Օրմանեան–արձան

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com

Միայն անուն մըն է Օրմա­նեան՝ վե­­րածո­­ւած առաս­­պե­­­լի, ու վեր­­ջերս ալ դար­­ձաւ գա­­ճէ սպի­­տակ ար­­ձան մը։

Առաս­­պելնե­­րուն իրա­­կանու­­թեան հետ ու­­նե­­­ցած կա­­պը բա­­ւական փխրուն կ՚ըլ­­լայ. ատոնք կը ծնին աղա­­ւաղո­­ւած ճշմար­­տութիւննե­­րէն շատ ան­­գամ ու քա­­նի ժա­­մանա­­կը թա­­ւալի՝ նոյնքան դժո­­ւար կ՚ըլ­­լայ դէ­­պի ճշմար­­տութիւն ետ դար­­ձը, մա­­նաւանդ երբ ար­­ձա­­­նով մըն ալ նո­­ւիրա­­կանա­­ցած ըլ­­լայ այդ առաս­­պե­­­լը։

Օր­­մա­­­նեան, արեւմտա­­հայու­­թեան պատ­­մութեան այս իմաս­­տով առաս­­պել դար­­ձած անուննե­­րէն մէկն է։ Այնքա՜ն շատ են իր մա­­սին հիւ­­սո­­­ւած զրոյցնե­­րը որ... վէ­­պերու նիւթ իսկ հայ­­թայթած է ատեն-ատեն -յի­­շեմ եր­­կուքը՝ Գ. Հրան­­տի (Հրանդ Գու­­րա­­­պեան, 1895-1972) «Օր­­մա­­­նեան Պատ­­րիարք եւ Կար­­միր Սուլթա­­նը» (Պո­­լիս, 1930) եւ Արա Ակի­­նեանի «Մեծ Պատ­­րիար­­քը» (1950-51-ին որ­­պէս թեր­­թօն հրա­­տարա­­կուած «Ժա­­մանակ»ին մէջ, եւ ապա առան­­ձին գիր­­քով՝ «Արաս»էն, 2013-ին)։

«Այնքա՜ն վար­­չա­­­գէտ ու դի­­ւանա­­գէտ էր Օր­­մանեան որ հա­­յու քիթ իսկ չէ արիւ­­նած իր պատ­­րիար­­քութեան տա­­րինե­­րու­­ն», կ՚առաս­­պե­­­լաբա­­նէին մեր մե­­ծերը, երբ պզտիկ էինք։ Մեծ­­ցանք ու սոր­­վե­­­ցանք որ հա­­յու քիթ չէ արիւ­­նած, այլ... ամ­­բողջ հա­­յու­­թիւն մը (8 հա­­զար մարդ) կո­­տորո­­ւած է Սա­­սու­­նի մէջ՝ դի­­մադ­­րե­­­լով հան­­դերձ հա­­միտեան ահեղ ար­­շա­­­ւան­­քի մը։

Օր­­մա­­­նեանի հմայ­­քը մեծ էր. ժա­­մանա­­կակից­­նե­­­րը նոյնպէս սքան­­չա­­­ցած էին իր­­մով, առաս­­պե­­­լը կը բա­­նէր նոյ­­նիսկ իր ող­­ջութեան շրջա­­նին։ Ան­­սո­­­վոր կեր­­պար մըն էր ան. Վա­­տիկան ու­­սա­­­նած, պա­­պէն գնա­­հատո­­ւած կա­­թողի­­կէ նախ­­կին հո­­գեւո­­րական մը՝ «վե­­րադար­­ձած մայր եկե­­ղեց­­ւոյ» գիր­­կը, ինչպէս սո­­վորա­­բար կ՚ըսո­­ւի, տէր՝ բազ­­մա­­­թիւ լե­­զու­­նե­­­րու, ձեռ­­քը գրիչ բռնող, յա­­րաբե­­րու­­թեանց մարդ, կա­­տակա­­բան, խիստ աշ­­խա­­­տասէր... Նման կեր­­պա­­­րի մը առ­­ջեւ բամ­­բա­­­սան­­քի ու առաս­­պե­­­լի մե­­քենան չի ժան­­գո­­­տիր եր­­բեք։

