Պէլքիմ աչքերնէդ փախած է տէյիմ մէյ մը, մէվզու ընեմ ըսի չիւնքիւմ փէք արունիս տպաւ։ Վստահ էմ քիմ մէջերնէդ պազիները ատ ինթէրնէթ ըսուած պանէն իմացած ըլլալու էք։ Էս հէմ չիմացողներուն համար պիտի գրեմ, հէմ ալ պէլքիմ կ՚ամչնաք տէ ասկէ ետքը խելքերնիդ պուտ մը կլոխնիդ կը թօփէք տէյիմ յոյս մը ունենալուս համար։ Հընճալ Ուլուչը ամէննիդ ալ կը ճանչնաք հէրալտէ։ Մարդը արատա պիր, հրաւիրուած հայկական ելոյթներուն ներկայ կը կտնուի էտեւէն ալ մութլախա ծառքէն էկածին չափ դրական պաներ կը գրէ եւ գովասանքի խորաթաներ կ՚ընէ։
Անցածները Արա եւ Շամիրամին ներկայացման կացեր է։ Փէք հաւներ է ետքն ալ թերթին մէջ աղուոր աղուոր պաներ գրեր է։ Հէլպէթ քիմ գովասանքները Մարալ անունին ուղղուած էն էղեր։ Մարդը ուրկէ կիտնայ քիմ էրկու չէշիտ Մարալ ունինք մենք եւ անունի մը համար պօյունա իրար կ՚ուտեն։ Տարբերի տէյիմ քովը իլաւէներ մը դրուած էն ամա հայ չեղողը կը հասկնա՞յ մի կը կարծէք կոր։ Անոր միտքը մինակ «Մարալ» մը կը մնայ։ Տէրքէն էֆէնտիմ. Միւս Մարալէն աղջնակ մը (նայեցէք անունը չեմ տար կոր քիմ պիւսպիւթիւն ըռէզիլ չըլլայ) չուտեր չխմեր մարդուն մէյլ մը կը նետէ կոր։ Կ՚ըսէ կոր քիմ «անոնք սախթէ էն, իրականը մենք էնք… ամսուն 24-ին ալ ներկայացում ունինք տուք մերինին էկէք» սաւոր նայէ տուն… ըլլալի՞ք պան է ասիկա։
Մարդն ալ աս հայէն զատ հիչ մէկուն խելքը չհասնելիք թօհաֆութեան շաշըրմիշ կ՚ընէ կոր- ինչպէս քիմ. ատ մէյլը ղրկողին անունէն աղջիկ ըլլալը պիլէմ չհասկնար կոր զաթը տէ «Պայ պիլմէմ քիմ» տէյիմ հիթապ կ՚ընէ կոր։ Սընըրլանմիշ ըլլալէն «եահու զաթը փէք փէք 70 հազարի խըտար մնացեր էք եւ պօյունա ալ կը պաքսիք կոր, պարէմ մնացողները իրար պռնեն նէ չըլլա՞ր, տէմէք իրարու «սախտէքեար» ըսելու չափ փարչալանմիշ էղեր էք» կ՚ըսէ կոր եւ «Պարոն չիտեմ ինչեան ամսուն 26-ին ալ սախըն ինծի չպէքլէյէք» ըսելէն ալ կը վերջացունէ կոր։
Հաւնեցա՞ր հիմա ըրածդ չօճոխս. իշկիւզարութեանդ էրէսէն, մերին ինչ խըտար իրար չպռնող հաթթա քէօստէքլէմիշ ընող ազգ մը ըլլալնիս պիւսպիւթիւն ստուգուեցաւ։ Մենք զաթը շատ աղէկ կիտենք քիմ հայ մը, հայու մը «աֆէրիմ» չըսէ տէյիմ ծառքէն էկածը կ՚ընէ ամա պարէմ աշխարքին ըռէզիլ չըլլայինք։