Գարնան յիշուած յատուկ օրերը գլխացաւ դարձած են պաշտօնական Թուրքիոյ համար։ Անոնց առաջինն է Մարտի 21-ը, որ շատ հին ժամանակներէ ի վեր Միջագետքի ժողովուրդներուն կողմէ կը յիշատակուի մեծ ոգեւորութեամբ։ Նէվրուզ կոչուած այդ տօնը վերջին աւելի քան 30 տարիներու ընթացքին կը խորհրդանշէ նաեւ քիւրտ ժողովուրդին ազգային զարթօնքը։ Թուրքիա՝ որ այդ զարթօնքը առաջին օրէն սկսեալ դիտած է ահաբեկչական սպառնալիքի մը բնոյթով, փորձած է այդ հնամենի աւանդութիւնը արգիլել։ Չեն հասկցած, որ եթէ պետական բռնութեամբ տօն արգիլել կարելի ըլլար, Գրիգոր Լուսաւորիչ 1700 տարի առաջ կ՚արգիլէր Օգոստոսի 15-ին յիշուած Խաղողօրհնէքը կամ Յուլիսեան Վարդավառը։ Տեսաւ այդ արգելքի անկարելիութիւնը եւ հեթանոսական տօները պատշաճեցուց Աստուածաշունչի պատումներուն։ Մի գուցէ Թուրքիոյ հանրապետութիւնն ալ որոշ ժամանակ փորձեց նոյն բանը եւ Նէվրուզը իւրացնել ջանաց։ Տակաւին յիշողութիւններու մէջ թարմ են խարոյկի վրայէն ցատկռտող պաշտօնական անձանց նկարները։
Թուրքիոյ պետութեան համար 1965-էն այս կողմ վտանգաւոր երկրորդ թուականն է Ապրիլի 24-ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օրը։ Այդ օրը բացի յիշատակումէ, հայ ժողովուրդի հաւաքական պահանջատիրութեան ամենաբարձր կերպով հրապարակուած օրն է նաեւ։ Ի զուր է հայ ժողովուրդին այդ պահանջատիրութենէն հրաժարեցնելու յոյսն ու ակնկալութիւնը։ Հայուն գրականութեան մէջ դրոշմուած է՝ «աշխարհում ով մոռանայ, ջուխտ աչքով թող քոռանայ» նախադասութիւնը։ Հոս ալ պաշտօնական Թուրքիան մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեան հետ առերեսուելու փոխարէն կը փորձէ ուրացումով, ժխտումով, մերժումով յաղթահարել զանոնք։ Վերջերս նոյնիսկ համարձակութիւն գտան արեւմտեան քաղաքներու մէջ հակահայ ցոյցեր կազմակերպելու։ Սակայն ազնուութենէ հեռացող ամէն մի ջանք դատապարտուած է սնանկանալու։ Յիշենք նախորդ կառավարութիւններու օրօք ամերիկեան լոպիական ընկերութիւններուն մսխուած միլիոնաւոր տոլարները։ Իբրեւ թէ այդ գումարներով ծերակուտականներ պիտի վարձուէին եւ անոնց միջոցաւ պարտութեան պիտի մատնուէր հայոց արդարութեան պայքարը։ Ի վերջոյ բոլոր այդ ջանքերը ապարդիւն մնացին եւ պահանջատիրութիւնը ամենաուժգին ձեւով սկսաւ լսուիլ Իսթանպուլի հրապարակներուն վրայ։ Վերջերս սփիւռքահայութիւնը ալ աւելի մեծ մասնակցութեամբ կը փութայ Թուրքիա, իր պահանջատիրութիւնը ուղղակի ենթակային երեսին պոռալու համար։ Ուշագրաւ է այն որ փոխադարձաբար ամէն տարի աւելի շատ թուրքիացիներ ալ կը փութան Ծիծեռնակաբերդ, սրբադասուած զոհերու յիշատակին առջեւ ծնրադրելու համար։
Գարնան սարսափ պատճառող թուականներէն մէկն ալ Մայիսի 1-ն է։ 1977 թուականին, պետական դաւադրութեան մը հետեւանքով Թաքսիմի հրապարակին վրայ 37 բանուորներու սպանութենէն ետք երկրի աշխատաւորական խաւը աւելի հաստատակամ փարած է բանուորներու միջազգային օրուան տօնակատարութեան։ Պետութիւնը ամէն տարի կը փորձէ Թաքսիմի հրապարակը արգիլեալ գօտի հռչակել զանգուածներու դիմաց, իսկ անոնք ալ յամառօրէն կը փորձեն այդ արգելքը ոտնակոխել։ Փոխադարձ յամառութիւնով Մայիսի նախօրեակին համատարած սարսափ կը տիրէ թէ՛ պետական այրերու եւ թէ խաղաղ բնակիչներու մօտ։
Դիտելով գարնան այս տօները, կրնանք հաւատալ թէ Թուրքիոյ խաղաղութիւնը կախեալ է այս երեք յատուկ օրերուն ալ իրենց թելադրած իմաստով յիշատակումէն։