ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ի ՍԿԶԲԱՆԷ ԷՐ... ԵԶԸ

Բազմաբոյր է Եզ­նի­կը. քիչ մը հող, քիչ մը ախոռ, քիչ մը թրիք, քիչ մը քրտինք։ Նի­հարա­կազմ է ան եւ ոսկրոտ, ու­նի բրդոտ կուրծք։ Կը խօ­սի յոգ­նա­կի. Աշ­խա­տում ենք... Դա­դար ենք տա­լիս... Ու­տում ենք...։ Նկա­տի ու­նի իր եզը, որ խո­շոր աչ­քե­րով մեզ կը դի­տէ ու լուռ կը սպա­սէ գոր­ծի վե­րադառ­նա­լու։

- Եզս եւ ես։ Մին­չեւ մայ­րա­մուտ աշ­խա­տում ենք։ Արեւն է մեր ժա­մացոյ­ցը։ Երբ յոգ­նած լի­նենք, մի­ջօրէին, էս ծա­ռի ներ­քեւ նստում, հաց ենք ու­տում։

Եւ այդպէս ըրած է հո­ղագործ Եզ­նի­կը։ Ար­տը արե­ւել­քէն արեւ­մուտք, դար­ձեալ արե­ւելք եւ դար­ձեալ արեւ­մուտք հեր­կե­լէն ետք, դաշ­տի ծայ­րին, մէ­կու­սի ծա­ռի շու­քին նստած, բա­ցած է մեծ­կակ թաշ­կի­նակը, որուն մէջ կայ սոխ, կա­նաչի եւ լա­ւաշ հաց, ու ախոր­ժա­կով կ՚ընթրէ։

Վա­յոց Ձո­րի մէջ ենք, Ել­փին գիւ­ղի մօ­տակայ­քը, Երե­ւանէն Արե­նի եր­կա­րող Մ-2 միջ­պե­տական աւ­տո­ճանա­պար­հի եզ­րին։

- Էս եզան տէ­րը չեմ ես. լծա­կից­ներ ենք, հա­ցի ըն­կերներ։ Գի­տեմ նրա ցա­ւը, յոգ­նութիւ­նը։ Ինքն ալ ինձ լաւ է ճանա­չում։ Չի գան­գա­տում, տքնա­ջան աշ­խա­տում ա։ Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, եզ­նով ա մեր կեան­քը կա­րելի, մեր բա­րի հա­ցը, օճա­խը...

- Իրա­ւունք ու­նիս Եզ­նիկ։ Եւ կա­րելի է ըսել. «Ի սկզբա­նէ էր... եզն», ստու­գա­բանա­կանօ­րէն։ Տե՛ս, արա­մերէ­նի, ասո­րերէ­նի արա­բերէ­նի եբ­րա­յերէ­նի այ­բուբեն­նե­րը, մեր այ­բուբե­նը, յոյ­նե­րուն, պար­սիկնե­րուն, լա­տին­նե­րուն այ­բուբեն­նե­րը կը սկսին «Ա»ով. ալփ, այբ, ալիֆ, ալաբ, ալաֆ, օլաֆ, ալ­ֆա։ Բո­լորին ար­մա­տը փիւ­նի­կեան «ալէֆ» բառն է, որ կը նշա­նակէ «եզն»։ Ան ար­տա­յայ­տուած է այսպէս մէկ նշա­նով։ Այդ նկա­րը եզան գլուխ է իրա­կանու­թեան մէջ, որ դար­ձեր է բո­լորին «Ա» տա­ռը։

- Իրա­պէս, «դար­ձեր» է։ Գլու­խը վեր՝ մեր «Ա» տառն ա, գլու­խը վայր՝ լա­տինա­կանը, յու­նա­կանը։