Շղար­­շը, որու ետին ծած­­կած էր ան ինքզինք գո­­նէ պատ­­րիար­­քութեանը տա­­րինե­­րուն, Հա­­միտի շուքն էր։ «Պատ­­րիարք ընտրո­­ւելէ ու աթո­­ռին վրայ աղէկ մը հաս­­տա­­­տուե­­լէ ետք, Օր­­մա­­­նեան սրբա­­զան նախ կա­­ցու­­թիւնը ու­­սումնա­­սիրեց, յե­­տոյ հե­­տամուտ եղաւ հասկնա­­լու, թէ ո՛վ կրնայ զին­­քը հրա­­ժարեց­­նել եւ կամ իրեն նե­­ղու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռել, աս­­տի­­­ճանա­­բար ամէնքն ալ ակ­­ռա­­­յին զար­­կաւ եւ հուսկ ու­­րեմն հա­­մոզում գո­­յաց­­նե­­­լով, որ Ապ­­տիւլ Հա­­միտէն լիազօ­­րը չկայ այս երկրին մէջ, գնաց անոր կռթնե­­ցաւ…»։

Քա­­սիմի 1911-ին գրած այս տո­­ղերը ար­­ձա­­­գանգն են ուղղա­­կի Երո­­ւանդ Օտեանի՝ 1898-ին Նալ­­պանտեանի «Ազա­­տու­­թիւն» բա­­նաս­­տեղծու­­թեան նմա­­նու­­թեամբ յօ­­րինած «Օր­­մա­­­նեանի Եր­­գը»ին։ Հա­­տուած մը ահա. «Երբ սուլթա­­նին ֆեր­­մա­­­նով /Պոլ­­սոյ գա­­հը բազ­­մե­­­ցայ, /Պախ­­շիշնե­­րու խշրտո­­ցէն/Սիրտս ու հո­­գիս բերկրե­­ցան, /Առ­­ջի խօսքն որ ասա­­ցի՝ /Չե­­ղաւ ազգ մազգ կամ այլ ինչ. /«Կեց­­ցէ՜ Հա­­միտ» դուրս թը­­ռաւ/Իմ առ­­նա­­­կան կո­­կոր­­դից»։

Մէ­­կը, որ Հա­­միտի պաշտպա­­նու­­թիւնը կը վա­­յելէր այդ տա­­րինե­­րուն, մի­­թէ կրնա՞ր քննա­­դատե­­լի ըլ­­լալ հա­­սարա­­կու­­թե­­­նէն։ 1896-1908 թո­­ւական­­նե­­­րուն Պո­­լիսը ար­­դէն բռնա­­տիրու­­թեան ու գրաքննու­­թեան տակ կը հե­­ծէր դառ­­նա­­­պէս, ոչ մէկ մտա­­ւորա­­կան մնա­­ցած էր հոն. ամէնքն ալ աք­­սո­­­րական, հոս­­կէ-հոն­­կէ իրենց ձայ­­նը կը ջա­­նային լսե­­լի դարձնել։ Այս մթնո­­լոր­­տը նպաս­­տած էր վստա­­հաբար որ Օր­­մա­­­նեան լռեց­­նէ հա­­կառա­­կորդ բո­­լոր ձայ­­նե­­­րը, ճնշէ այ­­լա­­­խոհ տի­­պար­­նե­­­րը, ինչպէս կը վկա­­յէ Քա­­սիմ նոյն յօ­­դուա­­ծին մէջ։

Օր­­մա­­­նեանի «դի­­ւանա­­գիտու­­թեան» էու­­թիւնը կ՚երե­­ւի 1899-ի Լա­­հէյի Ա վե­­հաժո­­ղովին։ Հա­­յու­­թիւնը, ինչպէս նաեւ հա­­յոց դա­­տին պաշտպան օտար­­նե­­­րը, մի­­ջազ­­գա­­­յին այդ ժո­­ղովին կը պատ­­րաստո­­ւէին օրա­­կար­­գի բե­­րել հայ­­կա­­­կան գա­­ւառ­­նե­­­րուն խղճա­­լի վի­­ճակը, հա­­յերու են­­թարկո­­ւած հա­­լածանքնե­­րը։ Որ­­պէս գաղ­­թաշխար­­հի հա­­յու­­թեան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ, ժո­­ղովին պի­­տի ներ­­կա­­­յանար Մի­­նաս Չե­­րազ, սա­­կայն Կ. Պոլ­­սոյ Պատ­­րիար­­քութիւ­­նը, որ­­պէս պաշ­­տօ­­­նական վա­­րիչը արեւմտա­­հայու­­թեան, փո­­խանակ լռե­­լեայն հե­­տեւե­­լու եւ չէ­­զոք դիրք մը գրա­­ւելու, ժո­­ղովին անսպա­­սելիօրէն կը յղէ հե­­ռագիր մը, ուր կ՚ըսէ, թէ «Թուրքիոյ բո­­լոր հա­­յերը վե­­հափառ սուլթա­­նին հա­­ւատա­­րիմ հպա­­տակ­­ներն են՝ որոնք Օս­­մա­­­նեան Կա­­ռավա­­րու­­թեան դէմ եղած ո՛եւէ թշնա­­մական ցոյց՝ ատե­­լի կը գտնեն»։

