1520 թուականն է, Վանայ ծովէն ո՛չ շատ հեռու՝ Խառակոնիս գիւղի Ս. Թէոդորոս եկեղեցին։ Նահապետ Քուչակը, հազիւ քսան-քսանհինգ տարեկան նրբահոգի երիտասարդ, իր սիրածի պայծառ ժպիտէն ներշնչուած՝ աշուղ դարձեր է։ Վկան՝ իր նորագոյն հայրենը, որուն չորս տողի վաթսուն հոգեգրաւ վանկերու մէջ ամփոփած է իր սէրը։
«Ես աչք ու դու լոյս, Հոգի, առանց լոյս՝ աչքն խաւարի...»
-Պարոն ստուգաբանութիւն, այս լեռներուն մէջ ապրած են եւ կը շարունակեն ապրիլ անապատականներ, ճգնաւորներ, վանականներ, որոնք «հոգի»ն երկինքներու մէջ փնտռած են։ Մինչդեռ ես՝ զայն գտայ մեր գիւղին մէջ. գեղեցիկ հողեղէն մը, աչերը ծովէն առած, ունքերը՝ թուխ ամպէն, երեսը՝ վարդի կարմիր տերեւէն, բերանը շաքարով լի, որուն լուսաւոր ծոցը բանաստեղծ դառնալ կը պարտադրէ ինծի։
«Ես ձուկ ու դու ջուր, Հոգի, առանց ջո՛ւր՝ ձուկըն մեռանի...»
-Պարոն ստուգաբանութիւն, այս լիճին մօտ ապրած են մեծ բանաստեղծներ, որոնք սիրած են խօսիլ Վերինին հետ։ Մինչդեռ ես՝ կը սիրեմ գիշեր ու ցերեկ խօսիլ իմ եարին հետ ու երգել անոր գեղեցկութիւնը։
«Երբ զձուկն ի ջրէն հանեն, ւ՛ի այլ ջուր ձըգեն, նայ ապրի,
«Երբ զիս ի քենէ զատեն, քան զմեռնելն այլ ճար չի լինի»։
-Նահապե՛տ, չենք գիտեր, թէ սիրոյ հովը ուրկէ՛ կը փչէ, այդ գեղեցիկ երկրաւոր «հոգի»ն ուրկէ՛ կը յայտնուի ու կը զգլխէ մարդս։ Սակայն, ստուգաբանութիւնը ունի յստակ պատասխան «հոգի» բառի ծագումին համար, ըստ որուն զայն պէտք չէ փնտռել հեռուները։
«ՀՈԳԻ»ն բնիկ հայկական բառ է։ Նախնական ձեւն է հնդեւրոպական նախալեզուի արմատ pneu/peu, «փչել, շնչել»։ Ցեղակիցներն են «հեւ» եւ «հոգ»։ Յունարէն տարբերակն է pnoe շունչ, ուրկէ
pneuma բառը «հով, օդ, քամի»։ ՀՈԳԻ բառը, ուստի, բուն կը նշանակէ «փչիւն, շունչ»։ Լեզուաբաններու մեկնաբանութեամբ, ներառեալ Հրաչեայ Աճառեանի՝ նախնական մարդու համար միեւնոյնն էր «հոգի, քամի, շունչ, օդ, փչիւն» գաղափարները։
-Կը հաւատամ ձեր ըսածներուն, քանի որ աշուղներու ներշնչումն է քամին սա դիմացի Սիփան լերան եւ հովը մեր Բզնունեաց ծովուն։
-Բառը դարձեր է ներշնչում նաեւ մեր լեզուին համար. սկսելով Ոսկեդարէն՝ ունեցեր ենք պատկերալից բառեր. հոգեխառն, հոգեկրօն, հոգեմարտ, հոգեւորացուցանել, հեզահոգի, դառնահոգի, երկայնահոգի... Ապա, Միջնադարուն եւ նոր դարերուն՝ հոգիանալ, հոգովացուցանել, հոգեբաժին, հոգեբան, հոգեզմայլ, հոգեհատոր, հոգեհարազատ, հոգաբարձու, հոգեհանգիստ, հոգեմաշ, հոգեշնորհ, հոգեարար, հոգեվարք, հոգէառ։ Արմատի երկրորդ ձեւն է ՈԳԻ, որ ոգեւորած է մեր մատենագիրները. ոգեկորոյս, ոգեշունչ, կաթոգին, ոգելից...
