PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Սերովբեան կը շնչէ մեր սենեակին մէջ

Սիւնակի նախորդ յօդուածով նշած էինք «Ակօս»ի քսա­նամեակը։ Այս թի­ւով պի­տի խօ­սինք անցնող այդ քսան տա­րինե­րու 19-ին վրայ իր հե­ղինա­կու­թիւնը դրոշ­մած մեծ մտա­ւորա­կանի՝ Սար­գիս Սե­րով­բեանի մա­սին։ Սոյն ամ­սու 28-ին յի­շեցինք իր մա­հուան առա­ջին տա­րելի­ցը։ Պաշ­տօ­նական յի­շատա­կու­մը պի­տի կա­տարուի 9 Ապ­րիլ Շա­բաթ օր ժա­մը 15.00-ին, Անա­րատ Յղու­թիւն շէն­քի «Հա­ւաք» սրա­հին մէջ։ Իսկ յա­ջոր­դող Կի­րակի օր պի­տի այ­ցե­լենք Շիշ­լիի Գե­րեզ­մա­նատու­նը, հո­ղակոյ­տին վրայ աղօթքնե­րով խնկար­կե­լու հա­մար իր բա­րի յի­շատա­կը։

Նշուած 19 տա­րինե­րու վեր­ջին ութնին մենք նոյն սե­նեակին մէջ աշ­խա­տեցանք իրա­րու կպած եր­կու սե­ղան­նե­րու վրայ։ Իրա­կանու­թեան մէջ վեր­ջին տա­րին պէտք է զանձ առ­նել, բայց բա­ւական երե­ւոյթներ կան, որոնք ար­գելք կ՚ըլ­լան նման զան­ցա­ռու­թեան։ Ճիշդ է որ ան յա­ւիտեանս հրա­ժեշտ առաւ մեզ­մէ լման տա­րի մը առաջ։ Թա­փուր մնաց իր սե­ղանը։ Բայց իր ստեղ­ծած աւան­դը, այդ աւան­դով գո­յացած բա­րեկա­մու­թիւննե­րը սրբա­զան ժա­ռան­գի մը նման փո­խան­ցուեցաւ մե­զի՝ իր հետ նոյն սե­նեակին մէջ աշ­խա­տող­նե­րուս, կամ ու­րիշ խօս­քով «Ակօս»ի հա­յերէն բաժ­նի աշ­խա­տակից­նե­րուն։ Մին­չեւ օրս մենք ենք որ խմբագ­րա­տան մէջ կը հիւ­րընկա­լենք նա­խապէս Սար­գիս Սե­րով­բեանին այ­ցե­լու­թեան եկող­նե­րը։ Անոնցմէ ոմանք ար­դէն ծա­նօթ դէմ­քեր են, կը շա­րու­նա­կեն եր­բեմնի բա­րեկա­մու­թիւնը։ Իսկ ոմանք բո­լորո­վին նոր դէմ­քեր։ Բազ­միցս գրած ենք, հե­տեւա­բար մեր ըն­թերցող­ներն ալ որոշ պատ­կե­րացում ու­նին յան­կարծա­կիօրէն խմբագ­րա­տան դու­ռը թա­կելով իր ըն­տա­նիքին մնա­ցոր­դա­ցը փնտռող­նե­րու ոդի­սակա­նի մա­սին։ Եր­բեմն հատ ու կենտ տե­ղեկու­թիւննե­րու յե­նելով կը փոր­ձեն իրենց ան­ցեալը լու­սա­բանել։ Ցա­ւալի երե­ւոյթ է, նախ­քան մեզ դի­մեն, փոր­ձած են իրենց ըն­տա­նիքի աւագ սե­րունդէն տե­ղեկու­թիւն քա­ղել։ Մեր­ժուած են առ­հա­սարակ։ «Այս բա­ներով մի հե­տաքրքրուիր» կամ «Այս հար­ցուցած­ներդ օգուտ մը չու­նի» ըսած են ըն­տա­նիքի մե­ծերը։ Ոմանք աւե­լի յստակ խօ­սած են՝ «թէ քեզ եւ թէ ըն­տա­նիքդ կը վնա­սես» ըսած, զգու­շա­ցու­ցած են։ Եւ այդ մար­դիկ իրենց ան­պա­տաս­խան հար­ցումնե­րով դի­մած են մեզ։ Սար­գիս Սե­րով­բեան տա­րիներ շա­րու­նակ լսեց զի­րենք, առանց իսկ վհա­տելու կամ ձանձրոյ­թի փոքր ազ­դանշան մը պար­զե­լու։ Գզրո­ցէն քար­տէսներ կը հա­նէր տուեալ բնա­կավայ­րի նոր անու­նը կը բաղ­դա­տէր հա­յերէն պատ­մա­կան անու­նին հետ, աղ­բիւրներ կը ճա­րէր, այդ բնօր­րա­նի ան­ցեալի հա­մայ­նա­պատ­կե­րը յստա­կեց­նե­լու հա­մար։ Կը թուար­կէր եկե­ղեցի­ներու կամ դպրոց­նե­րու անուններ, կը փո­խան­ցէր բնակ­չութեան թուային տուեալ­նե­րը ու ապա կը մտմտար թէ այդ նոյն քա­ղաքէն կամ գիւ­ղէն ով­քեր կրնայ ճանչցած ըլ­լալ։

Տա­րի մըն է որ այս բո­լորը կը վի­ճակի մեզ։ Սա­կայն խոս­տո­վանինք ամե­նայն ան­կեղծու­թեամբ, տա­կաւին շատ հե­ռու ենք մեր այ­ցե­լու­նե­րը գո­հաց­նե­լիք պա­տաս­խաններ ճա­րելու խնդրին մէջ։ Ան­դին կը մնայ բա­րեա­ցակամ վե­րաբե­րու­մը, որ նոյնպէս ժա­ռան­գած ենք մեր աւագ եղ­բայրէն, սի­րելի Սար­գիս Սե­րով­բեանէն, «Ակօս»ի «Պա­րոն»էն։ Մենք իրա­ւունք չու­նինք իր նկատ­մամբ ապե­րախտ գտնուելու։ Նոյ­նիսկ մենք մոռ­նանք կամ ու­րա­նանք, թեր­թի հա­յերէն էջե­րու աշ­խա­տասե­նեակին մէջ կեան­քը ընդմիշտ կը պար­տադրէ վեր­յի­շում։ Մի­ջին Արե­ւել­քի Թեք­նիկ Հա­մալ­սա­րանէն դա­սախօս մը կը զան­գա­հարէ եւ կը յու­շէ թէ ան­ցեալ տա­րի այս օր մա­հացած էր Սար­գիս Սե­րով­բեան։ Կրկին բա­րի զգա­ցումներ կը փո­խան­ցէ եւ կ՚ամ­րապնդէ մեր հա­ւատար­մութիւ­նը։ Ապա ու­րիշ դա­սախօս մը այս ան­գամ Քաս­թա­մոնուի Հա­մալ­սա­րանէն։ Դար­ձեալ նոյն կամ նման նա­խադա­սու­թիւննե­րով կը ոգե­կոչենք զինք։

Ու­րախ ենք, Սե­րով­բեան կը շնչէ մեր սե­նեակին մէջ։