ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԿԱՐԿԻՆ

Կարկին մը եղած ըլլար ճարտարապետ եւ հնագէտ Թորոս Թորամանեանին կեանքը. մէկ ոտքը -եւ միտքը- խրած Բագրատունիներու Անի մայրաքաղաքի հողին մէջ՝ իսկ միւս ոտքով չափած Էջմիածին-Ալեք­սանդրա­պոլ-Ղո­շավանք-Թիֆ­լիս աղե­ղը՝ մօտ քսան տա­րի պե­ղումնե­րով, չա­փագ­րութիւննե­րով եւ գի­տական հե­տազօ­տու­թիւննե­րով յե­ղաշրջում կա­տարեց՝ մա­կերես հա­նեց հայ­կա­կան ինքնու­րոյն ճար­տա­րապե­տու­թեան գո­յու­թիւնը։

1905 թուականն է։ Անիի պե­ղումնե­րուն դա­դար տա­լով Ալեք­սանդրա­պոլիս վե­րադար­ձած է ճար­տա­րապե­տը։ Իր աշ­խատա­նոցին մէջ մտազ­բաղ է Զուարթնո­ցի տա­ճարի գծագ­րութիւննե­րով։

- Պա­րոն Թո­րամա­նեան, գի­տական աշ­խարհը հիացած է ձեր գոր­ծին վրայ ու ան­համբեր կը սպա­սէ հայ­կա­կան ճար­տա­րապե­տու­թեան մա­սին ձեր նոր յօ­դուած­նե­րուն։

Թո­րամա­նեանը սե­ղանի վրայ կը ձգէ իր կար­կի­նը, զոր կը գոր­ծա­ծէր տա­ճարի 32 բո­լորա­ձեւ լու­սա­մուտնե­րը գծե­լու հա­մար ու կը պատ­մէ իր ձեռքբե­րումնե­րը.

- Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, մեծ յայտնու­թիւն էր Զուարթնո­ցի ամ­բողջա­կան կեր­պա­րը։ Ան­նա­խըն­թաց է յա­ջոր­դա­բար փոք­րա­ցող երեք գլան­նե­րէ կազ­մուած եռաս­տի­ճան, ուղղա­ձիգ, գմբէ­թաւոր տա­ճարը, որուն առա­ջին յար­կը ար­տա­քուստ 32 երես­նե­րով բազ­մանկիւն մըն է։ Իսկ առեղ­ծուածա­յին է պա­տերէն ներս յայտնա­բերուած տա­ռերն ու երկրա­չափա­կան նշան­նե­րը։ Մինչ որոշ­ներ յու­նա­կան գի­րերը կը յի­շեց­նեն, մէ­կը ամե­նէն յստակն է. կար­կին մը։ Գի­տենք, թէ կար­կի­նը ճար­տա­րապե­տի նշան է։ Բայց ին­չո՞ւ սրբա­տաշ քա­րի մը վրայ։

Ու մե­ծանուն ճար­տա­րապե­տը կը ձգէ իր կար­կի­նը սե­ղանի վրայ։ Կը սկսի կար­կիննե­րու եւ հայ միջ­նա­դարեան քար­գործ վար­պետնե­րու մա­սին շի­նարա­րա-ստու­գա­բանա­կան զրոյց։

- Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, այդ վի­մադը­րոշմնե­րու մա­սին կայ այն տե­սու­թիւնը, թէ զուտ հա­շուա­պահա­կան նպա­տակ ու­նե­ցեր են։ Իւ­րա­քան­չիւր քար­գործ վար­պետ իր սե­փական դրոշ­մը փո­րագ­րած է հա­տու­ցում ստա­նալու հա­մար։ Շի­նու­թեան պա­տուի­րատուն այդ ձե­ւով հա­շուար­կեր է վար­պե­տին գոր­ծը։

- Դժուար է ապա­ցու­ցա­նել։ Սա­կայն, մէկ բան ստոյգ է. «կար­կին» բա­ռին ծա­գու­մը եւ բուն ար­մա­տը։ Պա­րոն Թո­րամա­նեան, ինչպէս հայ­կա­կան եւ բիւ­զանդա­կան ճար­տա­րապե­տու­թիւննե­րը ու­նե­ցեր են սերտ կա­պեր, նոյնպէս ալ մեր լե­զու­նե­րը ու­նե­ցեր են փոխ­յա­րաբե­րու­թիւններ։ «Կար­կին»ը, նա­խապէս կա­րակին՝ յու­նա­կան փո­խառու­թիւն է եւ ու­նի Հայ­կա­կան Լեռ­նաշխար­հէն շատ հե­ռու՝ ծո­վային ծա­գում։ Բայց, նախ յի­շենք, թէ կար­կի­նը նշա­նակած է՝ շէն­քի կա­մար, սի­րամար­գի տտու­նի կա­մարա­ձեւ պար­զած եւ ամե­նէն տա­րածուածը ան­շուշտ՝ շրջա­նակ գծե­լու գոր­ծիք, որ լայն գոր­ծա­ծու­թիւն ու­նե­ցեր է երկրա­չափու­թեան, նա­ւագ­նա­ցու­թեան, նկար­չութեան եւ ճար­տա­րապե­տու­թեան մէջ։ Ան­հա­ւանա­կան է, որ ծնունդ առած է Պո­լիսը եզե­րող Մար­մա­րա ծո­վու ափե­րէն, «καρκίνος», կար­կի­նոս բա­ռէն, որ է «խեց­գե­տին, խե­չափառ», այն ծո­վային կեն­դա­նին, որ ու­նի մկրա­տաձեւ կտրոց­ներ եւ որ՝ անու­նը առեր է նա­խա-հնդեւ­րո­պական սկըր ար­մա­տէն՝ դառ­նալ, ծռել, ծռիլ։