-Ճշմարտութիւնը, պարոն ստուգաբանութիւն, անոնք բառեր չեն։ Մենք ենք։ Մեր երկու օրուայ կեանքերու ապրումները, իր բոլոր հաճոյքներով, թերութիւններով։ Հոգեւորականներու համոզումն է, թէ առանց հոգիի կեանք չկայ։ Ես «հոգի»ով կը հասկնամ իմ սիրածը, այնքան ատեն որ կենդանի եմ։
-Նահապե՛տ, քանի՞ հատ հայրեն գրած ես։
- Շատ չէ։ Խորքն է կարեւոր։ Խնդիրն այն է, որ աշուղներու գրածը գաւառէ գաւառ կը տարածուի ու երբեմն կը կորսնցնէ իր հեղինակին անունը։ Կարելի է, որ դարեր անց, ուրիշի գրածն ալ մարդիկ կարդան վերագրելով իմ անունիս, անարժան Քուչակին։
-Գաւառէ գաւառ կը շրջի նոյնպէս «ՀՈԳԻ» բառը։ Չես գիտեր որ քամին կը փչէ, կը տանի զայն հեռուներ... Խարբերդցին իր սիրածը կը կանչէ՝ Հօգիս, մշեցին՝ Հօկիս, տիգրանակերտցին՝ Հօքքիս, արցախցին՝ Հիւքիս, Հէօքիս, հաճընցին՝ Հիգգիս, զէյթունցին՝ Հիգգէս, սվետիացին՝ Հիգքաս։
-Իսկ Հայկական լեռնաշխարհի մեր կողմերը «հ»ն դարձուցեր ենք «խ» հնչիւնի։ Սալմաստցիները կ՚ըսեն «խօքի», մարաղացիները «խօքը», մոկքցիները «խոկէ»։ Իսկ լուսահոգի մայրս, -ինչպէս բոլոր վանեցիներ-, կ՚ըսէր «խոկի»։
-Նահապետ, երկու հարիւր տարի ետք պիտի յայտնուի ուրիշ մէկ աշուղ, սիրոյ եւ հոգիի մեծ երգիչ, ու պիտի ըսէ.
Յիրիք բան կայ՝ հոգու, մարմնու կարքումն է՝
Գիր սիրէ, ղալամ սիրէ, տաֆթար սիրէ։
-Պարոն ստուգաբանութիւն, կը հաւատամ, թէ հոգին անմահ է, ինչպէս սէրը։ Երբ մահանամ կ՚ուզեմ հանգիստ առնել այս սուրբ տաճարի պատին տակ, ու երգերովս ոգեւորել բոլոր սերունդները։
1592 թուականն է։ Քուչակը մահացած է մօտ հարիւր տարեկան։ Արդէն ուխտատեղի է դարձած հայրենի եկեղեցւոյ պատի տակ զետեղուած իր շիրիմը։ Անոր առջեւ անցորդները կը յիշեն աշուղի վերջին շունչով երգած հայրենը.
Հոգիս ի մարմնոյս ելաւ, նա նըստա առջեւն ու լացի.
«Ա՛յ հոգի, դու ո՞ւր կ՚երթաս, երբ քեզնո՛վ եմ ես կենդանի՛»։
Հոգիս ալ մարմնոյս ասաց. «Ես ըզքեզ խիկար կու գիտի՛.
Երբ տունն ի քակել առնու, տէրըն ներսն այլ ի՞նչ բան ունի»։
file://localhost/Users/mac/Desktop/surp%20Haç.jpg