«Պատ­­րիարք Օր­­մա­­­նեան եւ իր 1899-ի վար­­չութիւ­­նը շատ աւե­­լի ծա­­նօթ էին հայ­­կա­­­կան գա­­ւառ­­նե­­­րու մէջ կա­­տարո­­ւող սար­­սա­­­փելի տռա­­մին քան ո եւ է եւ­­րո­­­պական թղթա­­կից եւ քա­­ղաքա­­կան անձնա­­ւորու­­թիւն, որով­­հե­­­տեւ օրը օրին երկրի բո­­լոր ան­­կիւննե­­րէն արիւ­­նա­­­խառն հո­­սան­­քով դէ­­պի Պոլ­­սոյ Պատ­­րիար­­քա­­­րանը կը վա­­զէին ջար­­դո­­­ւող, սպա­­ռող եւ հատ­­նող հա­­յու­­թեան ար­­ցունքն ու կսկի­­ծը։ Պատ­­րիարք Օր­­մա­­­նեան եւ իր 1899-ի վար­­չութիւնն պար­­տա­­­ւոր էին, իրենց ստանձնած պաշ­­տօ­­­նին հար­­կադրու­­թեամ­­բը իսկ, եթէ ոչ հայ ան­­հա­­­տի խղճմտան­­քովն ու հո­­գիովը, մի­­միայն ար­­տա­­­յայ­­տութիւնն ըլ­­լալ ժո­­ղովուրդի իրա­­կան կա­­ցու­­թեան եւ ցա­­ւին։ Պատ­­րիարք Օր­­մա­­­նեան եւ իր 1899-ի վար­­չութիւ­­նը եթէ բա­­ւակա­­նաչափ անձնո­­ւիրու­­թիւն չէին զգար իրենց մէջ՝ ծա­­ռանա­­լու գէթ հեղ մը բռնա­­կալու­­թեան դի­­մաց եւ առ­­նո­­­ւազն մարդկա­­յին ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թեան բո­­ղոքի ցոյց մը ընե­­լու վե­­հանձնօ­­րէն, գո­­նէ սպա­­սելի էր որ ինքնա­­վար դի­­ւանա­­գիտու­­թեան հաս­­տա­­­տակամ որո­­շու­­մո­­­վը լռու­­թիւն պա­­հէին Լա­­հէյ տե­­ղացող հայ­­կա­­­կան բո­­ղոք­­նե­­­րուն նկատ­­մամբ եւ այդ լռու­­թեամ­­բը հաս­­տա­­­տէին իրենց հա­­մաձայ­­նութիւ­­նը կա­­տարո­­ւած դի­­մումնե­­րուն հա­­մար», յի­­շելով այդ օրե­­րը պի­­տի գրէր Ռու­­բէն Զար­­դա­­­րեան, 1909-ին։

(Այս իրա­­դար­­ձութե­­նէն ետք Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թե­­­նէն դուրս գտնո­­ւող կարգ մը գա­­ղութներ պի­­տի չճանչնա­­յին այ­­լեւս Օր­­մանեանի պատ­­րիար­­քութիւ­­նը, նոյ­­նիսկ պա­­տարա­­գին պի­­տի չյի­­շատա­­կէին անու­­նը)։

Առ­­հա­­­սարակ, արեւմտա­­հայ հա­­սարա­­կու­­թեան քա­­ղաքաբ­­նակ ու գա­­ւառաբ­­նակ հա­­տուած­­նե­­­րը ան­­հաշտ աչ­­քով դի­­տած են զի­­րար։ Գա­­ւառա­­ցինե­­րու կար­­ծի­­­քով, Պո­­լիս գտնո­­ւող պատ­­րիար­­քա­­­րանը հարկ եղա­­ծին պէս չէր պաշտպա­­ներ իրենց շա­­հերը։ Քա­­ղաքա­­ցիներն ալ կը մե­­ղադ­­րէին գա­­ւառա­­ցինե­­րը, որով­­հե­­­տեւ վեր­­ջիններս միշտ «հար­­ցեր» կը յա­­րու­­ցէին։ Օր­­մա­­­նեանի օրօք պատ­­կե­­­րը տար­­բեր չէր, նոյ­­նիսկ աւե­­լի ծան­­րա­­­ցած՝ հա­­միտեան բռնա­­տիրու­­թեան պատ­­ճա­­­ռով։

