Անվերադարձ կորուստի սպառնալիք

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Երբ փողոց ելլելու արգելքը կը շարունակուի Տի­յար­պէ­քիրի Սուր թա­ղամա­սէն ներս, Նա­խարա­րաց Խոր­հուրդին «շտապ պե­տակա­նացում» որո­շումն ալ հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րու պատ­ճառ կը դառ­նայ։ Այս որո­շու­մը կ՚ընդգրկէ քա­ղաքի պատ­մա­կան թա­ղամա­սին 80 տո­կոսը։ Հոն եկե­ղեցի­ներուն եւ մզկիթ­նե­րուն կող­քին կը գտնուին նաեւ իբ­րեւ պատ­մա­կան ար­ժէք գրան­ցուած բազ­մա­թիւ շի­նու­թիւններ։ Մաս­նա­գէտ­ներ կ՚անդրա­դառ­նան նման պատ­մա­կան թա­ղերու ըն­կե­րային մի­ջավայ­րի կա­րեւո­րու­թեան եւ դի­տել կու տան որ այդ մի­ջավայ­րի խան­գա­րու­մը ան­վե­րադարձ աւեր­ներ կրնայ գոր­ծել։

Սուրբ Կի­րակոս Եկե­ղեց­ւոյ վե­րանո­րոգու­թեան պատ­ճա­ռաւ Եւ­րո­պայի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գի ոլոր­տէն ներս ամե­նապատուա­բեր մրցա­նակը հա­մարուող «Եւ­րո­պա Նօստրա»ին ար­ժա­նացող, Տիճ­լէ Հա­մալ­սա­րանի Ճար­տա­րապե­տու­թեան Բաժ­նի ակա­դեմա­կան Մէ­րալ Հա­լիֆէօղ­լու եւ Սու­րի նախ­կին քա­ղաքա­պետ Ապ­տուլլահ Տէ­միր­պաշ իրենց խոր­հուրդնե­րը փո­խան­ցե­ցին «Ակօս»ին։

Ան­նա­խադէպ երե­ւոյթ

Հա­լիֆէօղ­լու կը նշէ որ հռո­մէական շրջա­նէն ի վեր քա­ղաքի աշ­խոյժ կեանք մը ապ­րած այս թա­ղամա­սը նման աւե­րի մը եր­բեք չէ են­թարկուած։ «Այս պայ­մաննե­րու տակ նախ պէտք է աւե­րը ման­րա­մաս­նութեամբ ստու­գել եւ ապա ան­ջատ շի­նու­թիւննե­րու ու փո­ղոց­նե­րու մասշտա­բով վե­րակա­ռուցման նա­խագի­ծեր պատ­րաստել։ Աշ­խա­տու­թիւնը պէտք է ըն­թա­նայ 2012-ին վա­ւերա­ցուած –Պահ­պանման Նա­խագի­ծի եւ Տա­րած­քի Վար­չութեան Սկզբունքա­յին Որո­շումներ-ու հի­ման վրայ։ Քա­ղաքի ամե­նակա­րեւոր շի­նու­թիւննե­րէն մէկն է եր­բեմնի Սուրբ Թո­րոս Եկե­ղեցին, որ այժմ ծա­նօթ է իբ­րեւ -Գուրշունլու Ճա­մի-։ Նոյնպէս Հայ Կա­թողի­կէ Եկե­ղեցին ալ ծան­րօ­րէն վնա­սուած է։ Չորս ոտ­քե­րով աշ­տա­րակը եւ անոր յա­րող մզկի­թի պա­տերը նոյնպէս։ Դժբախ­տա­բար յստակ տե­ղեկու­թիւն չու­նինք Սուրբ Կի­րակո­սի մա­սին։ Եկե­ղեց­ւոյ փա­կի հա­րաւա­յին մա­սը շրջա­պատուած է խա­նութնե­րով։ Կը յու­սամ թէ այդ խա­նութնե­րը եկե­ղեց­ւոյ պաշտպան եղած են»։

Հա­լիֆէօղ­լու լուրջ վե­րապա­հու­թիւն ու­նի փլած շէն­քե­րու մնա­ցոր­դա­ցին բեռ­նա­տար ինքնա­շարժնե­րով պա­րապ տա­րածքներ փո­խադ­րուել ու թա­փուե­լուն դէմ։ Ան մտա­հոգ է պատ­մա­կան շի­նու­թիւննե­րու վե­րաբե­րեալ սիւ­ներ, խո­յակ­ներ եւ այլ կա­րեւոր ճար­տա­րապե­տական նմոյշնե­րու կո­րուստէն։ «Սու­րը պատ­մամշա­կու­թա­յին ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող թա­ղամաս է։ Անհրա­ժեշտ է տա­րած­քին ամ­բողջա­կան պահ­պա­նու­մը։ Բա­ցի պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող շէն­քե­րէն, այդ տե­ղի սո­վորա­կան բնա­կարան­նե­րը, աղ­բիւրնե­րը, փո­ղոց­նե­րը առեւտրա­կան աւան­դա­կան հա­մակար­գը միաս­նա­բար ամ­բողջու­թիւն մը կը կազ­մեն»։

Միւս կող­մէն Սու­րի նախկին քա­ղաքա­պետ Ապ­տուլլահ Տէ­միր­պաշ «Ակօս»ին կը պատ­մէ յա­ճախ ակ­նարկուած 2012 թուակիր «Պահ­պանման Նա­խագի­ծի եւ Տա­րած­քի Վար­չութեան Սկզբունքա­յին Որո­շումներ»ուն մա­սին։ «Մեր շրջա­նին պատ­րաստուեցաւ այդ որո­շումնե­րը։ Կու­սա­կալու­թեան, պահ­պանման խոր­հուրդնե­րու, շրջա­նային վար­չութիւննե­րու եւ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու, բնա­կիչ­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ մշա­կուե­ցաւ։ Խու­սա­փեցանք բռնի պե­տակա­նացու­մէ։ Փոր­ձե­ցինք բնա­կիչ­նե­րը հա­մոզե­լու։ Ներ­կայ դրու­թեամբ այս բո­լորին մաս­նակցու­թիւնը մեր­ժուած է։ Այստեղ բուն նպա­տակը կը ներ­կա­յանայ շա­հագոր­ծումով։ Կը լսենք շի­նարա­րական ըն­կե­րու­թիւննե­րու նա­խապատ­րաստու­թիւննե­րը։ Նոյնպէս զրոյցներ կը տարածուին այստեղ դուրսէն եկած մարդիկ բնակեցնելու ծրագիրներուն մասին»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