Պոլսահայ իրողութեան մէջ օրըստօրէ շատ կարիքը կը զգացուի կեդրոնական գրադարանի մը։ Տրուած ըլլալով որ Պատրիարքարանի գրադարանը անգործունակ է եւ հետազօտողներ չեն կրնար այն տեղ գտնուած գիտելիքէն օգտուիլ։
Հրանդ Տինք Հիմնարկը Անարատ Յղութիւն շէնքի մէջ նախորդ Ուրբաթ բացումը կատարեց հայկական հետազօտութիւններու եւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու նիւթերով մասնագիտացած գրադարանին։ Գրադարանին բացումով Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը նպատակադրէ հայ մշակոյթի եւ պատմութեան նիւթերով զբաղող ուսումնասիրողներու, ուսանողներու եւ հայ հասարակութեան ծառայել։
Անհատական արխիւներով եւ հաւաքածոներով ալ աւելի հարստանալիք գրադարանը ունի տարողութիւնը 20 հազար հատոր գիրքերու ու կը պարունակէ պարբերականներ, նաեւ քարտէսներ, DVD-ներ եւ այլ նիւթեր։ Գիրքերը դասաւորուած են Ամերիկեան Քոնկրէսի Գրադարանին կողմէ մշակուած LCC դասաւորման կանոնի դրութեամբ։
Գրադարանին մէջ արձանագրուած աղբիւրներուն կարելի է հետեւիլ www.hrantdink.org կայքէջի ցանկագրութեան միջոցաւ։
Ցանկացողներ գրադարան այցելելով կրնան ուսումնասիրել իրենց հետաքրքրող գիրքերը կամ նիւթերը։ Կրնան պատճէնահանել։ Սակայն գիրքը ժամանակաւոր ստանալու համար հարկ է անդամագրուիլ, հարցաթերթիկ մը լրացնել, անձնագիրի պատճէնահանում, լուսանկար մը եւ 100 Լիրա նուիրատուութիւն։
Հիմնարկի շրջանակները կը հաղորդեն թէ տրամադիր են Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու եւ հայկական հետազօտութիւններու, պատմութեան մշակոյթի լեզուի եւ գրականութեան վերաբերեալ գիրքերու եւ արխիւային փաստաթուղթերու նուիրատուութիւնները ընդունելու։ Յատկապէս անհատական արխիւներու բովանդակութիւնը յատուկ դասաւորումի ենթարկուելէ ետք կտակողին փափաքին համաձայն պայմաններով պիտի տրամադրուի հասարակութեան։
Գրադարանը բացի Հինգշաբթի եւ Կիրակի օրերէ, պիտի աշխատի 10։00-18։00 ժամերու միջեւ։ Չորեքշաբթի օրերու աշխատանքը սահմանուած է 12։00-22։00-ի միջեւ։