ԼՈՒՑԻՔԱ ՏՈՒՏՈՒ

Լուցիքա Տուտու

Ըսեր էի քիմ պիտի էրթամ

Ծեզի էր­կու շա­բաթ առաջ ըսեր էի քիմ ատ քօն­սէ­րին հա­մար մենք ալ պի­տի էր­թանք Ամե­րիկա տէ­յիմ անանկ չէ՞։

Ուր Հրան­դիս հետ կա­պակ­ցութիւն ու­նե­ցող պան մը ըլ­լայ նէ, մենք աս թա­րաֆին­ներս կը թօ­փուինք կ՚եր­թանք։ Քօն­սէ­րը աղո­ւոր ան­ցաւ, ահա­գին հայ, սաաթ սաաթ տե­ւող ճամ­բա­ներէն կա­լով ատ խօ­ճա սա­լօնը լե­ցու­ցին։ Ճիշ­տը ըսել պէտք է նէ. մե­րին Լու­սա­ւորիչ երգչա­խումբը տա­հա աղո­ւոր էր ամա հոն­տե­ղը աս պի­չիմ խումբեր կազ­մել եւ սը­խը աշ­խա­տու­թիւններ ընե­լը փէք խօ­լայ չէ։ Ուր ալ էր­թաս նէ սաաթ­նե­րով օթօ կոր­ծա­ծելու էս, անանկ քիմ կե­նէ աղէկ հա­ւաքո­ւեր եւ էփա­ղէկ ալ յա­ջող կործ մը օր­թա հա­ներ էին։ Աֆէ­րիմ եանի եա։

Ըսա­ծիս պէս, հէլ­պէթ քիմ էս մի­նակ քօն­սէ­րով չմնա­ցի ֆըր տար­ձայ եւ էթ­րաֆ թա­րաֆը աղէկ մը խօ­լաչան ըրի։ Օղջ է իքէն ճանչցած­նե­րուս մենծ մա­սը հէլ­պէթ շա­տոնց մեր խումբին միացած էն ամա անոնց թոռ­նիկնե­րը տե­սայ, հաթ­թա անոնց ալ չօ­ճոխ­նե­րը տե­սայ։ Մէ­ջեր­նին, հէփ­տէն Ամե­րիկա­ցի տար­ձածներ ալ կար, ինա­տով չօ­ճոխին, թոռ­նի­կին հա­յերէն սոր­վե­ցու­նողներ ալ։ Աշ­խարքին չորս թա­րաֆը ցրո­ւած մեր ազ­գին ճա­կատա­գիրը իշ­տէ։

Հէլ­պէթ քիմ որոշ մա­կար­դա­կի մը հաս­նե­լը հիչ խօ­լայ չէ, չա­րաչար աշ­խա­տիլ կայ։ Ասոր փո­խարէն ալ սիր­տի հան­գիստու­թիւն եւ կեան­քի ապա­հովու­թիւն կայ։ Էս միշտ ծնած մեծ­ցած հո­ղիս կա­պուած ապ­րած էմ, կէն­ճութեանս տուրս էր­թալ տե­ղաւո­րուե­լու ֆըր­սաթներ ալ էղած է, տի­մացս. «ո՛չ» ըսած էմ։ «Էր­թամ աշ­խարհքը պտը­տիմ ամա ետ­քը տու­նիկս, ծննդա­վայրս տառ­նամ» ըսող­նե­րէն էղած էմ։

Ամա աս օրո­ւան ժա­մանա­կիս, եր­կի­րը անանկ վի­ճակի մը հա­սած է քիմ, օղջ ըլ­լա­յի կէնճ ըլ­լա­յի նէ, էս ալ կ՚եր­թա­յի։ Անանկ քիմ, կէն­ճե­րը էր­թա­լու կա­րելիու­թիւն ու­նին նէ թող էր­թան պի­տի ըսեմ։ Չօ­ճոխ­նիդ տուրսը կար­դալ կ՚ու­զէ կոր նէ, ծառ­քերնէդ էկա­ծը ըրէք։ Թող էր­թայ, թող շատ աշ­խա­տի, պէտք ըլ­լայ նէ պուտ մըն ալ թող չար­չա­րուի ամա ինքզին­քին կա­րան­թի­լի ապա­գայ մը թող կազ­մէ։ Աս խը­տար պաց կ՚ըսեմ կոր եանի եա. այո դժո­ւարու­թիւններ կայ ամա հու­զուր ալ կայ։

Կա­լով ընդհա­նուր ապ­րե­լակեր­պին. Մե­րին­նե­րը իրենց ատէթ­նե­րը, վար­ժութիւննե­րը պա­հելու ճամ­բա­ներ գտեր էն։ Մէյ մը քիմ թէ­լէֆօ­նը հիչ մէ­սարիֆ­լի պան մը չէ, է ար­թըխ կէօրիւնթիւ­լիւ խօ­րաթա­ներ ալ կան, հաս­րէ­թը կը թե­թեւ­նայ կոր։ Հայ մար­քէթներ պա­ներ ալ պա­ցուեր է, անանկ առա­ջուան պէս փաս­տըրմա սու­ճուխ, ճեր­մակ բա­նիր եւլնի պա­կաս ալ չու­նին, քէ­պապ, բախ­լա­ւա, տէօնէր պի­լէմ կայ պէ…

Առող­ջութեան ալ կա­ռան­թի ու­նին- էհ կէրիսին ալ արթըխ տուք մտածեցէք։