PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Ղովտին ցեղը եւ մերօրեայ Թուրքիան

Մարդ արա­րածի բնազ­դին մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող յատ­կութիւն մըն է բռնու­թիւնը։ Այդ յատ­կութիւ­նը կրթու­թիւնով, դաս­տիարա­կու­թիւնով կրնայ բթա­նալ կամ ալ ընդհա­կառա­կը կրնայ սրուիլ։

Քա­ղաքա­կիրթ հա­սարա­կու­թիւններ կը կար­ծուի թէ յա­ջողած են մար­դու եսին մէջ թաք­նուած բռնու­թեան այդ ջի­ղը զսպել։ Սա­կայն ինչպէս ըսինք նա­խադա­սու­թեան սկիզ­բը, այս մէ­կը միայն կար­ծե­ցեալ հա­մոզում մըն է։

Թուրքիոյ մէջ տի­րող ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան մթնո­լոր­տը աչ­քա­ռու կեր­պով կը սրէ մարդկանց եսին մէջ ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող բռնու­թիւնը։ Ամենօրեայ սո­վորա­կան երե­ւոյթ եղած է կա­նանց իրենց «սի­րած­նե­րու», ամու­սիննե­րու, հայ­րե­րու կամ եղ­բայրնե­րու ձեռ­քով սպա­նու­թիւնը։ Ման­կապղծու­թիւնը նմա­նապէս հա­սած է ան­հա­ւատա­լի հա­մեմա­տու­թիւննե­րու։ Կա­րելի է ըսել որ Աս­տուծոյ փոր­ձանքով կոր­ծա­նած Սո­տոմ եւ Կո­մոր քա­ղաք­նե­րու բնա­կիչ­նե­րը, Ղով­տի հա­մաքա­ղաքա­ցինե­րը աւե­լի բարձր բա­րոյա­կանի տէր էին քան ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րու Թուրքիոյ հա­սարա­կութեան կա­րեւոր մէկ հա­մեմա­տու­թիւնը։

Նա­խորդ շա­բաթա­վեր­ջին Թուրքիոյ տար­բեր երեք մար­զա­դաշ­տե­րու վրայ ապ­րուած­նե­րը պատ­ճառ եղան այս միտ­քե­րուն։ Առա­ջին մի­ջադէ­պը պա­տահե­ցաւ Տրա­պիզո­նի մէջ, երբ այս քա­ղաքի ակումբը կը հիւ­րընկա­լէր Իս­թանպու­լի «Ֆէ­նէր­պահչէ» ֆութպո­լային ակումբը։ Մրցման 89-րդ վայրկեանին, երբ հիւրընկալ դի­մը 4-0 պար­տութիւն կը կրէր, 17 ամեայ երկրպա­գու մը դաշտ իջ­նե­լով բռնցքա­հարուած­ներ տե­ղացուց օգ­նա­կան մրցա­վարին։ Մրցու­մը անա­ւարտ մնաց եւ յար­ձա­կող երի­տասար­դը ձեր­բա­կալուած ոս­տի­կանա­տուն տա­րին։ Քիչ յե­տոյ ահա­գին բազ­մութիւն հա­ւաքուած էր ոս­տի­կանա­տան առ­ջեւ եւ դա­տախա­զը ազատ ար­ձա­կեց զինք։ Այդ պա­հուն «հուրրա»նե­րով դի­մաւո­րուե­ցաւ այդ քա­ջարի երի­տասար­դը։ Տրա­պիզոն­ցի­ներու պա­տիւը փրկած էր իր բռնու­թեամբ։

Երկրորդ պատ­կե­րը կա­յացաւ Ան­գա­րայի մէջ։ Այստեղ ալ Տիգ­րա­նակեր­տի «Ամի­տա սփոր­թիվ» դի­մը խա­ղը աւար­տեց 2-1 յաղ­թա­կան ար­դիւնքով։ Այս ան­գամ Ան­գա­րաս­փո­րի վար­չա­կան­նե­րը չէին հան­դուրժած պար­տութեան եւ փոր­ձե­ցին լին­ճի են­թարկել նոյն թրի­պու­նա­յի վրայ մրցու­մին հե­տեւող հիւր խումբի վա­րիչ­նե­րը։

Եր­րորդ մի­ջադէ­պը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ան­թա­լիոյ մէջ, այս ան­գամ սի­րողա­կան մա­կար­դա­կի մրցման պա­հուն։ Հոն ալ ֆութպո­լիստնե­րը չէին հան­դուրժած պար­տութեան եւ փոր­ձած էին խոշ­տանգել մրցա­վարը։

Ի զուր տեղ չէ որ վեր­ջերս ֆութպո­լային մար­զա­դաշտնե­րու անուննե­րը փո­խուած են նախ­կին «ստա­տիոմ» բա­ռէն դէ­պի «առէ­նա»։ Ահա­ւասիկ եր­կու օտար բա­ռեր որոնք կը յի­շեց­նեն նաեւ եր­կու տար­բեր հաս­կա­ցողու­թիւն։ Ֆութպո­լը աշ­խարհի վրայ ամե­նատա­րածուն մար­զա­կան խա­ղը կը հա­մարուի եւ մեծ ըն­դունե­լու­թիւն կը գտնէ աշ­խարհի բո­լոր եր­կիրնե­րէ ներս։ Ան­ցեալին բռնա­կալ­նե­րը այդ խա­ղի վա­յելած ժո­ղովրդա­կանու­թիւնը շա­հագոր­ծե­ցին իրենց իշ­խա­նու­թիւնը պա­հելու հա­մար։ Փոր­թուկա­լի բռնա­կալ Սա­լազար, հպար­տութեամբ կը խոս­տո­վանէր որ իր իշ­խա­նու­թիւնը կը պար­տի երեք «ֆ»երու, որոնցմէ մէկն է ֆութպո­լը։ Իսկ Սպա­նիոյ բռնա­կալ Ֆրան­քօ 100 հա­զար հո­գի տա­րողու­թեամբ քնա­պարկ մը կը պա­հան­ջէր, որուն հե­տեւան­քով սար­քուեցաւ 85 հա­զար երկրպա­գու­ներ ըն­դունող «Սան­թիակօ Պէր­նա­պաու» մար­զա­դաշ­տը։

Թուրքիոյ մէջ իշ­խա­նու­թիւննե­րը եր­կար ատե­նէ ի վեր ազ­գայնու­թիւնը գրգռե­լու հա­մար կ՚օգ­տա­գոր­ծեն ֆութպո­լը։ Այս շա­հագործման հե­տեւան­քով հա­սարա­կու­թեան հա­մար սի­րողա­կան բնոյթ ու­նե­ցող խա­ղի ճա­կատա­գիրը կը ճշդուի պե­տական գոր­ծիչնե­րու եւ մա­ֆիայի պե­տերու հա­մագոր­ծակցութեամբ։ Այս պայ­մաննե­րու մէջ այ­լեւս մար­զա­դաշ­տերն ալ բնա­կան է որ պիտի հրաժարին մարզական նշանակութիւն ներկայացնող «ստատիոմ» բառէն եւ պիտի որդեգրեն ռազմական բնոյթի «առէնա» բառը։