ԼՈՒՑԻՔԱ ՏՈՒՏՈՒ

Լուցիքա Տուտու

Տարի մը էղաւ պիլէմ

Սիրե­լի Սե­րով­բեանիս մեր քո­վը գա­լը տա­րի մը էղեր է պի­լէմ. Շի­տակը հիչ ֆար­ղին չէի։ Էհ ար­թըխ միշտ քովս է եա ան­կէ ըլ­լա­լու է։ Մենք հոս­տե­ղին­ներս, մե­զի հետ ըլ­լա­լէն փէք գոհ էնք հէլ­պէթ, խը­յախ քէֆ կ՚ընենք կոր։ Խոս­տո­վանե­լու էմ քիմ էն եր­ջա­նիկն ալ էս էմ։ Ամէն մարդ կի­տէ քիմ. օղջ էղած ատենս, մա­նաւանդ յա­ռաջա­ցած տա­րիքիս, ան ին­ծի ճան եօլ­տա­շի էղող թէք թիւք ան­ձե­րէն մէկն էր։ Մի­նակու­թիւն չզգամ տէ­յիմ, սի­րելի կնի­կը Մա­նիշա­կիս հետ թա­փած ջան­քերնին հիչ մէկ ատեն չեմ մոռ­նար։ Իրաւ քիմ զաւ­կի պէս էր ին­ծի հա­մար եւ աս կող­մը գա­լէս ի վեր շատ կը կա­րօտ­նա­յի կոր։ Չմոռ­նամ ըսե­լու քիմ ու­րիշ ահա­գին կա­րօտ­ցող ալ ու­նէր, հախ­սը­զու­թիւն չը­նեմ հի­մա։ Ծե­զի ցաւ մե­զի ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռող մա­հովը մենք կա­րօտ­նիս առինք։ Ամա կի­տէք քիմ էս միշտ ծե­զի ալ կը մտմտամ եւ ծեր հաշ­ւոյն ալ ցաւ կը զգամ։ Անանկ քիմ ծե­զի շատ աղէկ կը հասկնամ կոր. ով կի­տէ ին՜չ մենծ հաս­րէթ կը քա­շէք կոր։ Կնի­կին իլէն չօ­ճոխ­նե­րուն քա­շած հաս­րէ­թին խօս­քը պի­լէմ չի պի­տի ընեմ չիւնքիւմ ան­բաղդա­տելի է ամա «հէ­լէ քիմ ակօս­ցի­ները եւ էկող կա­ցող­նե­րը» պի­տի ըսեմ։

Այ­սօր «Ակօս»ը աշ­խա­տող կէն­ճե­րը փէք չեն կի­տեր հէլ­պէթ, հի­ները կը հասկնան ին­ծի։ Ատ ան­մո­ռանա­լի օրե­րուն, ով կ՚ու­զէ ըլ­լայ, ինչ պատ­ճա­ռով էկած ըլ­լայ նէ ըլ­լայ. Մէյ մը Սե­րով­բեանիս քո­վը մութլա­խա կը հանտպէր։ Հէմ հա­մով հո­տով սօհ­պէ­թին հա­մար, հէմ ալ մար­դուս միտ­քէն պի­լէմ չանցնե­լիք ինչ ինչ նիւ­թե­րու մա­սին ու­նե­ցած ան­հուն գի­տու­թեանը հա­մար։ Ըռէս­մէն ֆէյզ առ­նո­ւելիք մարդ էր եանի եա. ամէն մարդ, ամէն վայրկեան անոր հար­ցունե­լիք, ան­կէ սոր­վե­լիք պան մը կ՚ու­նե­նար կոր։ Մա­նաւանդ հայ պատ­մութեան եւ հա­յու­թեան մա­սին… անոր սօհ­պէ­թին տէնք էկար մի, հէ­լէ քէֆն տե­ղը ըլ­լար նէ. հայ ըլ­լա­լուն իմաս­տը կը հասկնա­յիր։

Մեղք քիմ տե­ղը լե­ցու­նե­լիք մարդ չկայ ար­թըխ, չիւնքիւմ անոր պէ­սերը խօ­լայ խօ­լայ չեն գար կոր աշ­խարհք։ Տաճ­կե­րէն «ատամ կի­պի ատամ» կ՚ըսեն եա. իշ­տէ թաս­թա­մամ անանկ էր։ Ծե­նէ բաժ­նո­ւող­նե­րուն էտէ­ւէն պօ­յու­նա «լու­սե­րու մէջ պառ­կի» կ՚ըսէք եա. հիչ մէ­րախ մի ընէք անի­կա յա­ւիտեանս լոյ­սե­րու մէջ է։