- Հէ­քիաթա­յին է, պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն. այդ կեն­դա­նին օր մը որո­շեր է ջուրէն դուրս ել­լել, աշ­խարհը դառ­նալ։

- Եւ, կա­րելի է ըսել, հա­սեր է հե­ռաւոր եր­կիրներ. Լա­տին­նե­րու մօտ դար­ձեր է circinus, Վրաս­տա­նի մէջ՝ «կար­կի­նօ», իսկ Ասո­րես­տա­նի մէջ՝ «քար­քի­սուս»։ Ու­նե­ցեր է նաեւ իմաս­տի զար­գա­ցում. «Ու­նե­լի, դար­բի­նի աք­ցան», որով­հե­տեւ յոյ­նե­րու մօտ «καρκιόω», կար­կի­նօ, կը նշա­նակէ «դառ­նալ, կո­րանալ»։ Ապա, ինչ որ բո­լորա­ձեւ է կո­չուեր է անոր անու­նով. Circus, circo, cirque՝ կրկես, circulus,cercle,circle՝ շրջա­նակ։ Աւե­լին, ան հա­սեր է եր­կինք. Հա­րաւա­յին կի­սագունտի մէջ կայ հա­մաս­տեղծու­թիւն, որ կը կո­չուի Circinus։ Պա­րոն Թո­րամա­նեան, տե­սած եմ 13-րդ դա­րու ձե­ռագիր մա­տեան մը, ուր պատ­կե­րուած է Հայր Աս­տուածը ձեռ­քը կար­կի­նով։ Նկա­րին մէջ ան գծագ­րած է եր­կի­րը։

- Կար­կի­նը արար­չութեան խորհրդան­շանն է, պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն։ Ես թա­փառա­կանն եմ հայ­րե­նի աւե­րակ­նե­րուն։ Անիի, Շի­րակի, Արա­գածոտ­նի բազ­մա­թիւ յու­շարձան­ներ ու­սումնա­սիրե­լով, այս կար­կի­նովս ու գրիչ­նե­րովս աշ­խարհին գի­տակա­նօրէն ցոյց պի­տի տամ, թէ կա՛յ Հայ­կա­կան Ճար­տա­րապե­տու­թիւն եւ ան ու­նե­ցեր է տոհ­միկ նկա­րագիր եւ թէ՝ հա­յու ստեղ­ծա­գործ միտ­քը, շի­նարար ոգին, երե­ւակա­յու­թիւնը հա­զարա­մեակ մը առաջ ճախ­րեր է։

- Իսկ յա­ջողե­ցաք յայտնա­բերել, թէ ո՛վ էր այն վար­պե­տը, որ քան­դա­կեց Զուարթնո­ցի «կար­կին»ը։

- Դժբախ­տա­բար՝ ո՛չ։ Սա­կայն, այժմ գա­ղափար ու­նինք, թէ ո՛վ էր ճար­տա­րապե­տը։ Տե­սէ՛ք, եկե­ղեց­ւոյ 32 որմնա­կամար­նե­րուն վրայ քան­դա­կուած են եղած 32 ան­ձի վա­յելուչ հար­թա­քան­դակ։ Ինը հա­տը պա­հուած է։ Մէկ հա­տը՝ Յո­հան անու­նով վե­ղարա­ւոր մըն է, մօ­րու­սա­ւոր ծե­րու­նի մը՝ ձեռ­քը բռնած մուրճ ու բահ։ Կա­րելի է են­թադրել, թէ ան էր ճար­տա­րապե­տը։ Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, եր­բեմն կը մտա­ծեմ, թէ միեւ­նոյն գոր­ծը կը կա­տարենք. Մենք հնէաբան­ներս եր­կի­րը կը պե­ղենք պատ­մութիւններ երե­ւան հա­նելու հա­մար, իսկ դուք՝ բա­ռերը։

- Հա­մաձայն եմ, պա­րոն Թո­րամա­նեան։ Ձե­զի ար­դիւնա­բեր պե­ղումներ կը մաղ­թեմ։