Հրանդ Տինք Հիմնարկի յարատեւ ձեռնարկներէն «Խղճի Ֆիլմեր» նախագիծը այս տարի 16 կարճամեթրաժ ֆիլմերէ պատրաստուած գոլաժով մը կը մասնակցի Իսթանպուլի 35-րդ Կինօ Փառատօնին։ Նախագիծը կ՚ընթանայ ամէն տարի ճշդուած խորագիրի մը շուրջ։ 2015-ի նախագիծի համակարգող Էօզմէ Քանթարճը այս մասին կու տայ հետեւեալ բացատրութիւնը. «նախորդ տարի ցեղասպանութեան դարադարձն էր եւ մենք ճշդած էինք -Ոչնչացուածներ- խորագիրը։ Այս ֆիլմերը արխիւային բնոյթ ունին։ Այժմէական դէպքերէ հատուածները կարճամեթրաժ ֆիլմերով գրանցուած կ՚ըլլան։ Ընտրուած 16 ֆիլմերը նիւթ կ՚առնեն Շաբաթնօրեայ Մայրերու, Անգարայի կայարանի մօտ պատահած պայթումի, անյայտ կորածներու պատմութիւնները։ Դատակազմը բացի Ռաքէլ Տինքէն, ամէն տարի նոր անուններով կը կազմուի։ Ֆիլմերու ընտրութեան մէջ առաջնապատուութիւնը կը տրուի ոչ թէ արհեստավարժութեան, այլ գաղափարներու իւրօրինակութեան»։