Կենէ Մայրերու Օր էր։ Մայրերը մէկ օրուան սէֆանին ապրեցան, լմնցաւ։ Պազիսին ան օրը կիտես քիմ պաշթաճի էղաւ։ Միեւնոյն ատեն ծերանոցները, գերեզմանատուները պուտ մը շէնցան. տի օր կիշեր մարդ սպասողներուն էրեսները խնտաց։ Ետքը, նուէր ըլլալիք պաներ ծախող խանութները, ծաղիկները, ռէքլամ առնող թէլէվիզյոնի քանալները փարա շահեցան։ Ամա վերջապէս մէկ օրը ի՞նչ է քիմ. ֆըրթ տէյիմ կ՚անցնի, էրթէսի օրը ամէն պան կենէ «էսկի համամ էսկի թաս»։ Չեմ սիրեր կոր աս պիչիմ կէօստէրմէլիք պաները ամա էղեր է իշտէ մէյ մը, ամէն տարի աս թէրանէները կը կրկնուի կոր։ Աս տարի մէյ մըն ալ. առտուն մօրը եաթախը թէփսիով նախաճաշ պերելու մօտա մը կար։ Օտար ֆիլիմներէն տեսնուած էօզէնթի պան մը։ Ատ ֆէյսպուք ըսուած պանին մէջ սըրա սըրա ատ պիչիմ պատկերներ տրած էին։ Պազի կնիկներ «չօճոխս ինծի նախաճաշ պատրաստեց» ըսելէն խուրում խուրում կու գային կոր։
Աման հիչ չեմ սիրեր հա, անհանգիստ պան մը… Ինծի անանկ կու գայ քիմ. ան քէրթէյին մարդ ինքզինքը հիւանտի պէս կը զգայ։ Սանքիմ հիւանտանոցն ես տէ նախաճաշի սաաթը էկած է կիպիսինէ։ Իւստելիք ալ հիւանտանոցները, եաթախին մէջ ըռահաթ մը նստել տէ ճաշ ուտելու կէօրէ թէրթիպաթներ կան։ Տուները անա՞նկ է մի. ինտոր նստելիքդ, թէփսին ինտոր պռնելիքդ չես կիտնար, վերմակիդ, չարշաֆիդ, պաթանյայիդ վրան պան մը պիտի կաթեցունես տէյիմ մէջդ կը հատնի։ Չիւնքիւմ էտեւէն ծարը կենէ քեզի կը տպնայ։
Նէյսէ նէ չերկնցունեմ, աս ալ միւս մասնաւոր օրերուն պէս օր մըն է իշտէ, կու գայ, կարգ մը ծեւակերպութիւններ կ՚ըլլայ, կ՚անցնի կ՚երթայ։ Էս կենէ ամէն տարի ըրածիս պէս գերեզմանատուները թուրլամիշ ըրի։ Տարիներ տարիսի մարդ մարդասանք չտեսած, լքուած շիրմաքարերուն առջին կայնեցայ, աղօթեցի, ան տխուր հոգիները թէսէլլի ըրի։ Ետքն ալ ծերանոցները, մէկ օրուան սէֆա ապրող, էտեւէն կենէ միս մինակ մնացող էխտիյարներուն աչք նետեցի։ Եւ անգամ մը եւս «աղէկ քիմ էս շատոնց ալուրս մաղեր, էլէկս կախեր, աղէկ քիմ աս պաներուն կարեւորութիւն տալէն շատոնց վազ անցեր էմ» ըսելէն փառք տուի։ Ինչ ֆայտա պիտի ունենայ չիտեմ ամա կենէ «ծեզի հոգի տուողները երբէք մի մոռնաք» տէյիմ նասիհաթով մը պիտի լմնցունեմ։