PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Պատերազմ եւ ցեղասպանութիւն

Հայոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­հան­ջա­տիրու­թեան դէմ Թուրքիոյ պաշ­տօ­նական ժխտման ռազ­մա­վարու­թիւնը հիմ­նուած է «պա­տերազ­մի իրա­վիճակ» պատ­րուակին վրայ։ Կա­տարեալ ստա­խօսու­թիւն մըն է այս վար­կա­ծը, քա­նի որ պատ­մութեան ըն­թացքին բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րը իրա­կանա­ցած են միայն ու միայն պա­տերազ­մի պայ­մաննե­րուն մէջ։ Պատ­մութիւ­նը չի նշեր խա­ղաղու­թեան պայ­մաննե­րուն տակ գոր­ծուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան օրի­նակ մը։

Երբ կը խօ­սինք հա­յոց եւ Տէր­սի­մի ալա­վինե­րու դէմ գոր­ծադրուած­նե­րուն նմա­նու­թեան մա­սին, յստա­կօրէն կը տես­նենք որ առա­ջինը կա­տարուած է Ա. Աշ­խարհա­մար­տի տե­ւողու­թեան տա­րինե­րուն, իսկ երկրոր­դը Բ. Հա­մաշ­խարհա­յին Պա­տերազ­մի ան­մի­ջապէս նա­խօրեակին։ Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թիւնը զգոյշ դի­ւանա­գիտու­թեամբ հե­ռու մնաց պա­տերազ­մի ան­մի­ջական կող­մը ըլ­լա­լէ։ Սա­կայն այս չի նշա­նակեր որ Թուրքիա ան­կողմնա­կալու­թիւն պա­հեց։ Ընդհա­կառակ՝ Թուրքիա թէ որ­պէս պե­տու­թիւն եւ թէ որ­պէս հա­սարա­կու­թիւն, մեծ եռան­դով կը հե­տեւէր իր վա­ղեմի դաշ­նակցին, Գեր­մա­նիոյ յա­ռաջըն­թացնե­րուն։

Եղե­լու­թիւննե­րը միայն բաղ­դա­տական քննար­կումով կրնան պար­զուիլ։ Յի­շենք որ Տէր­սի­մի ցե­ղաս­պա­նու­թեան կի­րար­կուած տա­րինե­րուն թուրք զօ­րավար մը եւ ոս­տի­կանա­պետ մը Գեր­մա­նիոյ մէջ կ՚ու­սումնա­սիրէին մար­դիկ զան­գուածա­յին կեր­պով հրկի­զելու ծա­ռայող փու­ռե­րը։ Ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րէն ետք եր­կու փու­ռե­րու սար­քե­րը նե­րածուեցան Թուրքիա եւ կա­ռու­ցուեցան Պոլ­սոյ Պա­լաթ թա­ղին մէջ։ Այս թա­ղի բնակ­չութեան մե­ծամաս­նութիւ­նը հրեաներ էին այդ թուական­նե­րուն։ Պէտք չէ մոռ­նալ թէ այս դէպ­քէն քա­նի մը տա­րիներ առաջ Ատ­րիանա­պոլ­սոյ եւ բո­վան­դակ Թրա­կիոյ հրեանե­րը կազ­մա­կեր­պեալ հա­լածան­քի պայ­մաննե­րուն մէջ ստի­պուած էին Պո­լիս գաղ­թե­լու։

Եկէք յի­շենք նաեւ երկրի ոչ իս­լամ ժո­ղովուրդնե­րու արա­կան սե­ռի զի­նուո­րագ­րութիւ­նը։ Քսան տա­րեկա­նէն մին­չեւ 45 տա­րեկան տղա­մար­դիկ հա­ւաքագ­րող «Քսան դա­սակարգ զի­նուո­րու­թիւն» գոր­ծո­ղու­թիւնը։ Զօ­րահա­ւաքը կը պատ­ճա­ռաբա­նուէր բո­վան­դակ Եւ­րա­սիայի տա­րածուած պա­տերազ­մով։ Բայց ինչ զար­մա­նալի է որ այս «զի­նուոր»նե­րը զէնք չու­նէին։ Պե­տու­թիւնը ոչ միայն զէնք չէր տուած, այլ զի­նուո­րի հա­մազ­գեստն ալ զլա­ցած էր անոնցմէ։

Թուրքիոյ մօտ ան­ցեալի պատ­մութեան մո­ռացու­թեան մատ­նուած էջե­րէն է քսան դա­սակարգ զի­նուոր­նե­րու պատ­մութիւ­նը։ Սա­կայն այդ օրե­րուն բո­լորն ալ գի­տէին թէ իրենց ճա­կատա­գիրը կա­պուած է երկրի սահ­մաննե­րէն դուրս շա­րու­նա­կուող պա­տերազ­մին հետ։ Հա­մատա­րած հաս­տատ հա­մոզում էր՝ պա­շարուած Սդա­լինկրա­տի ան­կումով Թուրքիա պի­տի մաս­նակցէր պա­տերազ­մին, Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նէն նոր ճա­կատ մը բա­նալով Խորհրդա­յին Միու­թեան դէմ։ Նոյն պա­հուն պի­տի կո­տորուէին ան­զէն քրիս­տո­նեայ զի­նուոր­նե­րը եւ պի­տի սկսէր մխալ Պա­լատ թա­ղի փու­ռե­րուն ծխնե­լոյզնե­րը։

Պա­տերազ­մը աւար­տե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ չա­րաչար պար­տութեամբ։ Թուրքիա վեր­ջին օր պա­տերազմ հռչա­կեց իր պատ­մա­կան դաշ­նակցին եւ մաս կազ­մեց յաղ­թա­կան եր­կիրնե­րու խումբին։ Հոգ չէ թէ գոր­ծադրուեցաւ «Ու­նե­ւորու­թեան Տուրք» կո­չեալ կոր­ծա­նարար աղէ­տը, բայց քրիս­տո­նէու­թիւնը կեան­քի կո­րուստ չու­նե­ցաւ այդ զար­հուրե­լի տա­րինե­րուն։

Միւս կող­մէ երկրի ալա­ւի ղը­զըլ­պաշ ժո­ղովուրդը ամ­բողջո­վին ընկճուեցաւ, ճա­շակեց զան­գուածա­յին սպանդներ եւ պար­տա­դիր գաղթ Թուրքիոյ ազ­գա­յին պե­տու­թեան կա­ռուցման գոր­ծընթա­ցին մէջ։

Իբր եզ­րա­կացու­թիւն՝ պա­տերազմնե­րը կը ծնին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Թուրքիա որ օրըս­տօ­րէ մի­ջամուխ կ՚ըլ­լայ Մի­ջին Արե­ւել­քի պատերազմի դժոխքին կարեւոր սպառնալիք մըն է այս երկրի բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Այդ սպառնալիքը աւելի մտահոգիչ կը դառնայ իշխող գաղափարախօսութեան նէօ-օսմանեան երազներով։