Հայ ժողովուրդը իր ազգային կազմաւորումը աւարտեց միասին ապրած ժողովուրդներէն՝ թուրքերէն, քիւրտերէն, լազերէն շատ աւելի կանուխ ժամանակներուն։ Թուրքերը, իբրեւ արհեստական միջոցներով եւ բռնութեամբ ազգ գոյացնելու փորձ, մինչեւ օրս չեն հասած ազգային այն գիտակցութեան, որուն հայերը հասած էին մօտ երկու դար առաջ։ Քիւրտերը, հակառակ իրենց յետադիմական ու մոլեռանդ կրօնական հզօր հոսանքներուն, վերջին քառասուն տարիներու ընթացքին մեծ յառաջընթաց արձանագրեցին ազգ կառուցելու խնդրին մէջ։ Իրենց ազգային քաղաքականութիւնը անկախ պետականութենէ աւելի կարեւոր կը գտնէ ազգային գրականութիւն հիմնել։ Կ՚աշխատին առտնին խօսակցական լեզուն գրական լեզուի բարձրացնել։ Լազերը մօտ չորս դար առաջ Իսլամը ընդունելով արդէն հրաժարած են ազգի վերածուելու գործընթացէն։ Լազ հասարակութիւնը արդէն իսկ համակերպած է իսլամանալու զուգահեռ թրքանալով ձուլուելու երթին։ Եթէ յանկարծ քաղաքական մեծ յեղաշրջում մը չապրըւի, առյաւէտ կը կորչի լազերու իբրեւ ժողովուրդ գոյութիւնն ալ։
Կարելի է նման պատկերի մէջ դիտել նաեւ Հիւսիսային Կովկասի ժողովուրդներէն չերքեզները։ Անոնք ալ կամաւոր հրաժարեցան մայրենիէն, ազգային եւ աւանդական անձնանուններէն, հետզհետէ տոհմիկ փառքերէն։
Ձուլման խթանը նախ եւ առաջ Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնն է։ Քաղաքական այս խթանի կողքին երկրորդ գործօնը ունի ընկերաբանական բնոյթ։ Հարիւր տարի առաջ Թուրքիոյ բնակչութեան միայն քսան տոկոսը կը բնակէր քաղաքներու մէջ։ Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը գիւղերու բնակիչներ էին, ուր մարդկային յարաբերութիւնները շատ աւելի սահմանափակ են։ Խառն ամուսնութիւններ չեն կատարուիր, մանաւանդ ալ դպրոցներու բացակայութեան պարագային, մարդիկ նոյնիսկ պետական լեզուին իսկ անհաղորդ կրնային մնալ։ Իսկ այսօր շրջուած է բնակչութեան համեմատութիւնը։ Գիւղերու մէջ ապրողները միայն քսան տոկոս կը կազմեն։ Նշենք որ գիւղն ալ օժտուած է արդի ժամանակներու «դրութիւններով»։ Նախ ճամբաներու միջոցաւ հաղորդակցելու դիւրութիւնը, ապա ելեկտրականութեան շնորհիւ լսողական եւ տեսողական հաղորդումներու առկայութիւնը բաւարար է աւանդութիւններուն քայքայման համար։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողան իր վարչապետութեան տարիներուն ելոյթ ունենալով նշած էր թէ երկրի սահմաններէն ներս գոյութիւն ունին աւելի քան 35 էթնիկական եւ կրօնական խումբեր։
Վերի տողերով կը պարզուի թէ ամէն «էթնիկական» կամ հայավարի կոչումով տոհմիկ խմբակցութիւն ազգ չի համարուիր։
Ցեղախումբերը որքան ալ պատմական անցեալ ունենան, համեմատաբար նոր «ազգ» բացատրութիւնով ներկայանալու համար կը պարտին յաւելեալ յատկութիւններ ունենալ։ Այս յատկութիւններու կարեւորագոյնն է ազգային գիտակցութիւնը։ Գիտակցութիւն՝ որուն համար անհրաժեշտ է անձնական, ընտանեկան, գերդաստանական շահերու համազօր իմանալ նաեւ ազգին շահերը։ Զգուշանալ այդ շահերուն համամարդկային արժանիքներուն հակասելէն։ Պատգամ ընդունիլ Պարոյր Սեւակի «Մենք մեզ ոչ ոքից չենք գերադասում» կարգախօսը, որպէսզի իսկոյն մտաբերենք «Միայն մենք Արարատ ունենք» եւ «Թշնամու կողը մխրճուել» արտայայտութիւնը։
«Ազգ»ը արժէքաւոր է, բայց այդ արժէքին երկրպագող «ազգային», «ազգասէր», «ազգայնական»ը՝ ոչ։ Ոչ, որովհետեւ անոնք վարակուած են զիրենք ուրիշներէ գերադասելու ախտով։ Մեր ապրած երկրի մէջ այդ ախտէն տառապողներուն մատնուած հիասթափութիւնը վայելելով անցուցինք մեր կեանքի տարիները։
Աստուած «ազգ» կոչումին շատ կանուխ եւ արժանապէս տիրացած հայ ժողովուրդի զաւակները հեռու պահէ ազգայնականութեան ախտէն։