- Այսքան տպաւորիչ ու մանրամասնութիւններով հարուստ փորագրութիւն չէի տեսած։
- Իսկ ձեր շինած շրջանակին մէջ անիկա աւելի ներկայանալի կը դառնայ։ Շնորհակալութիւն շրջափայտի եւ թուղթի ձեր ճաշակաւոր ընտրութեան համար։
- Հաճոյք էր ինծի համար, պարոն ստուգաբանութիւն, մանաւանդ որ անիկա հայկական, հնատիպ գործ մըն էր։ Միշտ չէ, որ մեր խանութը այս տեսակ գործեր կու գան։ Ի՞նչ առիթով տպուած է...
Պերճը հին քաղաքի ամենահին արհեստաւորներէն մէկն է. նկարներ կը շրջանակէ։ Անոր արհեստանոցը կէ՛ս պատկերասրահի մը փայլը ունի եւ կէս՝ ատաղձագործարանի մը փոշին։ Հարցումը, որուն պատասխանն էր «Թիֆլիսի Ներսիսեան Ճեմարանի 50 ամեայ յոբելեանը», կը ստեղծէ «յոբելեան» բառի եւ այդ գեղապատկերի բարեմասնութիւններու շուրջ զրոյց։
- «Յոբելեան» բառը այժմ կը նշանակէ կեանքի կարեւոր հանգրուանի յիշատակութիւն, հանդէս։
- Եւ անշուշտ կը սիրենք մեծ շուքով տօնել մեր սիրած հեղինակներու, ուսուցիչներու, դպրոցներու, թերթերու գործունէոթեան քսանամեայ, քառասնամեայ «յոբելեանեները։
- Բայց, Պերճ, «յոբելեան» բառի ստուգաբանութիւնը կը թելադրէ, թէ անոնք ուրախառիթ տարեդարձեր են միայն. «յոբելեան» կոչուելու համար պէտք է... խոյի եղջիւր։ Պատմութիւնը այն է, թէ հին եբրայեցիները հանդէսներու ժամանակ կը հնչեցնէին խոյի եղջիւրի փող։ Բուն «յոբելեան»ը «թողութեան տարի» էր, այն «եօթն անգամ եօթներորդ» տարին, երբ բոլոր գերիները եւ բանտարկեալները ազատ կ՛արձակուէին, պարտքերը չեղեալ կը նկատուէին եւ արտերու մշակումին դադար կը տրուէր։ Եւ քաւութեան այդ յիսնամեակը ազդարարելու համար, ինչպէս ըսինք, կը հնչեցնէին շեփոր, խոյի եղջիւրէն շինուած յատուկ շեփոր, որ կը կոչուէր «yovel»։ Անոր սուր ձայնը, ըստ երեւոյթին, հասած է մինչեւ հեռաւոր երկիրներ եւ բառը դարձած է միջզագային. հին յունարէն՝ իոբիլոս, լատիներէն jubilaeus, ֆրանսերէն jubilé, գերմաներէն jubeljahr, jobeljahr, իտալերէն giubileo ռումաներէն եւ փորթուկալերէն՝ jubileu, սպանիոյ մէջ՝ jubilee եւ chubileu։
- Ուրեմն, Ներսիսեանը տօներ է իր բուն յոբելեանը։
- Չեմ կարծեր անոնք շեփորներ հնչեցուցած ըլլան։ Այդ հաստատութիւնը պէտք չունէր շռնդալից ըլլալու։ Ներսիսեանը արեւելահայ դպրոցներու ամենանշանաւորն էր եւ բացառիկ դեր ունեցաւ կովկասահայ կեանքին մէջ։ Պերճ, միայն լսէ՛ անոր աշակերտական հունձքը. գրողներ Խաչատուր Աբովեան, Պերճ Պռոշեան, Ստեփաննոս Նազարեանց, Ղազարոս Աղայեան, Յովհաննէս Թումանեան, Դերենիկ Դէմիրճեան, ճարտարապետ Կարօ Հալապեան, նկարիչ-արձանագործ Երուանդ Քոչար, խորհրդային պետական եւ քաղաքական գործիչ Անաստաս Միկոյեան, թատերագիր Գաբրիէլ Սունդուկեան, պատմաբան, գրականագէտ Նիկոլ Աղբալեան, ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեան, զօրավար Հայկ Բժշկեան...
- Նկարին կեդրոնը ձուաձեւ լուսանկարը՞...
- Հիմնադիրն է, Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոսը, «Պաշտպան Հայրենեաց»ը, ազգային-ազատագրական շարժման մեծագոյն գործիչներէն՝ որուն անունով յիշուած էր այդ վարժարանը։ Լուսանկարին ձախ եւ աջ կողմը երկու նկարներ են. Լիճ եւ անտառ սրբոյ Էջմիածնի։ Վարի մասը դպրոցի շէնքի շինութեան տեսարանն է։ Բոլորը տեղադրուած են բազմաճիւղ ծառի մը պատկերին վրայ, եզերուած են մարգարիտներով եւ մետաքսեայ ժապաւէններով։ Վերջաւորութեան կաթողիկոսի նշանն է եւ տիտղոսը՝ ֆրանսերէն. Nerses V Patriarche de tous les Armeniens։ Նոյնը նաեւ ռուսերէն։ Հետաքրքրական է վերնագիրը. «Ի յիշատակ յիսուն տարուայ գոյութեան Ներսիսեան Հայոց Ազգային Հոգեւոր Դպրոցին Տփխիսւոյ»։
- Ո՞ր թուականին բացուած էր դպրոցը։
- 1824-ին. գոցուած է 1924-ին։ Պատկերը տպուած է 1874 թուականին։ Կաթողիկոսի նկարին վրայ Աստուածաշունչ բռնած թեւաւոր երկու մանկադէմ հրեշտակներ են, բաց է Յովհաննէսի աւետարանի Ե. գլուխը, ուր գրուած է. «Որոց զբարիս գործեալ իցէ՝ ի յարութիւն կենաց. եւ որոց զչար արարեալ՝ ի յարութիւն դատաստանացե։
- Այսինքն, բարեգործերը պիտի ազատուին կապանքներէն եւ յարութիւն պիտի առնեն ապրելու համար։
- Ինչպէս անոնք, որոնք դպրոց բացած են եւ երկու «յոբելեան» ծառայած են ազգին։
Շրջանակը ծրարուած է։ Կը պատրաստուիմ վճարելու.
- Պարոն ստուգաբանութիւն, Ներսիսեանի հիմնադրութեան չորրորդ յոբելեանը կը մօտենայ, չեղեալ նկատենք բոլոր պարտքերը։ Ասիկա իմ նուէրս է։ Նոր յոբելեաններու յոյսով։
- Շնորհակալութիւն. նոր յոբելեաններու յոյսով։
Թիֆլիսի Ներսիսեան ճեմարանը