PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Ներման արժանանալ

10 Հոկտեմբեր 2015, 22 Փետրուար 2016 թուականներու ահաբեկչական յարձակումներէն ետք սոյն տարուայ 13 Մարտին մայրաքաղաք Անգարա երրորդ անգամ թիրախը դարձաւ վայրագ ոճիրի մը։ Քաղաքի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ, մահապարտներ օդը հանեցին ինքնաշարժ մը, որու հետեւանքով զոհուեցան 37 «անմեղ» քաղաքացիներ։ Շուրջ 130 վիրաւորեալներէն 19 կը մնան մահուան սպառնալիքի տակ։

Ուշադիր ընթերցողը նկատած է չակերտի մէջ առնուած անմեղ բառը։ Յիշելով այս սիւնակի նախորդ յօդուածը, պիտի կրկնեմ այն պնդումը, թէ երկրին ներկայ պայմաններուն մէջ բոլորիս ուսերուն բեռնուած է ծանր մեղքի մը բաժինը։ Քաջ գիտնալով հանդերձ թէ իբրեւ անհատ ոչ մէկս մեղաւոր ենք, բայց որպէս տուեալ տարեթիւերու ապրողներ, բոլորս պատասխանատու ենք գործուած չարիքէն։ Ապագայի սերունդները մեզ պիտի դատեն լոկ այս վայրագութեան պայմաններուն մէջ չէզոք մնալու մեղադրանքով։ Փորձուած իրողութիւն է այս։ Յիշենք իւրաքանչիւր հայու յիշողութեան մէջ 1915-ի ցեղասպանութեան թողած տպաւորութիւնը։ Ամբողջ ազգ մը կոտորուեցաւ եւ երկրին վրայ ապրողները շարունակեցին իրենց սովորական կեանքը։ Դեռ չենք խօսիր այդ սպանդի պատճառաւ նոյնիսկ աւելի լաւ կեանք մը ապրողներուն մասին։ 1938-ին հարազատ ընտանիքի մեծամասնութիւնը կորսնցուցած, մնացածներով ալ գաղթի դատապարտուած տէրսիմցին ի՞նչ աչքով պիտի նայի իր հարազատ երկրին, նոյնիսկ սեփական տանը մէջ իրմէ ետք կեանքը շարունակողներուն։ Կամ ողջակիզման ճամբարներուն մէջ ցեղասպանութեան մատնուած հրեան ինչո՞վ պիտի զանազանէ մեղաւոր ու անմեղ գերմանացիները։ Բարեբախտաբար գերմանացին Բ. Պատերազմի աւարտին ծնկաչոք եղաւ եւ մեծաւ մասամբ գտաւ իր մեղքերուն հետ առերեսուելու միջոցը։ Անշուշտ որ համամարդկային բարեբախտութիւն է Գերմանիոյ խայտարակ պարտութիւնը։ Աստուած մի արասցէ, եթէ յանկարծ պատերազմը աւարտէր գազանին յաղթանակով, մենք այսօր յաճախ կը լսէինք «հրեաները թշնամիին հետ գործակցեցան, մենք ալ հայրենիքը պաշտպանելու համար զիրենք չէզոքացուցինք» ծանօթ երգի գերմաներէն տարբերակը։

Շնորհիւ «քաղաքակիրթ» արեւմտեան երկիրներու, աւելի քան հարիւր տարի է որ Թուրքիոյ մղած պատերազմները կ՚աւարտին գազանի յաղթանակով։ Այդ յաղթանակը ոչ մէկ օգուտ կ՚ապահովէ երկրի խաղաղ բնակիչներուն։ Անոնք մարդկութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան հետ կը կիսեն նոյն կամ նման ճակատագիրը։ Կեանք կը մաշեցնեն բուռ մը հացի համար։

Անգարայի ահաբեկչական յարձակումի զոհերը այդ ջախջախիչ մեծամասնութեան կը պատկանին։ Բառին բուն իմաստով խաղաղ բնակիչներ են։ Դէպքէն երկու օր ետք թերթեր կը հրատարակեն անոնցմէ իւրաքանչիւրին անհատական պատմութիւնը։ Հազիւ այդ պահուն կ՚անդրադառնանք թէ խօսքը պարզ թուանշանի մը մասին չէ, այլ իր գործով, խօսքով, յոյսերով եւ երազանքներով մարդու մը մասին։ Մարդ՝ որ այսօր կենդանի չէ մեր բոլորին, նոյնիսկ ուրիշ երկիրներու բնակիչներուս բացթողումներուն պատճառաւ։

Անոնք այսպէս անխնայ զոհուելով հատուցեցին իրենց մեղքը։ Մենք՝ որ կը շարունակենք շնչել, հիմա մի քիչ եւս աւելցած է մեր մեղքերու բեռը։ Յաւելեալ 37 պահանջատէր կայ մեր դիմաց։

Անոնք միացան հայոց բիւրաւոր նահատակներուն։ Սէյֆոյի, Թէրթէլէյի անմեղներուն, Ռոպոսքիի զոհերուն, Սօմայի հանքափորներուն, «Կէզի»ի սպաննուած ցուցարարներուն, Շաբաթնօրեայ Մայրերուն, Պէրքին Էլվանի մօր, Հրանդ Տինքի եւ Թահիր Էլչիի այրիներուն հետ հաշիւ կը պահանջեն։ Մեր անմեղութիւնը կախեալ է իրենց ներողամտութենէն։