PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Աստուծմէ գտնենք

Թոշակառու սպայ մըն էր, երբ զինք ճանչցայ։ Թուրք էր եւ սիրահարուած հայուհիի մը։ Պաշտամունքի համազօր սէր մըն էր, որ չէր ընդհատուած սիրած կնոջ մահով իսկ։ Շարունակած էր այս անգամ կնոջ յիշատակը պաշտելով։ Կապը պահած էր անոր ընտանեկան շրջանակներուն հետ։ Կը ցաւէր թէ այդ սէրը անպտուղ մնացած է։ Զաւակ մը, մօրը յիշատակը (ինչու չէ՞ նաեւ իր յիշատակը) շարունակող մը չէր ունեցած։ Թերթի մէջ կարդալով ելեքտրական հոսանքի մատնուելով մահացած ու ետին երկու որբեր թողած բանուորի մը լուրը, դիմած էր այդ որբերէն մէկը որդեգրելու համար։

Երկու օր է որ մտքիս մէջ կը տողանցէ։ Օրուան զանազան պահերուն կը մտաբերեմ զինք։ Ամէն ինչ սկսաւ երկու օր առաջ, հեռուստացոյցի հաղորդումով։ Մարտի 8-ի՝ համաշխարհային Կանանց Օրուայ առթիւ պատրաստուած հաղորդում մըն էր։ Յայտագրի մասնակիցներն ալ բնականաբար կանայք էին եւ կը խօսէին օրուայ անցուդարձերու շուրջ։ Կը պատմէին Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններու մէջ կիներու եւ երախաներու առուծախի մասին։ Անոնցմէ մին կը հրապարակէր սակագինն ալ՝ 500 Ամերիկեան տոլար։ Այս է երիտասարդ կնոջ մը արժէքը այդ վայրերուն մէջ։ Մարդիկ երկրի տարբեր տեղերէն կու գան եւ դրամը վճարելով կին մը կը գնեն ու կը տանին իրենց հետ։ Կեանք մը կը գնեն պարզապէս։ Գնորդը, որ գրպանը 500 տոլար պատրաստած է, ունի իրեն ներկայացուածներէն ընտրութիւն ընելու իրաւունքը։ Իսկ այն որ վաճառքի հանուած է իր ծնողներուն կամ եղբայրներուն կողմէ, զուրկ է գնորդը ընտրելու իրաւունքէն։ Ան պիտի յօժարի զինք ցանկացողին եւ հլու հնազանդ պիտի հետեւի դէպի իր ապագայ կեանքը։ Ինչի պիտի նմանի այդ կեանքը։ Պիտի կենակցի հօրը, թերեւս ալ մեծ հօրը տարիքով մարդու մը։ Անոր երկրորդ, երրորդ կամ մի գուցէ չորրորդ կինը պիտի դառնայ։ Թշնամական վերաբերում պիտի տեսնէ իրեն նախորդող կիներէն։ Պիտի ծննդաբերէ եւ որոշ ժամանակ անց իրմէ ծնածներն ալ, մանաւանդ արու զաւակները պիտի նախատեն զինք։

Այս բոլորը լսելով կը տարուիմ նոյն վայրերուն, նոյն քաղաքներուն մէջ հարիւր տարի առաջ պատահածները յիշելու։ Այս բոլորը ցեղասպանութեան տարիներուն ապրեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդը։ Այսօր որ կը պատմուին այդ զարհուրելի դէպքերը, ապացոյցն են նաեւ յառաջիկային կատարուելիքներուն։ Նոյնիսկ կրնանք ենթադրել, որ այսօր իբրեւ մահմետական արաբ այս փորձանքին մատնուողներու նախնիները հարիւր տարի առաջ իրենք գնորդի դերին էին եւ կը յափշտակէին սովամահ ըլլալու շէմին գտնուող հայ պարմանուհիները։ Վերեւ յիշուածներով փորձուեցաւ հայ ժողովուրդն ալ։ Եւ աւելին, տարիներ անց այդ արիւնարբու գազանները յայտնուեցան փրկարարի դերով։ Վաղն ալ նոյնը պիտի պատահի։ Այսօր 500 տոլարով կեանք գնողները վաղը պիտի հպարտանան կեանք փրկած ըլլալու պնդումով։ Որն է փրկութիւնը, անապատի մէջ սովամահ ըլլա՞լ, թէ ոչ ամբողջ կեանքի մը տեւողութեամբ աղախին մնալ։

Վերադառնանք մեր ծանօթ թոշակառու սպային։ Անոր որդեգրած աղջնակը նախընտրեց անապատի մէջ սովամահ ըլլալու վարկածը։ Բարոյական հայրը միշտ պախարակեց զինք ապերախտութեամբ։ Բայց ան յաջողեցաւ իր նախասիրութիւններուն հետեւելու։

Յիշենք որ այս բոլորը պատահեցան «քաղաքակիրթ» Եւրոպայի կարգադրութեամբ եւ Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթարի Էմիրաթութեան նման բարբարոս պետութիւններու համատեղ ջանքերով։

Մարդկութեան դէմ գործուած այս յանցագործութեան մէջ բոլորս բաժին ունինք։ Չէ որ այս բոլորը կը պատահին մեր ժամանակներուն։

Աստուած թողութիւն շնորհէ բոլորիս, կամ ալ բոլորս միասին արժանանանք Սուրիոյ ժողովուրդին, եւ տանջուող բոլոր ժողովուրդներու անէծքին։