1996-ի Զատկի Տօնն էր, երբ «Ակօս» հրատարակեց իր առաջին թիւը։ Բնականաբար Սուրբ Զատիկը օրացոյցի վրայ իր թուականը որքան ալ շեղի, կը խորհրդանշէ «Ակօս»ի տարեդարձը։ Այս տարի 20 ամեակ է։ Պոլսահայ իրողութեան մէջ բազմաթիւ իւրայատկութիւններով եկած է այս թերթը։ Նախ եւ առաջ, եթէ մէկ կողմ թողունք նախահանրապետական շրջանի հայատառ թրքերէն օրինակները, ան Թուրքիոյ մէջ թրքերէնով լոյս տեսնող առաջին հայկական թերթն է։ Որքան ալ սփիւռքի մէջ հանդիպինք տեղական լեզուով լոյս տեսնող հայկական թերթերու, Թուրքիոյ մէջ եւ թրքերէնով աննախադէպ երեւոյթ մըն է այս։ Լոկ այս պատճառաւ է որ շատեր վարանումով դիտեցին նման բնոյթով թերթի մը հրատարակութիւնը։ «Հիմա բոլորը պիտի կրնան հետեւիլ մեր ներքին անցուդարձերուն» նախադասութիւնով կ՚արտայայտէին իրենց մտահոգութիւնը։ Կարելի է ըսել որ այդ մտահոգութիւնը ինքնին արդէն պատճառն էր նման թերթ մը հրատարակելու։ Նախ եւ առաջ պոլսահայ հասարակութեան շատ կարեւոր մէկ հատուածը երկար ատենէ ի վեր դադրած էր հայախօսութենէ։ Անշուշտ որ հայերէն գրաճանաչութիւնը շատ աւելի մեծ թափով նահանջած էր։ Սակայն մայրենիէն հեռացող այս զանգուածը անտարբեր չէր իր ժողովուրդին խնդիրներուն։ Պարզապէս մամուլի միջոցով թափանցելու կարողութիւն չունէր։ Իսկ անդին կային հայ չըլլալով հանդերձ հայոց դիմագրաւած դժուարութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութիւն տածող մտաւորականութեան լայն շերտ մը։ Նոր թերթը տեղեկութիւնը պիտի ապահովէր թէ հայախօսութենէ դադրած հայերուն եւ թէ հայ չըլլալով հանդերձ հայոց մասին տեղեկութիւն պահանջող զանգուածին։ Յաջորդող տարիներուն տեսնուեցաւ որ արդարացած է այս նախադրեալը։ Այսօր «Ակօս»ի ընթերցողներուն մէջ կարեւոր համեմատութիւն կը կազմեն նաեւ ոչ հայերը։ Անոնցմէ մէկ մասը մեր թերթը կը գնահատեն իբրեւ երկրի սակաւաթիւ անկախ մամուլի օրինակներէն մէկը։ Միւս կողմէ թերթը մանաւանդ վերջին տարիներուն համացանցի միջոցաւ ալ կը հասնի ընթերցողներու լայն զանգուածի մը։ Նախապէս միայն թրքերէն եւ արեւմտահայերէն հրատարակուող թերթը, այժմ համացանցի վրայ ունի անգլերէն եւ արեւելահայերէն տարբերակները եւս։ Այս ալ ընթերցողներու շրջանակը կ՚ընդլայնէ եւ պոլսահայութեան ձայնը լսելի կը դարձնէ շատ աւելի մեծ հորիզոնի մը վրայ։
«Ակօս»ի իւրայատկութիւններէն մէկն ալ սփիւռքի աւանդութեան մէջ բացառիկ երեւոյթ մը հանդիսացող ընդդիմադիր դիմագիծն է։ Սփիւռքահայ համայնքներու թերթերը փոքրամասնութիւններու յատուկ հոգեբանութեան մը հետեւանքով ընդհանրապէս իշխանամէտ են։ Անոնք կը խուսափին իրենց գտնուած երկիրներուն քաղաքական վերիվայրումներուն մէջ դիրք մը բռնելէ։ Իսկ «Ակօս», սկիզբը հիմնադիր Հրանդ Տինքի եւ զինք շրջապատող գործընկերներու նախասիրութեան համապատասխան ձախակողմեան թերթ մը եղաւ։ Այսօր կը շարունակուի նոյն աւանդոյթը եւ թերթի էջերը կը մնան պետական ճնշումներու դիմաց ամրոց մը ըլլալ բոլոր տուժողներուն համար։
Ուրախութեամբ նշենք որ «Ակօս» հայկական թերթ մը ըլլալով հանդերձ դարձեալ աննախադէպ կերպով իր էջերը լայն բացաւ Թուրքիոյ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն դիմաց։ Երբեմն միամիտներ, երբեմն ալ չարամիտներ հակաքարոզչութեան բնոյթով մեր թերթը փորձեցին վարկաբեկել քրտական հարցի ձօնուած իր լուրերուն առատութեան պատճառաւ։
Լուսաւոր ջահ մը դարձած է «Ակօս», բոլորած է իր 20 տարիները եւ հրատարակութեան օրուան ոգեւորութեամբ ու ներշնչումով կը շարունակէ իր ուղին։