ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԼԱՆՋՆ ՈՒ ԹՈՔԸ

Հիւր բժիշկը դասարան կը մտնէ։ Ու բոլոր աշակերտնե­րը կը սկսին յոտնկայս ար­տա­սանել Մի­սաք Մե­ծարեն­ցի «Սի­րերգ»ը։

- Աշա­կերտներ, եր­կու շա­բաթ վեր­լուծե­ցինք այս գե­ղեցիկ բա­նաս­տեղծու­թեան բո­լոր գրա­կան պատ­կերնե­րը, ներ­թա­փան­ցե­ցինք բա­նաս­տեղծին նե­րաշ­խարհին, հո­գեկան ապ­րումնե­րուն՝ ծա­նօթա­ցած ըլ­լա­լով անոր առող­ջա­կան անել վի­ճակին։ Իսկ այ­սօր բժշկի մը աչ­քով կրկին պի­տի դի­տէք բո­լորը ու աւե­լի մօ­տէն պի­տի ծա­նօթա­նաք այդ անո­ղոք հի­ւան­դութեան, որ կը կո­չուի «թո­քախտ»։ Հի­մա ականջ տանք պա­րոն Պա­լեանի դա­սախօ­սու­թեան։

- Շնոր­հա­կալ եմ ձեր հրա­ւէրին եւ ան­շուշտ՝ այս գե­ղեցիկ եւ յու­զիչ ար­տա­սանու­թեան հա­մար։ Յի­շեցի աշա­կեր­տութեան օրերս։ Աշա­կերտներ, «թո­քախտ»ի մա­սին նախ պէտք է գիտ­նալ, թէ ան առանձնա­պէս թո­քերու հի­ւան­դութիւն չէ եւ միայն լան­ջէն ներս չէ՛ որ կը տես­նենք զայն։ Անոր կը հան­դի­պինք ու­ղե­ղի մէջ, ող­նա­յարի վրայ...

Հիւր դա­սախօ­սը պա­տանի­ներուն հասկնա­լի բժշկա­կան լե­զուով կը սկսի պատ­մել հի­ւան­դութեան պատ­մութիւ­նը, տե­սակ­նե­րը, ախ­տանշան­նե­րը, ախ­տա­ճանաչ­ման ձե­ւերը, տա­րած­ման մի­ջոց­նե­րը, զայն հա­րու­ցող ման­րէն, ար­դիական դե­ղամի­ջոց­նե­րը... Աշա­կերտնե­րը կէտ առ կէտ, սղա­գիր կ՛ըն­դօ­րինա­կեն այդ գի­տելիք­նե­րը։ Իսկ երբ դա­սախօ­սու­թիւնը կը վեր­ջա­նայ ու բո­լորը կը սկսին շա­րադ­րութիւն մը գրել՝ «Մե­ծարեն­ցը Բժշկի Աչ­քով», յար­գե­լի հիւ­րին հետ ժա­մանակ կ՚ու­նե­նանք բժշկա-ստու­գա­բանա­կան զրոյց՝ լան­ջե­րու եւ թո­քերու մա­սին։

- Պա­րոն Պա­լեան, «լանջ» ար­մա­տը բնիկ հայ­կա­կան է։ Մեր ստու­գա­բան­նե­րը զայն կը հա­մեմա­տեն անգլիացի­ներու lung՝ եւ անոնց դրա­ցի ազ­գե­րու lunga, lungen, lungun, longhe, lunge բա­ռերուն հետ, որոնք բուն կը նշա­նակեն «թե­թեւ»։

- Զար­մա­նալի չէ. թո­քը, ինչ որ լանջքի մէջն է, մարմնի ամե­նաթե­թեւ մասն է։ Թո­քը ջու­րի վրայ կը ծփայ, բայց սիր­տը, լեար­դը եւ այլ գոր­ծա­րան­նե­րը՝ ո՛չ։

- Աւե­լին, Պա­րոն Պա­լեան, այս բա­ռերուն ծա­գու­մը նա­խա-հնդեւ­րո­պական է, կու գան legwh- ար­մա­տէն, որ կը նշա­նակէ թե­թեւ, արագ, աշ­խոյժ։ Ուստի, «լանջ» նշա­նակող գեր­մա­նական, շուետա­կան, հոլ­լանտա­կան եւ գո­թական բա­ռերը ու­նին «թե­թեւ» իմաս­տը ու­նե­ցող ար­մատներ. lätt, licht, light, leicht, leihts. ան մեր լե­զուին տուած է նոր շունչ՝ պատ­կե­րալից բա­ռեր. լան­ջա­գեղ, լան­ջա­բաց, լան­ջազգեստ, լան­ջա­խաչ, լան­ջա­կից, լան­ջոսկր, լան­ջա­կողմ, լան­ջա­պահ, լան­ջա­պան, լան­ջա­պանակ, լան­ջա­նոց, քա­ջալանջ։