Օր­­մա­­­նեանի եւ հա­­սարա­­կու­­թեան որոշ մէկ հա­­տուա­­ծին մի­­ջեւ առ­­կայ լուռ լա­­րուա­­ծու­­թիւնը գա­­գաթ­­նա­­­կէտին պի­­տի հաս­­նէր 1903-ին. պատ­­րիար­­քը պա­­տարա­­գի մը ժա­­մանակ պի­­տի են­­թարկո­­ւէր մա­­հափոր­­ձի, սա­­կայն բա­­րեբախ­­տա­­­բար պի­­տի փրկը­­ւէր։ Եր­­կու տա­­րի անց Օր­­մա­­­նեանին ճա­­կատագ­­րա­­­կից ըլ­­լալ պի­­տի վի­­ճակէր նաեւ սուլթա­­նին. 1905-ի Եըլ­­տը­­­զի ռումբը, պայ­­թած սուլթա­­նի ժա­­մանու­­մէն հա­­զիւ քա­­նի մը վայրկեան առաջ, կեանք պի­­տի պար­­գե­­­ւէր անոր եւ Կար­­միր Սուլթա­­նը մա­­հափոր­­ձէն պի­­տի ազա­­տէր, առանց վի­­րաւո­­րուե­­լու։

1908-ին սա­­կայն սուլթան ու պատ­­րիարք պի­­տի տա­­պալէին միաս­­նա­­­բար, սահ­­մա­­­նադ­­րութեան հռչա­­կու­­մով։ Ժո­­ղովրդա­­կան յու­­զումը թե­­րեւս Աշը­­քեանի ճա­­կատագ­­րին ար­­ժա­­­նաց­­նէր Օր­­մա­­­նեանն ալ, եթէ քա­­նի մը տա­­րի վերջ հա­­յոց դա­­հիճը ըլ­­լա­­­լիք Թա­­լեաթ պէյ չա­­զատէր զին­­քը բո­­ղոքա­­րար­­նե­­­րու ձեռ­­քէն։

Օր­­մա­­­նեան պատ­­րիար­­քութեանը ըն­­թացքին եւ յետ­­մա­­­հու եր­­բեք չվե­­րածո­­ւեցաւ ժո­­ղովրդա­­կան տի­­պարի մը, ինչպէս որ էր, օրի­­նակ, իր­­մէ թե­­րեւս շատ աւե­­լի նո­­ւազ ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րու տէր Խրի­­մեան Հայ­­րի­­­կը, նոյ­­նիսկ Շնորհք Պատ­­րիար­­քը, որու ար­­ձա­­­նը քա­­նի մը տա­­րիէ ի վեր ար­­ժա­­­նապէս կը կանգնի Պա­­լըք­­լըի գե­­րեզ­­մա­­­նատան մէջ։ Բայց Օր­­մա­­­նեան եղաւ օրի­­նակ մը յատ­­կա­­­պէս վա­­րիչ դա­­սակար­­գին հա­­մար. հա­­միտեան բռնա­­տիրու­­թեան տա­­րինե­­րուն իր վա­­րած կրա­­ւորա­­կան, շատ ան­­գամ վի­­ճելի եւ ցարդ լուրջ գնա­­հատան­­քի մը չար­­ժա­­­նացած քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը եղաւ թրքա­­հայ պատ­­րիարքնե­­րուն կամ վա­­րիչ­­նե­­­րուն ան­­մի­­­ջական ու հեշ­­տին ապաս­­տա­­­նը։

Կը մտա­­ծեմ։ Ներ­­կա­­­յի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը ամե­­նուր կը հո­­լովեն Ապ­­տիւլ Հա­­միտի անու­­նը, տար­­բեր ձեռ­­նարկնե­­րով կ՚ոգե­­կոչեն զին­­քը, հե­­ռատե­­սիլի կա­­յան­­նե­­­րուն վրայ իբր թէ փաս­­տագրա­­կան ժա­­պաւէն­­նե­­­րով կը գո­­վեր­­գո­­­ւի իր կեր­­պա­­­րը, այժմու նա­­խագա­­հը կը հա­­մարո­­ւի Հա­­միտի մէկ տի­­պարը։ Յու­­սանք պա­­տահա­­կանու­­թեան մը ար­­դիւնք ըլ­­լայ նման մթնո­­լոր­­տի մը մէջ կանգնե­­ցուած այս ար­­ձա­­­նը։ Մաղ­­թենք, որ հա­­միտա­­դաւան պատ­­րիար­­քին անու­­նը հնա­­զան­­դութեան, կրա­­ւորա­­կանու­­թեան եւ իշ­­խա­­­նու­­թեան խնկար­­կութեան պատ­­գամ մը չէ բո­­լոր անոնց, որոնք կե­­ցուածք մը ցոյց կու տան, կ՚արիանան, մարդկա­­յին իրա­­ւունքնե­­րու, մամ­­լոյ ազա­­տու­­թեան կամ քա­­ղաքա­­ցիական իրա­­ւակար­­գի դէմ գոր­­ծադրո­­ւած բռնաճնշումնե­­րուն դէմ ձայն կը բարձրաց­­նեն։

