Լիպրէտօ՝ գրուած անապատի համար

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Սուրիոյ կործանումը եւ Թուրքիոյ քրտաբնակ քաղաքներու հետզհետէ նոյն պատկերը պարզող փլուզումը տեսնելով կը մտաբերեմ Սոնա Վանի «Լիպրէտօ՝ գրուած անապատի համար» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն։ Կը խորհիմ թէ այս անիծեալ աշխարհագրական հատուածի վրայ ողբերգութիւնը ընդմիշտ կը վերակենդանանայ։ 2011-ի Մարտին երբ մօտակայ փոթորիկի ամպերը կը կուտակուէին հորիզոնին վրայ, ձեռքս ունէի Ռայմոն Գէորգեանի Սուրիոյ ճամբարները եւ ցեղասպանութեան երկրորդ հանգրուանը պատմող գիրքը։ Մտադրած էի Տէր Զօր երթալ։ Կամ հիմա կրնամ երթալ կամ ալ երբեք։ Արդէն նոյն տարուայ Հոկտեմբեր ամսուն ձերբակալուեցայ։ Լաւ է որ չեմ հրաժարեր։ Իրականութեան մէջ «Մարդու Իրաւունքներու Միութիւն»էն ընկերներ ալ մտադիր էին Տէր Զօր այցելելու, բայց ապա հրաժարեցան։ Հալէպ հասայ եւ «Հոթէլ Պարոն»ի մօտակայքը հիւրանոց մը իջեւանեցայ։ Այդ ժամանակ Հալէպ հանդարտ էր եւ ոչ ոք կը կանխատեսէր վատ բաներ պատահելու հաւանականութիւնը։ Եւ ապա Տէր Զօր… անապատի յատուկ փոշու փոթորիկ… ոչ թէ անձրեւ այլ ցեխ կը տեղայ… Հրանդը կը մտաբերեմ։ Հրանդ այս ճանապարհը անցնելով իր ժողովուրդին հասած վերջին կայանը երթալ մտածած էր։ Կարծես իրականացաւ իր այդ երազը, չէ որ ան ցեղասպանութեան 1,500,000+1 զոհը կը համարուի։ Մարկատէհի մէջ անապատի աւազը տակաւին ոսկորներ կը պահէ։ Նոյնիսկ ձեռքով ցրուես աւազը, մարդու ոսկորներ կը գտնես։ Մօտակայ արաբական գիւղի մը մէջ պետեւի մը իր հայ մեծ հօր մասին կը պատմէ։ Հայ որբուկ մը ու իր քոյրը… Կը յաջողին Հապուրի գետը անցնիլ։ Զիրար կը կորսնցնեն եւ հազիւ 40 տարիներ ետք քրոջ թեւի դաջուածքի շնորհիւ զիրար կը գտնեն։ Ապա կը լսեմ ուրիշ որբուհի մը, պետեւիներու աշիրաթի կողմէ փրկուելուն եւ 40 տարի անց, իբրեւ այդ աշիրաթի պետ մօրը հետ հանդիպելուն պատմութիւնը։ Անապատի ճամբարէն Սարգիս Չէրքէզեանի ընտանիքին կողմէ Հալէպ փախցուած Արամ Անտոնեանի գրառած վկայութիւններէ բաղկացող գիրքը կը թողեմ յուշ-եկեղեցի։ Սիրտս հանգիստ է, գիրքը հասաւ իր պատկանած տեղը։ Ափսոս՝ ՏԱԻՇ գրաււեց քաղաքը եւ յուշ-եկեղեցւոյ հետ գիրքն ալ կը թափառի փոշու փոթորիկին մէջ։

«Մեծ հայրս քահանայ էր» կ՚ըսէ Սոնա Վան։ «Ան Աստուծոյ կը հաւատար առաւօտուն իննէն մինչեւ երեկոյեան վեցը։ Վեցէն ետք կը հանգստանար։ Հայրս ֆիզիքոս էր, ան ալ իննէն մինչեւ վեց կ՚ուրանար արարիչը, վեցէն ետք հաւատի կու գար գաղտնաքօղի։ Հօրքոյրս մաշուած Աստուածաշունչի էջերուն մէջ կը պահէր սիրոյ նամակները։ Դէմքին նոյն արտայայտութեամբ կը կարդար Աւետարանը եւ նամակները։ Կիսահաւատ էր։ Մայրս՝ (ուր որ է պիտի մոռնայի) ան ժամանակ չունէր հաւատալու կամ չհաւատալու։ Միշտ զբաղած էր անգոյէն բան մը գոյացնելու համար»։

Ապա կ՚անցնիմ ուրիշ բանաստեղծութեան մը. «Կը ֆրֆրամ աւազին վրայ, շրջանակներ կը գծուի փէշիս եզրով։ Շրջանակները ոչ սկիզբ ունին ոչ ալ վերջաւորութիւն։ Անհունն է կախուած փէշիս եզրին դժուար է ինձ յաղթել։ Ես պարողներու ցեղէն կու գամ»։

Սոնա Վան կարծես շոքիացած ապակիի վրայ մատներու հպումով կը շարէ իր տողերը։

«1915-ի բուն զոհերը մենք ենք անոնք մեռան եւ բարձրացան սուրբերու դասին։ Իսկ 1915-էն ետք եկող սերունդները հեռացան իրենց մշակոյթէն ու անապատացան» կ՚ըսէ մշակոյթի եւ հաւատքի իմաստուն մտաւորականը, Հայր Լեւոն Զէքիեան։ Հայու իրողութիւնը կը բաղկանայ օտարութեան մէջ ձուլման, տարագրութեան, աքսորի, ցեղասպանութեան, բնօրրանի մէջ մշակութային հետքերու ոչնչացման եւ աշխարհի չորս դին ցիրուցան ըլլալու բաղադրութենէ։ Ծանր բեռ մըն է այս որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։ Տարակուսանք կը պատճառէ մոռնալու ցանկութեան եւ մղձաւանջի միջեւ։ Իրականութեան գեր իրողութեան վերածուած պահ կ՚ապրիս ուրացումի ճնշումին դիմաց։ Վիշտն ու աղաղակը երկրի բոլոր մասերուն, նոյնիսկ բջիջներուն թափանցած կ՚ըլլայ։ Պատմութիւնը կարծես ընդմիշտ կը վերակենդանանայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