- Աւե­լին, Եզ­նիկ, հին աշ­խարհի մէջ, յոյ­նե­րու մօտ, տո­ղերուն ուղղու­թիւնը, դաշ­տի մէջ քու կա­տարած գոր­ծիդ պատ­կե­րին նմա­նողու­թեամբ որո­շուեր է։ Յու­նա­կան ամե­նահին վի­մագիր ար­ձա­նագ­րութիւննե­րը եր­կկող­մա­նի են. առա­ջին տո­ղը ձա­խէն աջ, երկրոր­դը՝ աջէն ձախ, եր­րորդը դար­ձեալ ձա­խէն աջ, չոր­րորդը՝ աջէն ձախ, եւ այդպէս շա­րու­նակ։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս դուն կը հեր­կես հո­ղը, արե­ւել­քէն արեւ­մուտք, դարձ մը, ապա՝ արեւ­մուտքէն արե­ւելք։ Մենք չու­նե­ցանք այդ գրե­լաձե­ւը, քա­նի որ, մեր գի­րերու գիւ­տի ժա­մանակ ար­դէն ազ­գե­րը որո­շած էին ո՛ր մէկ ուղղու­թեամբ գրել. արեւմտեան աշ­խարհը, -յոյ­նե­րը, լա­տին­նե­րը, նաեւ եթով­պա­ցինե­րը՝ ձա­խէն աջ, արե­ւել­քի ժո­ղովուրդնե­րը՝ ասո­րինե­րը, հրեանե­րը, արաբ­նե­րը՝ աջէն ձախ։ Իսկ հե­տաքրքրա­կանը եւ բուն դժուարը այն է, որ գրա­գիր­նե­րը մար­մա­րը փո­րագ­րած ժա­մանակ տո­ղէ տող տա­ռերուն ուղղու­թիւնն ալ կը շրջէին։ Այս գրե­լաձե­ւը յոյ­նե­րը կո­չեր են «բուստրո­ֆեդոն»։ Այդպէս է անուանուած ի պա­տիւ... եզան։ «Բուս» եզ, «ստրե­ֆօ» դառ­նալ, շրջիլ, «ստրո­ֆի», դարձ։ Ուստի, «բուստրո­ֆեդոն» բա­ռի հա­մար, ի պա­տիւ այդ գրե­լաձե­ւի 2.500 ամեակին, ի պա­տիւ մեր գի­րերու 1.600 ամեակին, եւ ի պա­տիւ քու տո­կուն, չար­քաշ եզան, ստեղ­ծենք հա­յերէն նոր բառ, պատ­ճե­նում մը՝ նմա­նու­թեամբ յու­նա­րէն օրի­նակին. «Եզ­նա­դարձ»։

- Հեշ­տա­լուր է. եզ­նա­դարձ։

- Իսկ «եզն» բա­ռը զուտ հայ­կա­կան է ու հարստա­ցու­ցեր է նաեւ մեր լե­զուն. եզ­նա­նոց, եզ­նա­լուծ, եզ­նա­խոյ, եզ­նող։

- Իմ Եզ­նիկ անու­նը։

- Եւ, աւե­լի նոր բա­ռեր. եզան­ճակտիկ, եզ­նաշռիկ, եզըն­կալ, եզ­նա­գին, եզ­նաչք, եզ­նա­սայլ, եզ­նա­վար, եզ­նե­ղէն, եզ­նա­րած, եզ­նա­ցու, եզ­նա­քար։ Վա­նեցին այս ազ­նիւ անա­սու­նը կո­չեր է «յեզ», Գո­րիսի, Ար­ցա­խի մշակ­նե­րը «յէզ­նը», համ­շենցին «յիզ», մոկքցին «իզ»։

- Հայ մշա­կը մի քիչ բա­նաս­տեղծ չի՞. մենք նրան տուել ենք փա­ղաք­շա­կան անուններ. ջան, ծա­ղիկ, ախ­պեր, նախ­շուն, սի­րուն...

Եզ­նիկն ու եզը հրա­ժեշտ կու տան իրենց ետին ձգե­լով ազ­նիւ մե­ղեդի մը. «Հո արա եզօ ճան, ախ­պեր ճան, թոլ արա եզօ, ճան ախ­պեր, դեհ, սի­րուն ել, ել՜, ել՜ ել՜, դեհ ծա­ղիկ ել՜ ել՜ ել՜ ել՜, դեհ նախ­շուն ել՜ ել՜ ել՜ ել՜»։