«Ադամանդ-Լոթուսի Հարուածը» շարժանկարին մէջ ռուս հնաբան մը կը փնտռէ այն առասպելական ադամանդը, որ, ըստ աւանդութեան, միջին դարերուն պահպանուած է Գեղարդի վանքէն ներս։ Հնաբանը եւ իր դուստրը կը ժամանեն Հայաստան, կը սկսին խուզարկումներու։ Անոնք նաեւ կը հիանան Հայաստանի, մանաւանդ Գառնիի հրաշալի բնութեան, ինչպէս նաեւ Գեղարդի վանքին վրայ։ Սակայն, անոնց փնտռտուքը վտանգաւոր գործ է։ Նոյն ադամանդին կ՚ուզէ տիրանալ անօրէններու խումբ մը։ Առասպելախառն պատմութիւնը ունի յաւելեալ մանրամասնութիւններ.
Թիմուրը գրաւեց աշխարհին կէսը, 1386-ին հասաւ Գեղարդ, լսած ըլլալով, թէ անոր ճարտարապետը խորանին վերեւ զետեղած է աննման մէկ ադամանդ։ Օրուան որոշ ժամուն երբ արեւուն լոյսը կ՚իջնէր անոր վրայ, ամբողջ սրահը կը լուսաւորուէր, կը ստեղծուէր լոյսերու եւ գոյներու ապշեցուցիչ պար մը։ Վանականները այնպէս լաւ կը պահեն ադամանդը, որ Թիմուրը չի կրնար զայն գտնել։ Մինչեւ այսօր ալ կը մնայ անգտանելի։
Թիմուր աշխարհակալը իրաւունք ունէր հրապուրուելու. ադամանդը աչքառու փայլ է, շողշողուն, ընտիր, անկրկնելի գեղեցկութիւն։ Ան յաւերժութիւն է նաեւ, երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող ամենամաքուր եւ անարատ թանկարժէք քարը։ Հզօրներ, մեծահարուստներ, գեղեցկուհիներ ուզեր են տիրանալ անոր։ Ադամանդը, -նաեւ՝ ակ, շողակ, ալմաստ եւ վարդէնիկ-, փայլ տուած է մեր լեզուին. ադամանդաբեր, ադամանդագործ, ադամանդակուռ, ադամանդեայ, ադամանդաշող, ադամանդեղէն։ Շատեր թող հաւատան, թէ Գեղարդի ադամանդը տաճարի մէջ պահուած է, բուն «ադամանդ»ը՝ բառին իսկական իմաստը գտնելու համար պէտք է ճամբորդել 360 քմ. եւս արեւելք, Դարբանտ հին եւ հռչակաւոր ամրոց քաղաքը, ուր Կովկասեան լեռնաբազուկը երեք քիլոմեթր կը մօտենայ Կասպից Ծովուն, եւ ուր Մեծն Աղեքսանդրը կառուցած էր առասպելական Ադամանդ Պարիսպը՝ հարաւի խաղաղ երկիրները հիւսիսի անկարգ աւերիչներէն, անոնց կողոպուտէն եւ թալանէն պաշտպանելու համար։ Եւ մեծն ռազմավարի շինած պարիսպը արժանաբար կոչուած էր «Ադամանդ», ո՛չ թէ այն պատճառով, որ փայլուն էր կամ շողշողուն, բայց աննուաճելի էր, անկոտրելի եւ անյաղթահարելի։ Պատմութիւնը նաեւ կը վկայէ, թէ պարսպի երկաթ դռնէն, 80 թուականին, յաղթական անցեր է հայոց թագաւոր Արտաշէս Ա-ը, 285-ին՝ Մեծն Խոսրովը, իսկ 325 թուականին՝ Մեծն Տրդատը, որ բոլոր լեռնականները յաղթելով, արգիլեր է անոնց այն դռնէն հարաւային կողմ անցնիլ։
«Ադամանդ» բառը յունարէն է, բունը «ադամաս»։ Լատիներէն adamas, իսկ այլ լեզուներու մէջ՝ diamant, diamante, diamantar, dijamant, dimants, deimantas, diamaant, diament, diamond, diamanti։ Կու գայ «ադամաստոս, կամ՝ ադամոս» ածականէն, որ կը նշանակէ անզուսպ, չկարգուած։ Կազմուած է «ա» նախադաս ժխտական մասնիկով եւ «դամազօ» արմատով։ Վերջինը կը նշանակէ ընտելացնել, սմքեցնել, նուաճել, հեզացնել, սանձել։ Մինչեւ Միջնադար բոլոր կարծր քարերը եւ մետաղները կը կոչուէին «ադամանդ»։ «Ադամանդ» կը կոչուէր նաեւ պողպատը եւ ինչպէս պատմութիւնը կը յիշէ՝ Դարբանտի պարիսպները, որոնք անանցելի էին թափառական ցեղախումբերու համար։ Մինչ այդ, «Դարբանտ» բառը պարսկերէն է եւ կը նշանակէ «Փակ՝ Կղպուած Դարպաս»։
Վերադառնալով շարժանկարին։ Վտանգաւոր փնտռտուքը դրական արդիւնք կու տայ։ Պահուած գանձը կը գտնուի հնաբանի մօտիկ ընկեր՝ Հայաստանի սիրուած դերասան եւ «քարաթէ» ռազմական արուեստի վարպետ Գոռ Վարդանեանի օգնութեամբ։ Գոռը նաեւ պատժած է բոլոր անօրէնները, իր ոտքի եւ ձեռքի աններող հարուածներով։ Սակայն, գտնուածը ո՛չ թէ ադամանդն է, այլ՝ մանրանկարներով զարդարուած մագաղաթեայ աւետարան մը։ Հնաբանը եւ Գոռը կը համբուրեն աւետարանը ու զայն կը յանձնեն վանահօր։ Ռուս հիւրը կը խօսի վերջաբանը. «Այս վանքը անկործանելի է, անկոտրելի եւ աննուաճելի։ Ան դիմացեր է ութը դաժան դարերու եւ անհամար անգութ, անագորոյն ասպատակութիւններու։ Համոզուած եմ Գոռ. այս տաճարն էր առասպելական ադամանդը»։