ԼՈՒՑԻՔԱ ՏՈՒՏՈՒ

Լուցիքա Տուտու

Չափազանցութիւնը փորձանք կը պերէ

Ծե­զի պօ­յու­նա ատ «ֆէյսպուք» ըսուած պա­նը էդ խը­տար մի չա­փազան­ցէք կ՚ըսեմ կոր անանկ չէ՞։ Ամա պօ­շու­նա. Լու­ցի­քան ո՞վ մտիկ կ՚ընէ։ Մէկ թա­րաֆէն ան­ցած տար­ձա­ծէն պա­կաս չմնաք տէ­յիմ պա­տըռ­տուելն իքէն, անոր ըսած­նե՞րը մի միտք պի­տի պա­հէք։ Ազգ ըլ­լա­լով տէ­տի խօ­տուի եւ իշ­կիւզա­րու­թեան հա­կում ու­նինք զա­թը, ասոր վրան չա­փազան­ցե­լու վար­ժութիւ­նը աւել­ցուցէք եւ ատ «ին­թէրնէթ»ի պա­ներով էղա­ծը չե­ղածը օր­թա­լըխ թա­փեցէք։ Փոր­ձանք չըլ­լար տէ ի՞նչ կ՚ըլ­լայ։

Քա­նի ան­գամ ըսի քիմ. տու­ներնուդ ամէն քէօշէ­յին պատ­կերնե­րը մի տնէք, կա­ցած տե­ղեր­նիդ սէլ­ֆի­ներ քա­շելով «մենք չի­տեմ որ տեղն էնք» մի ըսէք տէ­յիմ։ Գո­հարե­ղէն­նե­րը թախ­միշ թա­խըշ­տըրմիշ կ՚ընէք, տու­ներնուդ մէ­ջի խըյ­մաթ­լը պա­­ները ֆաշ կ՚ընէք, ազ­­գա­­­կան­­ներնիդ իլան կ՚ընէք, ան­­կէ ալ աս կո­­ղերը ծե­­զի ին­­տոր կը գտնան տէ­­յիմ շա­­շըր­­միշ կ՚ընէք։ Թա­­քիփ կ՚ընեն կոր թա­­քիփ, ամէն պա­­ներ­­նիդ կը սոր­­վին կոր։

Հա­­նի ատ թէ­­լէֆօն­­լու կո­­ղու­­թիւննե­­րը կա՞ն եա, պա­­զինե­­րը փօ­­լիս տէ­­յիմ կը վախ­­ցունեն, պա­­զիներն ալ պան­­քա­­­յէն փնտռել կը ձե­­ւացու­­նեն կոր։ Եա փա­­րաներ թօփ­­տան կ՚առ­­նեն եա տա քռէ­­տիի քար­­թե­­­րուն թի­­ւը ըսել կու տան կոր։ Անանկ պա­­ներ կ՚ըսեն կոր էղեր քիմ ով ըլ­­լայ նէ կը հա­­ւատայ, մէ­­սէլա մօ­­րը աղ­­ջիկնու­­թեան մա­­կանու­­նը։ Ուրկէ՞ կը գտնան կոր. ատ «ֆէյսպուք»ի պէս «ին­­թէրնէթ»ի պա­­ներէն մօ­­րեղ­­բօր կամ քու­­զէ­­­նի մա­­կանու­­նէն շըփ տէ­­յիմ կը հա­­նեն կոր էղեր։

Մէյ մըն ալ հոն­­տե­­­ղի ամէն պա­­նը իլ­­լէ փայ­­լաշմիշ ընե­­լու մե­­րախ մը կայ։ Ասոր վրան, տե­­սածը կամ իմա­­ցածը էն առաջ եայ­­միշ ընե­­լու իշ­­կիւզա­­րու­­թիւնն ալ աւել­­ցուցէք, էտե­­ւէն ըլ­­լա­­­լիք­­նե­­­րը երե­­ւակա­­յեցէք։ Նա­­յեցէք, ան­­ցածնե­­րը թամ աս ըսած­­նե­­­րուս օրի­­նակ ըլ­­լա­­­լիք պան մը էղաւ. ան պատ­­մեմ ծե­­զի։

Մար­­դու մը օթօ կը զար­­նէ կոր, հի­­ւան­­տա­­­նոց կը տա­­նին կոր։ Խեղ­­ճը զօր զար «աման մարս չի­­մանայ, սիր­­տի հի­­ւանտ է քուրս կան­­չե­­­ցէք» կ՚ըսէ կոր։ Ճէպ թէ­­լէֆօ­­նէն քու­­րը կը գտնան կոր, կը վա­­զէ կու գայ կոր։ Ճիշտ ան սը­­րան, ըն­­կե­­­րու­­հի մը իլաճ գրել տա­­լու կա­­ցեր է եղէր, «աճիլ»ը էղած­­նե­­­րը կը տես­­նայ, տես­­տէք ըլ­­լա­­­լու աղջկան քո­­վը կը կե­­նայ կոր։ Մար­­դը ամէ­­լիյա­­թի սը­­րան կը մեռ­­նի կոր։ Աղ­­ջի­­­կը լա­­լէն, մէյ մըն ալ մօ­­րը ին­­տոր ըսե­­լիքը մտա­ծելն իքէն, ատ ըն­կե­րու­հի ըսուածը մա­րիֆէ­թի պէս աճե­լէ «ֆէյսպուք»ը կը գրէ կոր։ Տու­նը, պա­նէ խա­պար չու­նե­ցող մօ­րը, մէկ դրա­ցին կը տես­նայ եւ հէ­մէն տու­ռը զար­նե­լով կնի­կին «կլոխդ օղջ ըլ­լայ» կ՚ըսէ կոր։ Կնիկն ալ էն­կի պէն­կի կու գայ, շախ տէ­յիմ կ՚իյ­նայ կը մեռ­նի կոր։ Աս խըտար։