Վար­­չա­­­յին վի­­ճելի համ­­բա­­­ւի մը տէր Օր­­մա­­­նեան, պատ­­րիար­­քութե­­նէ հե­­ռանա­­լէ ետք, ինքզինք նո­­ւիրած է բա­­նասի­­րական աշ­­խա­­­տան­­քի։ Մէջ­­տեղ բե­­րած գոր­­ծե­­­րէն կա­­րեւո­­րագոյ­­նը, ան­­կասկած, «Ազ­­գա­­­պատում» եռա­­հատորն է։ Կա­­րեւոր աշ­­խա­­­տանք մը ար­­դա­­­րեւ, որ ար­­ժա­­­նի է դա­­սուե­­լու հայ­­կա­­­կան պատ­­մագրու­­թեան մեծ գիր­­քե­­­րուն կող­­քը, մա­­նաւանդ եր­­րորդ հա­­տորը, ուր հե­­ղինա­­կը կը խօ­­սի ժա­­մանա­­կակից անցքե­­րու շուրջ։ Կա­­տարեա՞լ գործ մըն է։ Ան­­շուշտ ոչ։ Ու­­նի քննա­­դատե­­լի բազ­­մա­­­թիւ կէ­­տեր, եր­­բեմն նոյ­­նիսկ խիստ են­­թա­­­կայա­­կան մեկ­­նա­­­բանու­­թիւններ, սխալ տե­­ղեկու­­թիւններ (որոշ քննա­­դատու­­թիւննե­­րու հա­­մար տե՚ս՝ Գիւտ Մխի­­թարեան, «Յու­­շեր եւ վեր­­յի­­­շումներ», Ան­­թի­­­լիաս, 1937)։ Դա­­րանաղ­­ցիի, Չամ­­չեանի, Պէր­­պէ­­­րեանի եւ նման պատ­­մա­­­գիր­­նե­­­րու շար­­քին յար­­գե­­­լի ներ­­կա­­­յու­­թիւն մըն է նաեւ Օր­­մա­­­նեան եւ կա­­րիք չկայ չա­­փազան­­ցե­­­լու կամ գե­­րար­­ժե­­­ւորե­­լու զին­­քը։

Ար­­ձաննե­­րը սո­­վորա­­բար կ՚ու­­նե­­­նան միայն մէկ ար­­ձա­­­նագ­­րութիւն։ Վիեն­­նա­­­յի, Վայ­­մա­­­րի, Ֆրանքֆուրթի Կէօթէի ար­­ձաննե­­րուն վրայ քան­­դա­­­կուած է միայն բառ մը՝ «Կէօթէ»։ Նոյնն է պա­­րագան Մո­­ցար­­թի կամ Կո­­միտա­­սի ար­­ձաննե­­րուն հա­­մար։ Անու­­նը ար­­դէն ամէն բան կ՚ըսէ, կը պատ­­կե­­­րաց­­նէ, աշ­­խարհ մը կը բա­­նայ, երե­­ւակա­­յու­­թիւն կը խթա­­նէ։ Իսկ եթէ պէտք կայ մար­­մա­­­րիոնէ եր­­կու հսկայ կոյ­­տեր տե­­ղադ­­րե­­­լու ար­­ձա­­­նին կից, ինչպէս է Օր­­մա­­­նեանի պա­­րագա­­յին, բա­­ցատ­­րե­­­լու հա­­մար, թէ ով է պա­­տուան­­դա­­­նին վրայ կանգնած մար­­դը, կը նշա­­նակէ, թէ տա­­կաւին հա­­սունցած չէ ժա­­մանա­­կը այդ ար­­ձա­­­նին հա­­մար,

դեռ ստու­­գա­­­պէս ճշդը­­ւած չէ այդ ան­­ձին տեղն ու դե­­րը պատ­­մութեան մէջ, հա­­սարա­­կու­­թիւնը դեռ կ՚ու­զէ ճանչնալ զին­­քը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