարի է չէ ծեծուածի պէս ամէն պան ծարէն կը պաշլայէ։ Վերջին խօսքս. «հայտէ» է «հայտէ»։