Աս երկրին պետութեան ընդհանուր վարմունքը միշտ աս պիչիմ էղած է, դգալով կու տան սափովը աչք կը հանեն։ Տիյարպէքիրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցիին պարագան ալ ասոր աղուոր օրինակ մը էղաւ իշտէ։ Էն առաջ նորոգութեան խըյախ հրաման տրուեցաւ, կիտէք ան պիլէմ փէք խօլայ պան չէ. «հա» չըսելու համար քառասուն տերէյէն ճուր կը պերեն։ Ծառք ծառքի տրուեցաւ եւ շատ մը հնութեան օրինակ տառնալիք, պարծանք զգալիք նորոգութիւն մը տեսաւ։
Ամէնքս ալ ուրախացունելով գործօն աղօթատեղի մը տարձաւ։ Էտեւէն երկրին Արեւելքի կողմի տակնուվրայութիւնները պաշլայեց։ Կիւզէլիմ քաղաքը, ատ կողմերու ուրիշ քաղաքներուն պէս, հալլաչ փամուղիի պէս ցիր ու ցան ըրին եւ ա՛ռ քեզի մահանա. Հօփ տէյիմ ձառք դրուելու որոշում տրուեցաւ։ Նէ ատ կարեւոր մրցանակը, նէ ալ աշխարքին տէմ իթիպար շահելը ումուտ կ՚ընեն կոր։
Մէկ թէք պան մը կայ քիմ ինքզինքս կիտցածէս պէրի չփոխուիր կոր. քանդել։ Քանդել եւ հայէն մնացած հետքերը եօխ ընելով, տեղը հիչ մէկ անհատականութիւն չունեցող ուրիշ պան մը շինել։ Կը վախնամ քիմ օր մը Աստուած օգնէ տէ աս խարմաշան վերջ գտնայ նէ. պիւթիւն պատմական քաղաքները թօփյէքիւն փոխելու համար «քիթապընա ույտուր» ծեւ մը գտնալու համար ինչ պէտք է նէ պիտի ընեն։
Ուր է վախըֆի կալուածները վերադարձունելու խոստում մըն ալ կար եա, միլլէթը սըրֆ ատոր համար ներկայ կառավարութեան քուէ տուաւ… էս էն ծարէն հիչ չէի վստահած զաթը։ Սէօզտէ Սուրբ Փրկիչ Հիւանտանոցին հողերն ալ առնուեցաւ։ Փէք աղէկ. Ի՞նչ էղաւ. ատ պիչիմ զափթ էղած կը կենայ կոր։ Սխալ կրնայ ըլլալ ամա անկաճիս անանկ էկաւ քիմ. Ս. Յակոբին ինշաաթն ալ կեցեր է ղալիպամ, ինչո՞ւ։ Աս պաները պիւթիւն «կէօզ պօյամա»էն էս ծեզի ըսեմ. Մերիններն ալ կը կըլլեն կոր իշտէ։ Հարուր հատ միւլք ունիս նէ, էրկու հատը ետ կու տան կոր, ատոր համար ալ տարիներ տեւող դատերով օյալանմիշ կ՚ընեն կոր։ Ան քէրթէին միւսները ի՞նչ կ՚ըլլան կոր։ Ասոնք ըսես նէ պատասխանը պէլլի է. «ասկէ առաջուանները աս խըտարն ալ չըրին»։ Ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ընէ քիմ. ինտոր է նէ մէկ որոշումով ետ առնելը խօլայ է։
Տուք ըսէք հիմա, ասիկա, դգալով տալ, սափովը աչք հանել չէ տէ ի՞նչ է։