ԼՈՒՑԻՔԱ ՏՈՒՏՈՒ

Լուցիքա Տուտու

Աս Զատիկն ալ ասանկ անցաւ

Զատկէն առաջ, ըռէս­մէն չըլ­լայ նէ պի­լէմ, աջէն ձա­խէն, եկե­ղեցի­նե­­րը պօմ­­պա կրնան տնել տէ­­յիմ լու­­րեր էկած էր, հէ­­րալ­­տէ կի­­տէք կոր։ Մենք հոս­­տե­­­ղին­­ներս ալ վախ­­ցանք շի­­տակը. Վեր­­ջերս անանկ սոս­­կա­­­լի, անանկ ան­­հա­­­ւատա­­լի մարդկու­­թիւնէ տուրս խա­­յինու­­թիւններ կ՚ըլ­­լան կոր քիմ, ասանկ պան մըն ալ կրնայ ըլ­­լալ տէ­­յիմ ան­­ցաւ միտ­­քերնէս։ Ժո­­ղովուրդին մենծ մա­­սը պէլ­­քիմ կը քա­­շուի էր­­թա­­­լու տէ Զա­­տիկ օրով եկե­­ղեցի­­ները պա­­րապ կը մնան տէ­­յիմ տէրտ ըրած էինք պուտ մը։ Էս ալ մէ­­րախէս, Շա­­բաթ Կի­­րակի տի օր գի­­շեր եկե­­ղեցի պտը­­տեցայ։ Ամէնն ալ լե­­ցուն էին իրաւ քիմ։ Պա­­զի ան­­ձեր «Աս­­տուծոյ տու­­նը էր­­թա­­­լէ՞ն մի պի­­տի վախ­­նամ, Աս­­տուած հա­­ւատա­­ցեալը կը պա­­հէ» կ՚ըսէր կոր ամա տուք ալ աղէկ կի­­տէք քիմ աս խա­­յին­­նե­­­րը «Աս­­տուծոյ տուն» ֆա­­լան չեն ըսեր կե­­նէ ընե­­լիք­­նին կ՚ընեն։ Վախ­­տին հրեանե­­րուն աղօ­­թատե­­ղինե­­րուն էղած­­նե­­­րը մի մոռ­­նաք։ Տուք փառք տուէք քիմ առա­­ջուը­­նէ ասանկ խո­­րաթայ մը էլաւ եւ ամէն տեղ մենծ թէր­­թի­­­պաթ առ­­նուեցաւ տէ պիւ­­թիւն եկե­­ղեցի­­ներուն առ­­ջե­­­ւը օս­­տի­­­կան լե­­ցուն էր։ Ափան­­սըզ ըլ­­լար նէ. «քիմ վուրտու»յի կ՚եր­­թա­­­յիք տէ Աս­­տուած պի­­լէմ որ մէ­­կը պա­­հելի­­քը չէր կիտ­­նար։

Ինչ է նէ. խա­­զասըզ պէ­­լասըզ Զա­­տիկ­­նիս ալ ըրինք լմնցու­­ցինք։ Միշտ կ՚ըսեմ կոր կե­­նէ պի­­տի ըսեմ մարդկու­­թիւնը ան խը­­տար չը­­ղըրէն էլաւ քիմ. ամէն գի­­շեր պար­­կելն իքէն «ինչ է նէ, աս օրն ալ օղջ առողջ բո­­լորե­­ցինք» տէ­­յիմ փառք տալ պէտք է ար­­թըխ։ Օր չանցնիր կոր քիմ աշ­­խարքին մէկ թա­­րաֆէն աղէ­­տի մը փոր­­ձանքի մը լուր չել­­լայ։ Էս աս տո­­ղերը գրելն իքէն Փա­­քիս­­տա­­­նէն պօմ­­պա­­­յի լուր մը տա­­հա էլաւ։ Հէմ ալ լու­­նա­­­փար­­քի մը մէջ պայ­­թե­­­ցու­­ցեր էն, ահա­­գին մախ­­սըմ չօ­­ճոխ մե­­ռեր է։ Ախ խա­­յինու­­թիւնը եւ վիճ­­տանսը­­զու­­թիւնը չափ սահ­­ման չու­­նի ար­­թըխ։ Շի­­տակը, ըսե­­լիք պան չեմ կրնար կոր գտնալ, հալ­­պուքիմ էս Զատ­­կուան հա­­մար ինչ քէֆ­­լի պա­­ներ գրել ծրագ­­րած էի։ Մեղք հիչ մէկ պա­­նի մէ­­տէ չեն ձգեր կոր ար­­թըխ։

Հէլ­­պէթ աս կէշ շրջա­­նը աս պի­­չիմ չշա­­րու­­նա­­­կուիր, ինչ սեւ սեւ շրջան­­ներ ապ­­րած է աս էխ­­տի­­­յար աշ­­խարքը, ամէնն ալ ան­­ցած կա­­ցած էն։ Աս, մարդկու­թեան ճա­կատին մուր ըլ­լա­լիք շրջանն ալ, օր մը չէ օր մը, պատ­մութեան մէջ լէ­քէ մը ձգե­լէն պի­տի վեր­ջա­նայ։ Նա­յինք սօ­նը ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ։ Էս ամէն օր կ՚աղօթեմ կոր, տուք ալ աղօթեցէք։ Աստուած չարը բարիի թող տարձունէ։