ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԵԱՆ
vardbalian@gmail.com
2-5 Ապրիլ 2016 թուականներու միջեւ տեղի ունեցած բախումները բազմաթիւ փորձագէտներու կողմէ անուանուեցան «պատերազմ» բառով։ 1994-ի զինադադարէն այս կողմ բազմաթիւ անգամներ Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինեալ միաւորումները բախումներ ունեցած էին սահմանագըծի վրայ։ Սակայն վերջին չորս օրուայ կռիւը իր սաստկութեամբ կը գերազանցէր բոլոր նախորդները։
2 Ապրիլին սկսող զինեալ բախումներու առաջին քայլը կողմերը վերագրեցին հակառակորդին։ Հակասական յայտարարութիւնները շարունակուեցան բախումներու տեւողութիւնով։ Թուրքիոյ մամուլը այս առիթէն օգտուելով անգամ մը եւս դիմեց Հայաստանի եւ հայոց նկատմամբ ատելութիւնը արտայայտելու։
Ա. օր
2 Ապրիլ Շաբաթ օրուայ կանուխ ժամերուն Ղարաբաղեան բանակը ահազանգեց Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն ամբողջ սահմանի տարածքին սկսած յարձակումը։ Վրայ հասաւ 12 ամեայ Վաղարշակ Գրիգորեանի դպրոցի ճամբուն վրայ սպաննուիլը։ Հրթիռներով կատարուած այդ յարձակումի ընթացքին երկու պատանիներ ալ վիրաւորուեցան։ Ապա լսուեցաւ Ատրպէյճանի Ղարաբաղի մէջ կարգ մը բնակավայրերը գրաւելու լուրը։ Յաջորդ օր Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարութիւնով մը ըսաւ որ նախորդ օր գրաւուած ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող Թալիշ գիւղը ազատագրուած է։
Վայրագ մարդասպանութիւն
Գրաւուած ու ապա ազատագրուած գիւղէն սարսափելի տեսարաններ դուրս եկան։ Տարեց երեք քաղաքացիներ իրենց տան մէջ սպաննուելէն վերջ թշնամին կտրած էր նաեւ անոնց ականջները։ Նոյն տարածքի մէջ զինծառայող էզտի շարքային Քէրէմ Սլոյեան ալ գլխատուեցաւ ատրպէյճանցի զինուորի կողմէ։ Զինուորը չէր վարանած Սլոյեանի գլուխը ձեռին նկարուելէ։
Բ. օր
Ատրպէյճան-Ղարաբաղ շփման գծի վրայ բախումներու սաստկացած պահուն Ատրպէյճան միակողմանի զինադադար յայտարարեց։ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան բանբերը հերքեց զինադադարի պնդումը։ Սիվիլ Նէթի թղթակիցները իրենց նկարահանումներով կը փաստէին թէ Մարտակերտի մէջ զինադադարէն վերջ ալ Ատրպէյճանական յարձակումները կը շարունակէին։
Հայաստան կը մեղադրէ Թուրքիան
Թրքական մամուլը հարեւան Հայաստանի նկատմամբ ատելութիւնով լեցուն լուրեր հրապարակեց։ Այդ լուրերուն մէջ Ատրպէյճանի սպաննուած զինուորները կը ներկայացուէին «նահատակ» բացատրութեամբ։ Նոյն օր Նախագահ Էրտողան Ատրպէյճանական հեռուստակայանի մը կատարած յայտարարութեան մէջ յաջողութիւն մաղթեց իր ատրպէյճանցի «եղբայր»ներուն։ Հայաստանի Արտ. Գործ Փոխ Նախարար Շաւարշ Քոչարեան մեղադրեց թրքական կողմի մերձեցումը, ըսելով որ Թուրքիոյ ցեղապաշտ յայտարարութիւնները կը խրախուսեն Ղարաբաղի դէմ յարձակումները։
Գ.օր
Հրադադարի յայտարարութենէն ետք Երկուշաբթի օր շարունակուեցան փոխադարձ գնդակաձգութիւնները։ ՀՀ. Նախագահ Սարգսեան ժողովի հրաւիրեց ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու դեսպանները։
Դ.օր
5 Ապրիլ Երեքշաբթի Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը աւելի կործանիչ զէնքերով շարունակեցին հայկական գիւղերու ուղղեալ իրենց յարձակումները։ Նոյն օր կողմերը համաձայնեցան փոխադարձ զինադադարի շուրջ։