Թահիր Էլչի յիշատակուեցաւ սպաննուած վայրը

5Ապրիլ «Փաս­տա­բան­նե­րու Օր»ուայ առ­թիւ Տի­յար­պէ­քիրի մէջ յի­շատակուե­ցաւ այս քա­ղաքի Փաս­տա­բան­նե­րու Կա­ճառի Նա­խագահ Թա­հիր Էլ­չին։ Ոգե­կոչու­մը կա­տարուեցաւ մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան Էլ­չիի սպան­նուած Չորս Ոտ­քով Աշ­տա­րակի առ­ջեւ։ Հան­դէ­սին մաս­նակցե­ցան Էլ­չիի այ­րին Թիւրքան Էլ­չի, պաշ­տօ­նակից­ներ, Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­կանաց­ման Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր­ներ՝ Մե­րալ Տա­նըշ Պէշ­թաշ, Միթ­հատ Սան­ճար, Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Սէզ­կին Թան­րը­քու­լու եւ քա­ղաքա­ցիներ։ Այստեղ Տի­յար­պէ­քիրի Կա­ճառի փոխ նա­խագահ Ահ­մէտ Էօզ­մէն մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւն մը կար­դաց, ուր մէջ­բե­րումներ կա­տարուած էին Էլ­չիի ան­ցեալի ելոյթնե­րէն։ «Տի­յար­պէ­քիրի Փաս­տա­բան­նե­րու Կա­ճառը մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն կը զգայ խնդիր­նե­րու բա­նակ­ցութեամբ լուծման գոր­ծընթա­ցէն»։ Էօզ­մէն իր ելոյ­թին նշեց որ Էլ­չի մին­չեւ իր վեր­ջին շունչը աշ­խա­տած էր երկխօ­սու­թիւնը ապա­հովե­լու հա­մար։ «Իս­կոյն վերջ գտնե­լու է բա­խումնե­րը։ Քրտա­կան խնդրին լուծման հա­մար մէկ կողմ շպրտե­լու ենք զէն­քե­րը եւ ժո­ղովրդա­վարա­կան քա­ղաքա­կան սկզբունքնե­րով խնդի­րը պէտք է լու­ծենք բա­նակ­ցութեան եւ երկխօ­սու­թեան դրու­թեամբ»։ Էլ­չի այս խօս­քե­րը ար­տա­սանե­լէ քա­նի մը վայրկեան ետք սպան­նուած էր եւ անցնող չոր­սուկէս ամիս­նե­րու ըն­թացքին ալ մա­հափոր­ձի հե­ղինակ­նե­րը չեն յայտնաբերուած։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