- Եւ՝ լայ­նա­լանջ։ Դար­ձեալ ման­կութեան օրե­րէս կը յի­շեմ Թու­մա­նեանի «Փար­ւա­նա»ն։ Ար­քան իր աղջկան կը քո­վէր Կով­կա­սի աս­պետնե­րը, որոնք հա­ւաքուած էին պա­լատին բա­կը, մրցե­լու եւ չքնաղ իշ­խա­նու­հիին սի­րոյն տի­րանա­լու հա­մար. «Նա­յի՜ր, դստրի՜կ, իշ­խա­նազուն / Էս քա­ջերին լայ­նա­լանջ / Այժմ պի­տի հան­դէս դուրս գան / Պայ­քար մըտ­նեն քո առաջ»։

- Պա­րոն Պա­լեան, «լանջ»ը, շունչի այդ ըն­դունա­րանը, ներշնչում է տուեր մեր երե­ւակա­յու­թեան ու փո­խաբե­րական իմաս­տով դար­ձեր է «լե­րան կող»։ Ըստ ստու­գա­բան Աճա­ռեանի, ու­նե­ցեր ենք բա­նաս­տեղծա­խառն բա­ռեր. Ար­ցա­խի մէջ՝ լան­ջի­վայր, Շու­լա­ւերի մէջ՝ լանջվայր, Ղա­զախի մէջ՝ լանջնու­դուրս, լանջնու­վայր։ Իսկ Շի­րակի դաշ­տե­րուն մէջ «լան­ջիկ-լան­ջիկ», կամ՝ «լան­ջիկ-ման­ջիկ» ար­տա­յայ­տութիւննե­րը կը նշա­նակեն կա­մացուկ, կա­տուի քայ­լե­րով։ Իսկ «թոք»ը մեր հին մա­տենագ­րութեան մէջ նշա­նակեր է «սպունգ», մէ­ջը փուշփուշ ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով։

- Այդ գոր­ծա­րանը կրնայ սնա­մէջ եղած ըլ­լալ, սա­կայն իմաս­տա­լից են անոր շնոր­հած բա­ռերը. թո­քախտ, թո­քացաւ, թո­քատուն, թո­քախ­տա­ւոր, թո­քախ­տա­բոյժ, թո­քաբորբ, թո­քալիր, թո­քակէս, թո­քաչափ, լիաթոք։

- Մոկք գա­ւառի մէջ «թո­քալ» նշա­նակեր է հա­զալ, իսկ Վա­նի մէջ «թոն­քալ»՝ հե­ւալ։ Ու­նե­ցեր ենք նաեւ «թո­քին տալ» ար­տա­յայ­տութիւ­նը՝ վա­զելէն հե­ւալ։

Աշա­կերտնե­րը մէկ շունչով վեր­ջա­ցու­ցեր են շա­րադ­րութիւննե­րը։ Զան­գա­կէն առաջ հարց-պա­տաս­խա­նի ժա­մանակ կ՚ու­նե­նանք։

- Պա­րոն Պա­լեան, կը հարցնէ Նա­նօրը, Հա­յաս­տա­նի մէջ թո­քախտ կա՞յ։

- Նա­նօր, բո­լոր եր­կիրնե­րու մէջ կայ թո­քախտ, յատ­կա­պէս թեր­զարգա­ցած եր­կիրնե­րու մէջ։ Մար­դիկ կրնան ու­նե­նալ թո­քախ­տի ման­րէն, սա­կայն, ան յա­ճախ «թաք­նուած», կամ «նիր­հող» վի­ճակի մէջ կ՚ըլ­լայ, ո՛չ՝ գոր­ծօն։ Դուն վախ­նա­լու պէտք չու­նիս։ Իսկ Հա­յաս­տա­նի մէջ, այո, կայ թո­քախտ։ Վեր­ջին տա­րինե­րուն հան­րա­պետու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րուած է 1300-1500 դէպք։ Բայց դուք, հան­գիստ շունչ առէք, որով­հե­տեւ հի­ւան­դութիւննե­րու դէմ ամե­նազօ­րաւոր զէն­քը գի­տակ­ցութիւնն է եւ ներշնչուեցէ՛ք բժշկութեան յառաջացումէն։